Յակոբները Գրիգոր Պըլտեանի պատումներու «Գիշերադարձ» անուանուած շարքին իններորդն է եւ առաջին հատորներուն պէս կը վերադառնայ իր պատումը կատարող անձին ծննդավայրը՝ Բլուրը (Բլուրը իմ կողմէս գլխագրուած է), որ ցեղասպանութեան աղէտէն վերապրածներու վայրերէն մէկն է, եւ կը փորձէ հասկնալ աղէտին ազդեցութիւնը վերապրողներուն վրայ:
Պատմողը փիլիսոփայութեան վկայականով Կարդալ աւելին
 Նորվան արք. Զաքարեան իր «Առաջին ընթերցում Գրիգոր Պըլտեանի Կրկնագիր մարդը» վերնագրով յօդուածին մէջ («Բագին» 2016, թիւ 1-2) հրաշալի կերպով կը ներկայացնէ այս հատորը։ Ան մեզի կ՚ընծայէ տարբեր շերտերը այս եզակի գործին, որուն մէջ կ՚ուրուագծուին ինքնութեան հարցը, օտարութիւնը, եւ այդ օտարութեան փորձառութենէն վերածնող մարդը։
     Չեմ ուզեր գիրքին նիւթը դարձեալ ներկայացնել հոս, այլ կ՚ուզեմ Կրկնագիր մարդը Կարդալ աւելին
ՄՈՒՏՔ
Սան Ֆրանսիսքոյէն Սաքրամէնթօ ինքնաշարժով քանի մը ժամ ճամբայ է՝ 140 քիլոմեթր։ Տարիներ առաջ էր։ Նոր եկած էիր տակաւին ու լեցուն էիր պատմութեամբ։ Աւելի ճիշդ պատմութիւնը տակաւին կը հոսէր մարմնիդ մէջէն, կը կիսէր քեզ անցեալին ու ներկային միջեւ։ Գործով գացած էիք ընկերոջ մը հետ, մէկ օրուան երթալ-գալ մը... Կարդալ աւելին