Երկուորեակ, տարբեր բայց զուգածին միասնաբար գրառուած երկու բանաստեղծութիւն ՄԱՀի մասին, գրուած արցախեան պատերազմի 27 սեպտեմբեր - 10 նոյեմբեր 2020 օրերուն, բառերով որ կ՛ընթանան ուղղակի երկու կատարելապէս տարբեր տեղերու ճարտարապետական տեղագրական գիծերուն վրայ. տեղերէն մին իր մահուան քաղաքին մէջ, միւսը Եղնիկներու դիրքերէն մէկն է: Կարդալ աւելին
Ես ապրեցայ օրեր գեհեն,
Տատանուելով իբրեւ նաւորդ,
Եւ մահուան չափ տխուր էի: 
Գեղեցկութիւնն կը մահանար աստուածներու տաճարին մէջ,
Եւ մոմերը հրակարմիր, Աստուածամօր նկարին մօտ՝
Հառաչալիր թաց բիբերով կը տանջուէին՝ 
զիրար կրկնող ցաւերու պէս:  Կարդալ աւելին