Լոյս տեսած է Երեւան, 2020 թուականի աշնան, գլխաւոր խմբագրութեամբ Մարկ Նշանեանի եւ խմբագրութեամբ Դաւիթ Մոսինեանի։ Հատորը կը կրէ «հանդէս վերլուծական եւ քննադատական» ենթախորագիրը եւ հրատարակուած է Հայ Գրքի Կենտրոնի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Կրթութեան, Գիտութեան, Մշակոյթի եւ Սպորտի նախարարութեան կողմէ շնորհուած մասնակի օժանդակութեամբ։
«ԿԱՄ»ի 7րդ թիւը կը շարունակէ իր ստեղծած աւանդութիւնը, կողք-կողքի դնելով ուսումնասիրութիւններ եւ թարգմանութիւններ, թարգմանութիւններուն շուրջ մտածողական աշխատանք մը զարգացնելու միտումով։
Իր յառաջաբանին մէջ, Նշանեան կը նշէ, որ հանդէսը նաեւ կը միտի անցնելու մերօրեայ «կարճառօտ եւ հաճոյալից գրախօսականներու» սովորոյթէն անդին եւ վերականգնելու գիրքերու մասին քննադատաբար խօսելու արուեստը։