90ի ձմեռ օրով, շատ կարեւոր գործի մը համար, հարկ էր Պէյրութ իջնել, այն ալ գիշերով:      Պէյրութ իջնելը, այն օրերուն, դիւրին գործ չէր: Ընկերոջ մը հետ, ընկերակցութեամբը Լեռնալիբանանէն պատասխանատուի մը, կ՚իջնէինք Պէյրութ՝ լեռնային շատ դժուարին ճամբէ մը: Հետաքրքիր էի. պատերազմին պատճառով կեանք առած էր այդ ճամբան, որ իր օձապտոյտ ընթացքով բնաւ հանգստաւէտ չէր: Կարդալ աւելին
Բնութեան մշտանորոգ այլ յաւիտենական գեղեցկութիւնները դարպասող արուեստագէտ ու բանաստեղծ հոգիներ կը գտնուին ամէն ժամանակներու մէջ: Բայց քիչեր անոնցմէ ի վերուստ շնորհուած կ’ունենան ստեղծագործող այն տաղանդը, որով կարենան «բռնել» գեղեցկութեան մասնիկը կեանքի խորհուրդէն՝ արուեստի անեղծանելի պարունակով փոխադրելու համար գալիքին: Կարդալ աւելին
Նշանեան
Վեհանոյշ Թեքեան ձեզմէ շատերուն հաւանաբար ծանօթ է իբրեւ բանաստեղծուհի։ Առաջին երկու հրատարակած հատորները՝ 1969ին Կապոյտ Ապրիլ եւ 1974ին Ոստրէ, բանաստեղծական հատորներ են։ Սակայն, ասոնցմէ ճիշտ ետք՝ 1977ին, արդէն կը հրատարակէ Ճեղքուած մանրանկար կոչուող երրորդ հատորը, որ կը խմբէ լիբանանեան պատերազմի առաջին տարիներու... Կարդալ աւելին
Ուրիշ ճար չկայ, ողջ մնալու համար պէտք է յաջողիլ անդնդախոր ձորերուն գլխուն բարակիկ զառիվերներէն՝ հարիւր անգամ Մարիամ Աստուածածինի միջնորդութիւնը խնդրելով քշել։ Եւ եթէ Սուրբ Կոյս Մարիամը գթայ քեզի, քառասուն վայրկեան ետք կը հասնիս փոքրիկ գիւղ մը որ ունի գեղեցկագոյն բնութեան բոլո՜ր տեսարանները եւ երկար անուն մը՝ Մազրաա... Կարդալ աւելին
Պուրճ Համուտ
Անց­նող քա­նի մը տա­րի­ներուն լուսան­կար­չա­կան եր­կու հա­տոր լոյս տե­սան Պուրճ Հա­մու­տի ու պուրճ հա­մուտցի­նե­րու մա­սին։ Առաջինը՝ վերը նշուած Ա­րա Մա­ծու­նե­ա­նի հա­տորն է (ա­նգլե­րէն ու գու­նա­ւոր)։ Միւ­սը Ա­րիան Ա­թէ­շե­ան-Տը­լա­քամ­բանյի՝ Ariane Delacampagne: Portraits of Survival – The Armenians of Bourj Hammoud, Somogy Editions, Paris 2014 հատորն է (ա­նգ­լե­րէն – ֆրանսերէն, սեւ-ճեր­մակ)։ Նոյն նիւ­թով երկու... Կարդալ աւելին