ՓԻԼԻՍՈՓԱՅՈՒԹԻՒՆԸ մեզի կ՚ըսէ, թէ պէտք է սորվիլ մեռնիլ։ Պատճառը այն է, որ պէտք է սորվինք մահը (սորվինք որ կայ, սորվինք անոր մասին, սորվինք անկէ)։ Հոգեբանները չեն սորվեցներ մեզի ինչպէս մեռնիլ, չեն իսկ սորվեցներ որ մեռնիլ ըսուած բան մը կայ, բայց կը վստահեցնեն որ որոշ տարիքի մը հասած, սովորաբար՝ կանուխ տարիքի, բոլորս սորված ենք ու հասկցած ենք թէ ի՛նչ է մահը։ Կարդալ աւելին
Գոյութեան իրաւունք ունի՞, Արտասահմանեան հայ կեանքի մէջ, «գրական շարժում» բացատրութիւնը - իբրեւ համապատասխան երեւոյթ կամ իրագործում:
    Հարցական է: 
    Անձնապէս չենք հաւատար, թէ այդ «շարժում»ը կայ, - որովհետեւ՝ բառին ետեւ պարտաւոր ենք փնտռելու գաղութէ գաղութ հաստատելի իմացական պահանջներու, հետաքրքրութեան Կարդալ աւելին
Գեղամ Տէր Կարապետեան
ՎԵՐԱՀԱՍ  ԱՂԷՏԻ ՄԸ ԱՐԹՈՒՆ ԴԻՏՈՐԴԸ. ԳՐԵԼ՝  ՅԻՇԱՏԱԿԱԳՐԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ
     Իբրեւ Տարօնի գրագէտը, Գեղամ այդ հողին կապուած է կենդանի, մարմնեղէն կապով մը: Մանկութենէն ի վեր շրջած է ամէն կողմ. ունի անոր ամբողջական ճանաչումը: Տարօնը կը կազմէ բնական շրջանակը իր պատմուածքներուն, որոնց մէջ կ’ոգեկոչէ անոր հրաշալի բնանկարները, անոր լեռներուն՝ Սիփանի, Նեմրութի եւ Պինկէօլի անտառներն... Կարդալ աւելին
Ի՞նչ է յուշարձանը
Յուշարձանը այն յուշն է, որ արուեստագէտը շօշափելի վիճակի մէջ կը դնէ իր իսկ ժողովուրդին ուրախ կամ տխուր ապրումները միջոցին մէջ, եւ պատմութեան տարածքին։
Յուշարձանը այն բաց գիրքն է, որ ինքզինքը կը կարդայ ժողովուրդի մը սերունդին, ամէն վայրկեան ինքզինքը նորոգելով բոլոր հոգիներէն ներս։
Կարդալ աւելին
ԲԱՌԵՐԷՆ մին է այս «արմատախիլ»ը, այնքան ընթացիկ դարձած որ կը թուի անբովանդակ։ Այսպէս ամեն անգամ երբ տուեալի մը յաճախակի երեւումը կը յաջողի սպառել կոչող անունը, կը վերածէ հասարակ տեղիքի, նոյնիսկ ու մանաւանդ եթէ հասարակացի մակարդակն է հոն խնդրոյ առարկայ։
Յօրինուած՝ չես գիտեր ինչ անհատական կամ համայնական դէպքի մը համար, գուցէ չարիք.... Կարդալ աւելին
Գիրք մը, օրինակ
Գիրքին կողքը կարդալու պէտք չկայ. ատիկա ըրեր ես արդէն ցուցափեղկէն դիտած ատենդ կամ գրախանութին մէջ, գրաւուեր ես անոր ձեւաւորումէն եւ գներ ես զայն։ Կամ եթէ բարեկամ մը տուեր է, ստիպելով, որ կարդաս՝ «շատ աղուոր է», - թէեւ այս պարագային յստակ չէ, թէ «աղուոր» ճիշդ ինչ կը նշանակէ, հակառակ աղջկան մը Կարդալ աւելին
Արձակագիրներով աւելի հարուստ Սփիւռքի մեր գրականութեան ամենէն ինքնատիպ եւ ամենէն վաւերական բանաստեղծն է Նիկողոս Սարաֆեան: 
    Ծնած է Պուլկարիոյ Վառնա քաղաքին մէջ 1902, ապրիլ 14-ին, զատկի օր մը:
    Այս տարի իր ծննդեան վաթսունամեակն է ուրեմն: Քառասնամեակը նաեւ իր գրական գործունէութեան: Արդարեւ, իր առաջին Կարդալ աւելին
ՄԻ ԴԱՐԵԿԱՆ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆԸ
Մօտ հարիւր տարի առաջ՝ 1919թ. օգոստոսին, գերմանական «Der Sturm» հանդէսում տպագրուած բանաստեղծութիւնը մի գիշերուայ մէջ հանրայայտ դարձրեց հեղինակին` Կուրտ Շուիթերսին: Եւ ոչ միայն Շուիթերսին, այլեւ վերնագրում նշուած Աննա Բլումին:
 Դադա-էքսպրեսիոնիստա-կոնստրուկտիւիստական Կարդալ աւելին
ՄԻ քանի բանաստեղծական ժողովածու հրատարակած, Վէնսէնի անտառը յղացած, իբրեւ մտաւորական վաղուց կայացած, աւագ սերնդի հետ որոշակի վէճեր ունեցած Նիկողոս Սարաֆեանը Յակոբ Օշականի մասին մի գրուածքում ճապոնացի նկարչի պէս, մի կողմ... Կարդալ աւելին