Հինգշաբթի, 1 մայիս 2025ին, Համազգային-Քեպէգի «Սանահին» մասնաճիւղը դասախօսական երեկոյ մը կազմակերպած էր, եւ հրաւիրած՝ հայրենի երիտասարդ միտքերէն՝ Դաւիթ Մոսինեանը։ Հովուական յանձնառութիւնով մը չէի կրցած ներկայ ըլլալ ձեռնարկին։ Պրն. Մոսինեան ազնուութիւնը ունեցած էր ինծի նուիրելու իր Նիկողոս Սարաֆեան. Ի Խոյզ Կորուսեալ Միջավայրի մենագրութիւնը, լոյս տեսած Երեւան, 2023ին։ Իր մենագրութեան հետ, նաեւ տուած Ջորջօ Ագամբէնի Ժամանակը Որ Կը Մնայ/Թուղթ Առ Հռոմայեցիսի Պարզաբանում Մը հատորը, որ թարգմանուած եւ վերլուծուած է Մարկ Նշանեանէ, եւ լոյս տեսած Երեւան, 2024: Երկու գիրքերն ալ շնորհակալութեամբ եւ ուրախութեամբ ստացայ՝ ձեռամբ պրն. Րաֆֆի Աճէմեանի։
Այս գրախօսականը պիտի յատկացնեմ Նիկողոս Սարաֆեան. Ի Խոյզ Կորուսեալ Միջավայրի մենագրութեան։ Իսկ Նշանեանի թարգմանական վաստակին մասին միայն այս ըսեմ, թէ ան՝ միս-մինակը հաստատութեան մը գործը կը կատարէ՝ ժամանակակից արեւմտեան մտածողութեան կարեւոր գործեր փոխադրելով հայ լեզուի փորձառութեան, ինչպէս նաեւ՝ միաժամանակ հայ լեզուն փոխադրելով (պիտի ըսէի՝ օտար լեզուով կ’անդրակերպէ) այլ լեզուներու փորձառութեան, ծրագրաւոր ընթացումով մը։
Արդ, Մոսինեանի գիրքը Նիկողոս Սարաֆեանի «բանաստեղծական միտք»ին նուիրուած փորձ մըն է։ Ինչպէս ենթատիտղոսը կ’ըսէ, փորձ մը՝ վասն Սարաֆեանի «կորուսեալ միջավայր»ի խոյզին վերլուծման եւ մեկնաբանման։ Սարաֆեան փիլիսոփայ մը չէր, այլ առաւելաբար բանաստեղծ մը (անոր գրիչէն կան արձակ, փորձագրութիւն, հրապարակախօսութիւն եւայլն, «բայց քիչ թէ շատ յայտնի է իբրեւ բանաստեղծ» — Մոսինեան), որ, ինչպէս վերլուծողը գրած է, իր մտածումը հետեւողականօրէն եւ տրամախոհական սկզբունքներով կառուցելու հետամուտ չէր եղած, այլ փնտռած էր «օդանցքներ բացելու ուղիներ», որպէսզի կարենար «իր գոյութեան էական յատկութիւնը՝ ազատութիւնը պահպանել»։ Նշեմ, թէ որպէս բանաստեղծ՝ ան գիտէր, որ բանաստեղծութիւնը փիլիսոփայութիւն չէ, ուստի՝ մտածելու իր արարքը նախընտրած էր անուանել «խորհիլ», որ, ըստ իրեն, իմացականութեան, գիտակցութեան եւ խղճմտանքի գործունէութիւն է (Խոստովանութիւնը Գրականութեան Մէջ)։ Բանաստեղծը, ըստ Սարաֆեանի, «կը ձերբազատէ ինքզինք ուղեղին շատ ճշգրիտ, բայց նաեւ շատ յարաբերական, վաղանցիկ հաստատումներէն, դատողութիւններէն, որ գործ չունին մանաւանդ բանաստեղծութեան մէջ» (նոյն)։
Գիրքը կը բացուի «Երկու Խօսք»ով, ուր կ’ըսուի, թէ մենագրութեան «հիմնական շարադրանքը հայաստանեան ուղղագրութեամբ է, բայց Սփիւռքի հեղինակների անունները եւ նրանցից մէջբերումները կատարուած են բնագրային ուղղագրութեամբ, ինչը եւս մէկ անգամ ընդգծում է երկու մշակոյթների տարբերութիւնը, որ անհրաժեշտ է հաշուի առնել երկխօսութիւն իրականացնելիս»։ Արդարեւ, երկու տարբեր մշակութային երեւոյթներ են սփիւռքեան եւ հայաստանեան մշակոյթները։ Եւ այս տարբերութիւնը պատմութեան մէջ շատ հեռուները կ’երթայ, շատ հեռուները՝ քան հայաստանեան ուղղագրութեան փոփոխութիւնը (1922), եւ ապա՝ «բարեփոխութիւն»ը (1940)։ Յիրաւի, երկխօսութիւնը ստիպողութիւն մըն է, մանաւանդ որ՝ հայութեան երկու հատուածները «մէկ ժողովուրդ» կը դաւանինք։ Եւ երկխօսութիւնը չի կրնար անտեսել, որ «դասական գրելաձեւը կամ ուղղագրութիւնը (…) ունի անվիճելի, կենսական մէկ առաւելութիւն. հայերէնի արմատներուն հետ, գրաբարի գրելաձեւին հետ կապի անխաթար, գրեթէ անփոփոխ պահպանումը, բառերու ստուգաբանական հետեւումի ապահովումը» (Յարութիւն Քիւրքճեան)։
Բովանդակութեան ցանկը։ Նախ՝ Մուտք, ապա՝ 9 գլուխներ. 1) Մտածումի Մենակութիւնը. Նախերգանք. 2) Հայրենի Ճամբաներ. 3) Հայելու Մէջ Ուրիշի. 4) Սփիւռքի Ենթահողը. Նախամիջավայր. 5) Լինել Սփիւռք. 6) Կամուրջ Ափերի Միջեւ. 7) Պայծառացումներ Անտառում. 8) Խոստովանութիւններ. 9) Մշուշի Անցորդը։ Յետ գլուխներուն, կարճ բացատրական մը՝ «Իբրեւ Վերջաբան», յաւելուած մը՝ Սարաֆեանէ երկու գրութեամբ («Հացը», «Անհետացած Տան Առջեւ»), եւ ծանօթագրութիւններ։
Մուտքը Սարաֆեանի մտքին մօտենալու, զայն վերլուծելու եւ մեկնաբանելու մեթոտաբանութիւն մը կը ներկայացնէ։ Մոսինեանի համար, մօտեցման հիմնատարրը ըլլալու է ո՛չ թէ հեղինակի մը հետ հարազատութեան զգացումը, որ «յղի է վտանգով», որովհետեւ կրնայ ծաւալել մօտեցողին տպաւորութիւնները, եւ խեղաթիւրել հեղինակին «պատկեր»ը։ Անհրաժեշտ է զգուշութիւն, որ հեղինակին ուրիշութիւնը «ստուերում չմնայ»։ Եւ անցնիլ անոր ճանապարհը ու անոր հիմնարար մտահոգութիւններն ու գաղափարները համասփռել ժամանակի ու տարածութեան մէջ։
«Բանաստեղծաբար կեանքը նորոգած մտածող» Սարաֆեանին մօտենալու համար՝ Մոսինեան առաջադրած է «նրա վրայ փիլիսոփայական ու գեղարուեստական ազդեցութիւնների վերհանում, հիմնարար մտահոգութիւնների կլանող նախամիջավայրի ուրուագծում, ստեղծագործական միջավայրի բացակայութեան արձանագրում եւ դա ստեղծելու ճիգերի ամրագրում, Սփիւռքը կայացնող մտածումների կարգաբերում, եւ ի վերջոյ՝ Հայաստանի ու հայկականութեան գիտակցման ու իմաստաւորման ներկայացում»։
Մոսինեան բանաստեղծին մտածման հիմնատարրը, ուղին եւ հորիզոնը մեկնաբանած է։ Հիմնատարրն է Սարաֆեանի հետեւեալ խօսքը. «ամեն բանէ առաջ, պէտք է որ ես՝ ես ըլլամ»։ Ի՞նչ կը նշանակէ ասիկա։ Մարդու մը մտածումները առհասարակ կը կազմուին «շնորհիւ դուրսէն եկած մտածումներուն»։ Այն մտածումները կը կազմեն «ես»ի ընկալում մը, որ «թոյլ չի տալիս տեսնել» իրականութիւնը, ինչպէս նաեւ սեփական ապրումները։ Ուրեմն, «նախ եւ առաջ հարկաւոր է մտածել սովորել, որպէսզի հնարաւոր լինի շրջանցել ընդհանուր մտածողութեան պարտադրանքները» բացատրած է Մոսինեան։ Կը մտածէ ան, որ կը յաջողի սեփական ենթակայութիւնը գտնել։
Ինչպէ՞ս կարելի է գտնել սեփական ենթակայութիւնը։ Կարեւոր անցումով մը, Մոսինեան գրած է. «Ինչպէս ֆրանսահայ գրագէտների վրայ, եւ ոչ միայն նրանց, մեծ ազդեցութիւն թողած (Մարսել) Պրուստն էր նկատում՝ արուեստում չկան նախորդներ, որովհետեւ իւրաքանչիւր անհատ նորովի է անցնում ճանապարհը, եւ ուրեմն՝ ոչ ոք առաջ չի գնացել Հոմերոսից»։ Ֆրանսացի վիպագրին ընթերցող մըն էր Սարաֆեան, եւ անոր կորուսեալ ժամանակի խոյզը՝ իւրացուած էր իր կողմէ։ Փրուստեան խոյզը՝ յիշելու գործունէութիւն մըն էր, միաժամանակ՝ խորհելու։ Լոկ յիշողութեամբ՝ «առնուած պաշարին տակն է ուղեղը, ճզմուած, անոր մէջ անհետացած։ Չենք տեսներ խելքին միջամտութիւնը։ Ու խորհելու կարողութեան այդ պակասովը՝ զարգացումը, ինչպէս ապրիլը, կը վերածուին նպառավաճառի խանութի մը», գրած էր Սարաֆեան (Յիշե՞լ Թէ Խորհիլ)։ Անհրաժեշտ է յիշողութիւնը զտել, եւ զտուած յիշողութիւնն է, որ կը ներկայացնէ արժէք մը, սեփականութիւն մը։ Խորհողը յիշողութիւնը զտողն է, եւ զայն զտելով է՝ որ ան իր անձնականութիւնը, գիտակցութիւնը եւ ինքնակատարելագործումը կ’իրականացնէ (նոյն)։ Ան որ այս ճանապարհը չի կրնար անցնիլ՝ չի կրնար ըլլալ իր եսը կամ իր ենթակայութիւնը (Մոսինեան «ենթակայութիւն» եզրին անմիջապէս կցած է Հայաստանեան եզրը՝ «սուբյեկտայնութիւն»ը, որովհետեւ «ենթակայութիւն»ը դեռ չունի կցեալին նշանակութիւնը)։ Այս ճանապարհը ներհայեցողական է, որ միշտ ներկայի հետ գործ ունի» (Մոսինեան)։ Նոյնիսկ երբ յիշողութիւնը կ’օգտագործէ՝ անոր չ’ենթարկուիր, այլ զայն կը ծառայեցնէ իր յանդգնութեան՝ սեփական ենթակայութեան հասնելու։ Այս ճանապարհորդութիւնը չի ձգտիր անձին մէջ փակուելու։ Մոսինեան գրած է. «մտածումի գլխաւոր մարտահրաւէրը ուրիշին դիմագրաւելն է ու հասկանալն է, որից յետոյ՝ դրա հետ համակեցութեան պայմաններ ստեղծելը»։ Արդ, սեփական ենթակայութեան հասնիլը՝ նոյն ատեն հասնիլ է ուրիշին, անոր փորձառութենէն սորվելով, օգտուելով։ Այսպէս է, որ կը տարածուի «ինքնաստեղծ միջավայր»ը՝ իբրեւ «ինքնականգնման եւ օտարութեան մէջ ինքնութիւնը արթուն պահելու իւրօրինակ կոթող» (Մոսինեան)։
Սարաֆեանի ձգտումը «առաւելագոյն ինքնութեան մը հասնելու»՝ իր աւանդութիւնը ունի մեր գրականութեան մէջ։ Մոսինեան այն աւանդութեան առաջին դէմք ներկայացուցած է Եղիա Տէմիրճիպաշեանը, ապա յաջորդաբար՝ Ինտրան, Վահան Թէքէեանը, եւ Յակոբ Օշականը, որուն առիթով միայն՝ տիտղոս դրած է «Ուսուցիչը, Հայրը»։ Աւանդութիւնը՝ հայրութիւն մըն է։ Ուստի՝ Սարաֆեանի ինքնացման հայրերն են նաեւ Եղիան, Ինտրան եւ Թէքէեանը։ Իւրաքանչիւրին հայրութիւնը՝ ճամբայ մըն է։
Գիտենք, որ Սարաֆեան Եղիայի եւ Ինտրայի հակասութիւններուն մէջ տեսած է արտաքին եւ չիւրացուած ազդեցութիւններ։ Գրած է, թէ այն ազդեցութիւնները անոնց մէջ «զանազան անձեր»ու ներկայութիւններն են։ Այն հակասութիւնները հետաքրքրութեամբ ընդունելի չեն, որովհետեւ «ներքին երկար պեղումէ մը» չեն, պտուղները չեն «լայնածաւալ եւ իւրացուած զարգացումի մը» (Վահան Թէքէեան)։ Այսուհանդերձ, Եղիայի եւ Ինտրայի մէջ ճանչցած է անկեղծութիւնը, որ «կը բանայ հոգիին բոլոր ծալքերը»։ Եւ այն անկեղծութիւնը չակերտեալ «տխմարութիւն» մը կամ «խենթութիւն» մըն է։ Անոնք «իրական խենթեր»ն են, եւ այս պատճառով ալ «դուրս կը մնան մեր գրականութեան լուսանցքէն»։ Մոսինեան սոյն խենթութեան մասին հետեւեալ մեկնաբանութիւնը կատարած է. «Խենթութիւնն է, որ ազատագրում է արտաքին իրականութեան բռնութիւնից, եւ տարածք բացում ինքնաբաւ ստեղծագործութեան համար։ Բայց խենթն է նաեւ, որի պարագայում յորդաբուխ խոստովանութիւնը դառնում է անվերահսկելի, իսկ դրսի աշխարհի հետ կապը՝ թելից կախուած»։ Սարաֆեան անկեղծութիւնը կարեւորելով հանդերձ՝ յորդաբուխ եւ անվերահսկելի խոստովանութիւնը մերժող մըն էր։ «Դրսի աշխարհի հետ կապը» անկարեւոր չէր իրեն համար։ Որեւէ խոստովանութիւն պէտք չէ յանձնուի ներաշխարհին մէջ ընկղմումին այնքան՝ որ արտաքին իրականութենէն խզուի։ Եղիա եւ Ինտրա, ըստ Մոսինեանի բացատրութեան, Սարաֆեանի համար ճամբաներ էին «ենթակայական մտքի ծնունդ»ին։ Մինչ անոնք «դուրս կը մնան մեր գրականութեան լուսանցքէն»՝ Վահան Թէքէեան մեր գրականութեան մէջն է։ Թէքէեան Եղիայի եւ Ինտրայի տեսակէն չէր։ Անոնց հետ դասելիութիւնը՝ իր անկեղծութիւնն էր, իր ներհայեցողութիւնը էր, իր մեկուսացումն էր, իր ինքնամփոփումն էր, իր անձնականութիւնն էր, իր «ներքին ողբերգութեամբ» ստեղծելը։
Յ. Օշակա՞ն։ Սարաֆեան գրած էր. «Ինքնատպութիւն էր իր ուզածը, ինչպէս եւ խորութիւն եւ խենթութիւն թօթափելու համար ներքին ու արտաքին տափակութիւնները»։ Նաեւ՝ անոր «տուածը կը գլէ կ’անցնի պզտիկ ժողովուրդի մը սահմանները»։ Այլեւ՝ անտէր էր «ահարկու եւ անսպառ տաղանդ»ի։ Այս հաստատումները բաւարար են հասկնալու՝ անոր վաստակին գրեթէ անմատչելիութիւնը, մեր գրականութեան «լուսանցք»էն դուրս գտնուիլը։ Ան եղաւ այն հեղինակութիւնը, որ «ճարտարապետեց ինքզինք», եւ աւանդեց ճարտարապետել ինքզինք, եւ չյանձնուիլ կռապաշտութեան, այլ մերժել բոլոր կուռքերը։ «Կորուսեալ միջավայր»ի Սարաֆեանական խոյզը՝ ինքնաճարտարապետութիւն մըն էր, որ կը մերժէ կուռքեր ունենալ։ Հայրերն անգամ պէտք չէ կուռքերու վերածուին։ Հայրերէն անդին անցնիլ է պէտք, եւ Սարաֆեան անցաւ հայրերէն անդին։ Անցաւ՝ որպէսզի կարենար Սփիւռքը մտածել, որովհետեւ կարելի չէր ըստ հայրերուն մտածել զայն։ Եւ իր մտածմամբ՝ «օտարութեան մէջ ինքնացմամբ լինելը» հնարաւոր դարձուց (Մոսինեան), պիտի ըսէի՝ «ինքնացմամբ լինել»ու հնարաւորութիւնը յայտնեց։ Ինքնացումը՝ օտարութեան համարկմամբ կ’ըլլայ։ Օտարութեան համարկումը, ուրեմն, կ’ենթադրէ զայն քննադատաբար դիմաւորել եւ ընդունիլ կամ իւրացնել անոր այն տարրերը, որոնք զինք ի վիճակի կը դարձնեն հաղորդակից ըլլալու այժմեանին, եւ կը ծառայեն սեփական «ողբերգութիւն»ը պատմելու:
Ի՞նչ է այս «ողբերգութիւն»ը։
Այն՝ որ 1915ով խորհրդանշուեցաւ, եւ կոչուեցաւ «աղէտ», «եղեռն» ու այլ անուններով։ Այն՝ որ քրէաբանական լեզուով՝ «ցեղասպանութիւն» կոչուեցաւ։ Այն՝ որ Գրիգոր Պըլտեանի եւ Մարկ Նշանեանի հետ դարձեալ «աղէտ» կոչուեցաւ, բայց իբրեւ մտածողական եզր մը։ Մոսինեան եզրին տուած է բացատրութիւն մը, որ գրեթէ Նշանեանական եզրին բովանդակութիւնն է։ Գրած է, թէ աղէտը «իրադարձութիւն չէ, ոչ ալ իրադարձութիւնների համախումբ»։ Նաեւ թէ՝ անիկա «դէպի խորք գնացող իրողութիւն է, հաւաքականութեան չգոյացումն է, վկայի իսկ ոչնչացումն է, եւ հետեւաբար՝ անպատմելի։ Աղէտի հիմնարար առանձնայատկութիւնն այն է, որ բոլոր կորուստներին զուգահեռ՝ վերցնում է նաեւ մարդկանց լինելու փաստ, նրանք դեռ պիտի ապացուցեն իրենց՝ որպէս այդպիսին լինելու իրողութիւնը։ Աղէտը ապագայի համար յատուկ անուն է, որովհետեւ այն կատարուել է անցեալում, բայց դեռ չի հասել մեզ»։ Աղէտը «դեռ հասկացման կարիք ունի», եւ «ո՛չ պատմաբանների սեփականութիւնն է, ո՛չ էլ իրաւագէտների»։ Եթէ պատմաբաններուն եւ իրաւագէտներուն «սեփականութիւն»ը չէ, ապա՝ որո՞նցն է։ «Միմիայն վերապրողների»։ Սակայն անոնք ալ՝ տակաւին պէտք է հասկնան իրենց վերապրածը։ Այս է վիճակը՝ ուրկէ «կամայ թէ ակամայ սերում են Սարաֆեանի կենսաշխարհն ու ստեղծագործութիւնը»։ Թէեւ Սարաֆեանի գրուածքներուն մէջ Եղեռնեան «ողբերգութիւն»ին պատմումը կամ նկարագրումը չկայ, բայց կայ անոր «կսկծաբեր հետք»ին շօշափումը։ Շօշափումը՝ զայն զանցելու ցանկութեամբ եւ արարումով։ Զանցելու ինչպէ՞ս։ Գեղագիտացնելով եւ վսեմացնելով ողբերգական անցեալը, տարագրութիւնն ու օտարութիւնը։
Սարաֆեանի համար՝ Սփիւռքը ինքնութիւն կայացնելու վայրն է. անիկա տագնապի վայր է։ Այն տագնապին գեղագիտացումը եւ վսեմացումը՝ ցնորականին յանձնուիլ մը չէ, որովհետեւ պայման ունի «ողջ ուժը ներդնել»ու ուրիշի մշակոյթին իւրացման։ Այն իւրացումը՝ ստանձնում է օտարութեան, եւ ստանձնումը կը կոփէ ոգին, եւ անկէ «շարունակ առաւել միտք» կը պահանջէ (Մոսինեան)։ Այն պահանջքը «արթուն է պահում ինքնութիւնը», քանի որ «ինքնութիւնը մտածւում է կորստի տագնապի ժամանակ»։ Որպէս բանաստեղծականօրէն մտածող կամ խորհող՝ Սարաֆեան ջանացած է յղանալ եւ արարել «ներաշխարհային միջավայրը, որ կ’ապրեցնի» (Մոսինեան)։
Ինչո՞ւ Սփիւռքեան ինքնամփոփումը։ Որովհետեւ Սարաֆեանի օրերուն՝ Հայաստանը ժխտանկար մըն էր։ Այսօ՞ր։ Դարձեալ «Սարաֆեանի երազած Հայաստանը չէ՝ առնուազն այն պատճառով, որ դրան չի յաջողուել Սփիւռքը կրել իր մէջ» (Մոսինեան)։
Այն օրերուն, Հայաստանը ազատ ապրելու հնարաւորութեան երկիրը չէր, ուստի՝ ազատօրէն ստեղծագործելու երկիրն ալ չէր։ Ժխտանկարին առջեւ՝ Սարաֆեանի, ինչպէս այլոց կը մնար «ստեղծել հոգեկան հայրենիք մը», կարենալ մտածելու համար հայու պէս։ «Սարաֆեան մինչեւ վերջ մտքում պահել է օշականեան պատգամը, որ հայոց հայրենիքը ոսկորների ընդունարան չէ, այլ ինքդ լինելու, ինքդ քեզ իրագործելու միջավայր», գրած է Մոսինեան։
«Հոգեկան» կամ «հոգեւոր» միջավայրին մեծ փոխաբերութիւն մըն է Սարաֆեանի «Վենսէնի Անտառ»ը։ Այն միջավայրը «որակական իրողութիւն» մըն է։ Այնտեղ կարելի է շարժիլ փոխակերպուելու զօրութեամբ։ Այնտեղ կը բիւրեղանայ ինքնութեան զգացողութիւնը, մտածողութիւնը, զգացմունքն ու ստեղծագործելու կամեցողութիւնը։ Այս ըսուածները կը նշանակեն, թէ միջավայրը շարժուն եւ փոփոխական իրականութիւն մըն է։ «Սարաֆեանը շարունակ քայլում (է)՝ իր անցած ճանապարհը դարձնելով լինելու միջավայր», գրած է Մոսինեան։ Միջավայրը ճանապարհի փորձառութեան արուեստաւոր ընդգրկում է։
Կորուսեալ միջավայրի խոյզը՝ միշտ միջավայրեր արարած է, եւ աւանդած՝ որ ինքնութեան համար միջավայրեր արարուին յար։
ՎԵՐՋԱԲԱՆ
Մենագրութիւնը Սփիւռքի եւ Հայաստանի միջեւ մերձեցումի մը յոյսը կը սնուցանէ։ Յոյս մը՝ որուն համար ընդարձակ պրպտում եւ տքնաջան աշխատանք մը կատարած է Մոսինեան։ Ան փիլիսոփայական իր մօտեցումով՝ Սարաֆեանական ներհայեցողութեան խորքերը, կամ ենթադրեալ խորքերը ձգտած է յայտնաբերել կամ մեկնաբանել։ Կը կարծեմ, որ մերթ ընդ մերթ քիչ մը շատ անդինները երթալով։ «Ինք փիլիսոփայ է, ի՞նչ ընէր», կարելի է ըսել։
Կը յիշեմ. օր մը օփերայի ճամբան անցած ոմն, երբ աշխուժութեամբ կը խօսէինք Սայաթ Նովայի մասին, ըսաւ որ անկէ երգ մը գեղգեղեմ։ Երգեցի։ Եւ ըսաւ. «Շարականի պէս երգեցիր»։ Է՜հ, շարականներուն ունկնդրութեան եւ երգեցողութեան մէջ աճած ճաշակը՝ ամեն ինչ կը շարականացնէ։
Գրիչը դալար Դաւիթ Մոսինեանի։





