A WOMAN OF THE WORLD: ARMEN OHANIAN, THE “DANCER OF SHAMAKHA” Vartan Matiossian - Artsvi Bakhchinyan The Press at California State University Fresno, 2022

A WOMAN OF THE WORLD: ARMEN OHANIAN, THE “DANCER OF SHAMAKHA”
Vartan Matiossian – Artsvi Bakhchinyan
The Press at California State University Fresno, 2022

Վարդան Մատթէոսեան եւ Արծուի Բախչինեանի հեղինակած այս աշխատութիւնը արդիւնքն է երկու տասնամեակներու հետազօտութեան, որուն սկզբնական արդիւնքը լոյս տեսած էր հայերէն (Շամախեցի պարուհին. Արմէն Օհանեանի կեանքն ու գործը, Երեւան, 2007) եւ այժմ կրկնապատկուած է իր ծաւալով եւ բովանդակած տեղեկութիւններով։ Հեղինակները կը ներկայացնեն արտասովոր հայուհիի մը՝ պարուհի եւ գրագէտ Արմէն Օհանեանի (1888–1976) ուշագրաւ կենսագրութիւնը: Շամախի ծնած այս կինը ծանօթ էր կէս տասնեակ լեզուներու եւ բազմաթիւ մշակոյթներու կամուրջ եղած է իբրեւ դերասանուհի Կովկասի մէջ, թատրոնի բեմադրիչ՝ Պարսկաստանի մէջ, գրագէտ` Ֆրանսայի մէջ, եւ գրականագէտ ու թարգմանիչ՝ Մեքսիքոյի մէջ։ Հռչակուած է իբրեւ պարուհի Ասիայէն մինչեւ Ափրիկէ, Եւրոպայէն մինչեւ Ամերիկա։ Անոր պարերը մաս կազմած են Արեւմուտքի մէջ տարածուող Մերձաւոր եւ Հեռաւոր Արեւելքի պարերու ալիքի մը, որոնց մեկնաբանները իրենց բնիկ մշակոյթէն սնած պարարուեստ կը ներկայացնէին։
Նշանաւոր նկարիչներ եւ քանդակագործներ պատկերացուցած են Արմէն Օհանեանը, որուն մասին շատ յայտնի ժամանակակիցներ վկայած են իրենց նամակներուն եւ յուշերուն մէջ։ Օգտագործելով արխիւային եւ տպագիր բազմալեզու եւ բազմազան աղբիւներու հսկայական քանակ մը, հեղինակները նոր էջեր կը բանան արեւելեան բեմական պարի, մշակութային եւ սեռատեսակային (gender) հարցերու, սփիւռքագիտութեան եւ այլ նիւթերու մասնագէտներուն, ինչպէս եւ հետաքրքրասէր ընթերցողին։