Պօղոս Սնապեանէն յետ մահու հրատարակուած երկրորդ հատորն է Գիրքերու հետ գրախօսականներ, Ա. հատորը։ Խմբագիրն է Թամար Սնապեան-Սուրճեան։ Գիրքը, 191 էջ, լոյս տեսած է Համազգայինի «Վահէ Սէթեան»... Կարդալ աւելին
«Զուարթնոց» հանդէսի արխիւի քննութեան ընթացքին, ուրիշ նիւթերու կարգին, գտնուեցան Մ. Իշխանէն շարք մը քերթուածներ եւ քանի մը նամակներ՝ ուղղուած հանդէսի խմբագրին՝ Հրանտ Բալուեանի (1904-1968)։ «Զուարթնոց» ունեցած է հրատարակութեան քանի մը շրջաններ՝ 1929-էն մինչեւ գրեթէ խմբագրին մահը, բազմաթիւ ընդմիջումներով. ամսաթերթ... Կարդալ աւելին
25 յունուար 1948ին, իր մահէն շուրջ երեք շաբաթներ առաջ, Յակոբ Օշական հարցազրոյց մը շնորհած է Տիգրան Ոսկունիի, որ Մնացորդացի հեղինակին տուած է սփիւռքահայ գրականութեան վերաբերեալ շարք մը հարցումներ, ընդ որում՝ զրոյցի վերջին հարցը՝ Կարդալ աւելին
Սփիւռքի ուսումնասիրութեան եւ մտածողութեան խորացման ուղղութեամբ կարեւոր աշխատանքի մը ձեռնարկած է Գառնիկ Աւ. քհնյ. Գոյունեան, կազմելով ու խմբագրելով Սփիւռք. ինքնութիւն/այլութիւն երկհատոր ժողովածուն... Կարդալ աւելին
Կարելի է ըսել, թէ ընդհանուր դժգոհութիւն կայ Սփիւռքի գրականութեան մասին: 
    Կան շատեր, որոնք ընդունելով հանդերձ մեր անհատ գրողներու նուաճումներն ու յաջողութիւնները, գոհ չեն երբեք մեր գրականութեան ընդհանուր վիճակէն: 
    Անշուշտ ունինք շնորհալի եւ տաղանդաւոր գրողներ, մէկէ աւելի: Սակայն, չենք կրնար մատնանշել գրական գործ մը, որ թուական բանար: Այսօր ապրող սերունդը, որ հին փորձառութիւնը չունի, Կարդալ աւելին