Այս նամակներուն հեղինակին ու հասցէատիրոջ յարաբերութիւնը քաջածանօթ երեւոյթ մըն էր օրին։ Արդարեւ, «Սփիւռք» շաբաթաթերթի հիմնադիր խմբագրապետ Սիմոն Սիմոնեանը (1914-1986) իր աշխատակիցներուն շարքին ունեցած է ֆրանսահայ գրականութեան ամենէն բեղուն ու անտեսուած անուններէն մէկը՝ Զարեհ Որբունին (1902-1980)։ «Սփիւռք»ը դէպքէ-դէպք նաեւ հրատարակած է Որբունիէն... Կարդալ աւելին
Կոստան Զարեան նամակցած է ֆրանսահայ շարք մը գրագէտներու ու գրական դէմքերու հետ, որոնց շարքին՝ Հրաչ Զարդարեան (1898-1986) եւ Հրանդ Բալուեան (1900-1967)։ Անոնց պէտք է աւելցնել Կարօ Փոլատեանի (1910-1986) անունը, որուն հետ փոխյարաբերութիւնը բացայայտուած էր վերջինիս հրապարակումներուն շնորհիւ՝ 1955-ին կատարուած ու 1960ին տպուած հարցազրոյցը Զարեանի հետ եւ 1957-ին տպուած... Կարդալ աւելին
Կե­ան­քի վեր­ջին տա­րի­նե­րուն, գրա­կա­նա­գէտ Ալ­մաստ Զա­քա­րե­ա­նը (1923-2013) հրա­տա­րա­կած էր ծո­վա­ծա­ւալ (1900 էջ) Ե­ղի­շէ Չա­րենց. կե­ան­քը, գոր­ծը, ժա­մա­նա­կը աշ­խա­տու­թե­ան ե­րեք հա­տոր (1997, 2003, 2008)։ Ը­ստ մա­հագ­րու­թե­ան մը, «Ա. Զա­քա­րե­անն աշ­խա­տեց այս կո­թո­ղային մե­նագ­րու­թե­ան յաջորդ հա­տոր­նե­րի վրայ, բա­ռիս բուն... Կարդալ աւելին
Գրիգոր Պըլտեանի Հայկական ֆուտուզիզմ մենագրութիւնը մանրակրկիտ ու խորազնին ներկայացումով մեր գրականութեան պատմութեան լոյսին բերած է մոռացութեան գիրկը նետուած Կարա-Դարվիշի (Յակոբ Գէնջեան, 1870-1932) անունն ու արտադրութիւնը[1]։ Արեւելահայ ապագայապաշտութեան ռահվիրան, ինչպէս... Կարդալ աւելին
Յետագայ էջերով հրատարակութեան կու տանք հայ մեծանուն վիպասան, թարգմանիչ եւ հասարակական-մշակութային գործիչ Զապէլ Եսայեանի անտիպ նամակները, յղուած՝ գրող, հրապարակագիր, պատմաբան եւ կրթական-մշակութային գործիչ Արամ Անտոնեանին։ Կարդալ աւելին
 Գուրգէն Մահարի (1903-1969), հայ գրականութեան երկրորդ Ապրիլ 24ի՝ 1936-1938ի ստալինեան մաքրագործումներու թերեւս ամենէն կարկառուն վերապրողը գրականութեան դաշտին մէջ, եղած է թէ՛ բեղուն արտադրող մը (այդ արտադրութեան մէկ կարեւոր մասը լոյս տեսած է յետմահու) եւ թէ՛ անդադրում նամակագիր մը։ Երեւանի «Անտարես» հրատարակչատունը... Կարդալ աւելին