Սեւան Տէյիրմենճեան (Լուսանկար՝ տոքթ. Արի Տէմիրճեանի)
Սփիւռքի գրականութեան առաջին տասնամեակները կարելի է բնորոշել որպէս արեւմտահայ աւանդութեան աստիճանական ձեւափոխման ու բուն սփիւռքեան գոյավիճակի ցոլացման, անոր համապատասխան գրականութեան մը կերտման ժամանակաշրջանը։ Աղէտին անմիջապէս յաջորդած սերունդը (Վերյայտնութեան սերունդը՝ Մինաս Թէօլէօլեանի խօսքերով), մանաւանդ Կարդալ աւելին
Կոստան Զարեան նամակցած է ֆրանսահայ շարք մը գրագէտներու ու գրական դէմքերու հետ, որոնց շարքին՝ Հրաչ Զարդարեան (1898-1986) եւ Հրանդ Բալուեան (1900-1967)։ Անոնց պէտք է աւելցնել Կարօ Փոլատեանի (1910-1986) անունը, որուն հետ փոխյարաբերութիւնը բացայայտուած էր վերջինիս հրապարակումներուն շնորհիւ՝ 1955-ին կատարուած ու 1960ին տպուած հարցազրոյցը Զարեանի հետ եւ 1957-ին տպուած... Կարդալ աւելին
ԿՈՍՏԱՆ ԶԱՐԵԱՆԻ երկարամեայ կեանքին հետ հարեւանցի կերպով իսկ ծանօթ անձը պիտի համաձայնի, որ բազմաթիւ վայրերու մէջ անոր բնակութիւնը եւ յաճախակի փոխադրութիւնները չեն նպաստեր այդ կեանքի ելեւէջներուն, ներառեալ՝ նամակագրութեան ուսումնասիրութեան գործին։ Միշտ պատրաստ պէտք է ըլլալ նորանոր անակնկալներու եւ գիւտերու։
Զարեան ունեցած է հարուստ նամակագրութիւն Կարդալ աւելին
 Գուրգէն Մահարի (1903-1969), հայ գրականութեան երկրորդ Ապրիլ 24ի՝ 1936-1938ի ստալինեան մաքրագործումներու թերեւս ամենէն կարկառուն վերապրողը գրականութեան դաշտին մէջ, եղած է թէ՛ բեղուն արտադրող մը (այդ արտադրութեան մէկ կարեւոր մասը լոյս տեսած է յետմահու) եւ թէ՛ անդադրում նամակագիր մը։ Երեւանի «Անտարես» հրատարակչատունը... Կարդալ աւելին
«Զուարթնոց» հանդէսի արխիւի քննութեան ընթացքին, ուրիշ նիւթերու կարգին, գտնուեցան Մ. Իշխանէն շարք մը քերթուածներ եւ քանի մը նամակներ՝ ուղղուած հանդէսի խմբագրին՝ Հրանտ Բալուեանի (1904-1968)։ «Զուարթնոց» ունեցած է հրատարակութեան քանի մը շրջաններ՝ 1929-էն մինչեւ գրեթէ խմբագրին մահը, բազմաթիւ ընդմիջումներով. ամսաթերթ... Կարդալ աւելին
Գրիգոր Պըլտեանի Հայկական ֆուտուզիզմ մենագրութիւնը մանրակրկիտ ու խորազնին ներկայացումով մեր գրականութեան պատմութեան լոյսին բերած է մոռացութեան գիրկը նետուած Կարա-Դարվիշի (Յակոբ Գէնջեան, 1870-1932) անունն ու արտադրութիւնը[1]։ Արեւելահայ ապագայապաշտութեան ռահվիրան, ինչպէս... Կարդալ աւելին
Մեծավաստակ գրական քննադատ, բանասէր ու հանրային գործիչ Նիկոլ Աղբալեանի (1875-1947) կեանքի վերջին քառորդ դարը բնորոշելով, Գառնիկ Բանեան՝ անոր մահուան առիթով շարադրած կեանքի ու գործի ուրուագիծին մէջ կը հաստատէր, թէ «Սփիւռքի մէջ Ն. Աղբալեանի մտաւորական կեանքը կը հոսի՝ գրական ստեղծագործութեամբ, հանրային եւ մանկավարժական գործունէութեամբ»։ Կարդալ աւելին
ՎԱՀԷ Օշականը (1921–2000) ծնուել է Բուլղարիայի Ֆիլիպէ (այժմ՝ Պլովդիվ) քաղաքում՝ արեւմտահայ անուանի գրող, գրականագէտ եւ մանկավարժ Յակոբ Օշականի (1883-1948) ընտանիքում: Աւարտելով Կիպրոսի Մելգոնեան վարժարանը՝ կրթութիւնը շարունակել է Սորբոնի համալսարանում, հետեւել է գրականութեան եւ դոկտորի գիտական աստիճան ստացել որպէս բաղդատական գրականութեան մասնագէտ: Վահէ Օշականը երկար տարիներ զբաղուել է Կարդալ աւելին