ԱՆՏՐԷ Կլիւքսմանն (André Glucksmann 1937 – 2015) իր Պատերազմի Խօսոյթը (Le Discours de la guerre, Paris, Le Livre de Poche, 1985) գործի ներածականին մէջ կը նկարագրէ Ժան Փօլ Սարթրի (Jean Paul Sartre) հակազդեցութիւնը երբ թերթին մէջ կը կարդայ Հիրոշիմայի վրայ 6 օգոստոս 1945ին արձակուած կորիզային ռումբին Կարդալ աւելին
— Կը պատկերացնե՞ս,— կ’ըսէ հին ընկերդ,— քառասո՛ւն տարի. քառասո՛ւն տարի կ’ընէ 68ի օրերէն մինչեւ այսօր: Այսինքն աւելի քան մեր այն օրերու հեռաւորութիւնը՝ Նահանջի, Փորձի, Անջրպետի ժամանակէն, 20ականներու աւարտէն...:
Կէս ժամ առաջ գտաք իրար. չէիք հանդիպած` տարիներ: Եւ ահա, առաջին ողջագուրումներէ եւ փոխանակումներէ ետք, այս անդրադարձը՝ իր... Կարդալ աւելին
Սոյն դասախօսութիւնը խօսուեցաւ այս տարի երկու անգամ, տարբեր պայ­մաններու մէջ։ Խօսուեցաւ նախ Լոս Անճելըս, 2016-ի Օգոս­տոսին, «Ապ­­րիլ» գրատան կող­մէ կազ­մա­­կեր­պուած Art in Dias­­pora ձեռնարկին առիթով, ուր առա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով առանձին հրապարակային ցուցադրումի կ՚արժանանային Հրայր Ան­մա­հու­նիի գոր­ծե­րը, կը ցուցա­դրուէին Վահէ Օշականին նուիրուած իր պատ­րաս­տած... Կարդալ աւելին
Ան պատմեց քեզի պատմութիւնը քու մասիդ։
Անապատէն կու գաս դուն ալ, իրեն պէս։ Կապ չունի որ ծնունդէդ եօթ ու կէս տասնամեակ առաջ էր Դէպքը։ Մինչ կը կարծէիր, թէ կը մեծնայիր ապահով, ասիկա-անիկա ըսելով աշխարհը կը ճանչնայիր, Դէպքը հետդ էր, մէջդ. կը մեծնար, քեզի հետ կամ քեզի համար։
Մինչ այդ կային պատմութիւնները Դէպքին. կարաւաններ՝ արեւուն տակ... Կարդալ աւելին
1980ի սկիզբներուն, երբ չորրորդ անգամ ըլլալով համալսարան կը վերադառնայի ենթա-աւարտական ուսումս ամբողջացնելու, լրագրութեան ուսանող էի եւ մտադիր էի երաժշտական լրագրութեան վրայ կեդրոնանալ։ Նիւթ առաջարկեցի DownBeat պարբերականին որ հաւանաբար ճազի ու անոր յարակից ընձիւղումներուն նուիրուած Կարդալ աւելին
   Ամենէն վտանգաւոր եւ միաժամանակ ամենէն փորձիչ ու շահեկան աշխատանքներէն մէկը հետախուզումն է բանաստեղծի մը քերթողական յղացքի հոլովոյթին, անոր այլազան հետաքրքրութիւներու զարգացումին եւ տարբեր հարցերու ընկալման, որովհետեւ այսպիսի գործողութիւն մը կը նշանակէ բանալ բանաստեղծին կազմաւորման տարբեր շերտերը... Կարդալ աւելին
Նշանեան
Վեհանոյշ Թեքեան ձեզմէ շատերուն հաւանաբար ծանօթ է իբրեւ բանաստեղծուհի։ Առաջին երկու հրատարակած հատորները՝ 1969ին Կապոյտ Ապրիլ եւ 1974ին Ոստրէ, բանաստեղծական հատորներ են։ Սակայն, ասոնցմէ ճիշտ ետք՝ 1977ին, արդէն կը հրատարակէ Ճեղքուած մանրանկար կոչուող երրորդ հատորը, որ կը խմբէ լիբանանեան պատերազմի առաջին տարիներու... Կարդալ աւելին
Գեղամ Տէր Կարապետեան
ՎԵՐԱՀԱՍ  ԱՂԷՏԻ ՄԸ ԱՐԹՈՒՆ ԴԻՏՈՐԴԸ. ԳՐԵԼ՝  ՅԻՇԱՏԱԿԱԳՐԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ
     Իբրեւ Տարօնի գրագէտը, Գեղամ այդ հողին կապուած է կենդանի, մարմնեղէն կապով մը: Մանկութենէն ի վեր շրջած է ամէն կողմ. ունի անոր ամբողջական ճանաչումը: Տարօնը կը կազմէ բնական շրջանակը իր պատմուածքներուն, որոնց մէջ կ’ոգեկոչէ անոր հրաշալի բնանկարները, անոր լեռներուն՝ Սիփանի, Նեմրութի եւ Պինկէօլի անտառներն... Կարդալ աւելին
ՀԱՅ ընթերցողը կամ անծանօթ է ֆէմինիսթ մտածումին, կամ վերապահութեամբ կը մօտենայ անոր, կամ ալ՝ քմծիծաղով: Հայուն համար, եւ արդար ըլլալու համար՝ աւելցնենք, ոչ միա՛յն հայուն համար, եթէ ֆէմինիզմը քիչ թէ շատ ընդունելի երեսակ մը ունի, այդ անոր պայքարն է ի խնդիր կիներու եւ այրերու հաւասարութեան, օրէնքի ատեաններուն առջեւ եւ տնտեսական Կարդալ աւելին