ԳԵՐՄԱՆ ԱՒԱԳԵԱՆ

     Վաւերագրող լուսանկարիչ Գերման Աւագեան իր սկզբնական կրթութիւնը ստացած է Գերմանիոյ եւ Պելոռուսիոյ մէջ։ 1980-1985 Հայաստանի մէջ յաճախած է Բազմարուեստեան հիմնարկ, Power Engineering բաժանմունք։ 1996-ին եւ 1999-ին Երեւանի մէջ հետեւած է Magnum եւ Magnum Photo Journalism աշխատանոցներու, որոնք կը կրեն Նիւ Եորքի «Open Society Institute»-ի հովանաւորութիւնը։
     Իբրեւ ազատ լուսանկարիչ սկսած է գործել 1988 թուականին՝ համագործակցելով հայկական եւ օտար տարբեր կազմակերպութիւններու հետ, ինչպէս՝ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամ, ԵՈՒՆԻՍԷՖ, «Սի. Էն. Էն.», Եու. Էն. Տի. Փի., Համաշխարհային դրամատուն, «Medical Mission News» (Նիւ Եորք), Heinrich Boll Foundation (Թուրքիա), ՕՏCE (Վրաստան) եւայլն։

  • 2002-էն մինչեւ 2017 դասախօսութիւններ տուած է Հայաստանի մէջ եւ անկէ դուրս, ինչպէս նաեւ վարած է լուսանկարչական տարբեր աշխատանոցներ։ Ստորեւ՝ քանի մը հատը։
  • 2011-ին հիւր դասախօս էր Hallmark Institute of Photography-ի մէջ, Միացեալ Նահանգներ։
  • 2008-ին լուսանկարիչներու աշխատանոցի առաջնորդ եղած է Թիֆլիսի մէջ։
  • 2006-ին հիւր դասախօս էր World Press Photo Photojournalism դասընթացքին հետեւողներուն՝ Caucasus Media Institute-ի մէջ։ Նոյն տարին Տաւուշ մարզի Բերդ շրջանին մէջ մանուկներու յատուկ աշխատանոց գլխաւորած է։
  • ԵՈՒՆԻՍԷՖ– ի կողմէ հովանաւորուած “Lethal Toys” ծրագիրով շուրջ 30 ճամբորդական լուսանկարներու ցուցահանդէսներ ունեցած է, ինչպէս նաեւ հանդիպումներ՝ սահմանամերձ շրջաններու մանուկներուն հետ։

     Տիրացած է բազմաթիւ մրցանակներու.

  • 2008 Country Coordination Commission on HIV/AIDS, Tuberculosis and Malaria Issues in the RA. Honorable mention “The Advocate of the HIV/AIDS Issue”
  • 2005 Երեւանի մամլոյ ակումբ – տարեկան մրցանակ
  • 2005 Media Diversity Institute. Յատուկ մրցանակ՝ ընկերային լուսանկարչութեան
  • 2002 Hasselblad Foundation, Շուէտ
  • 2002 Fifty Crows Foundation for Documentary Photography, Սան Ֆրանսիսքօ
  • 2001 Versus Studio / OSI Soros Foundation
  • 2000 UNHCR Grant in support of the project, «Light at the End of the Tunnel»
  • 1995 UNICEF, Armenia, Տարուան լաւագոյն լուսանկարիչը
  • 1987 USSR Union-Wide Photograhhy, Պրոնզ մետալ, Մոսկուա

      Տուած է բազմաթիւ ցուցահանդէսներ

  • 1986 – Միութենական ցուցահանդէս, Մոսկուա
  • 1990 – Անհատական ցուցահանդէս, Երեւան
  • 1992 – «Ղարաբաղ 92», Երեւանի պատմութեան թանգարան
  • 1994 – «Ծանօթ դէմքերու քաղաքը», անհատական, Երեւան
  • 1995 – «Վաղուայ տունը», ԵՈՒՆԻՍԷՖ, Երեւան
  • 1996 – Հայկական արուեստի ցուցադրութիւն, Գերմանիա
  • 1997 – «ՏՕՏ-ի կանչ բանականութեան թագւաւորութենէն անդին», անհատական, Երեւան, 1999-ին՝ Գանատա
  • 1999 – ԵՈՒՆԵՍՔՕ, «Մի՛ անտեսէք երէցները», Երեւան
  • 1999 – «Չյայտարարուած պատերազմի ուղիներով». Ղարաբաղի տագնապը
  • 2000 – «Լոյսը փապուղիի աւարտին», ԵՈՒՆԻՍԷՖ, ՄԱԿ-ի գլխաւոր գրասենեակ, Երեւան
  • 2000 – Համաշխարհային դրամատուն-Ընկերային ներդրումներու հիմնադրամ
  • 2002 – Lethal Toys exhibition at International Antiland Mines Conference (Գանատայի արտաքին գործոց նախարարութեան հովանաւորութեամբ), Երեւան
  • 2005 – The Global Fund to Fight AIDS, Tuberculosis and Malaria – օրացոյց
  • 2006 – «Մերհաբարեւ», Երեւան- Պոլիս
  • 2010 – Mannequins, Թիֆլիս
  • 2010 – «Թիֆլիսի դէմքեր», Պոլիս
  • 2012 – «Մահէն ետք ծնածները», Շուշիի արուեստի փառատօն
  • 2012 – «Մահէն ետք ծնածները», Ֆրանսա
  • 2014 – «20 տարի ետք. Ծանօթ դէմքերու քաղաք», Երեւան
  • 2017 – Lethal Toys ցուցահանդէս, Երեւան (Հովանաւորութեամբ՝ Center for Humanitarian Demining and Expertise-ի)

ԾԶ. ՏԱՐԻ, 2017 ԹԻՒ 4