Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցաւ «Բագին» գրական հանդէսի ներկայացման ձեռնարկ մը: «Հրանդ Տինք» հիմնարկի «Անարատ յղութիւն» շէնքի «Հաւաք» սրահին մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկին բանախօսներն էին Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեան եւ «Բագին»-ի խմբագրական խորհուրդի անդամ Սեւան Տէյիրմենճեան:

Ինչպէս ծանօթ է, 2016-ին «Բագին»-ի խմբագիր նշանակուեցաւ այժմ քանատաբնակ... Կարդալ աւելին

Գոյութեան իրաւունք ունի՞, Արտասահմանեան հայ կեանքի մէջ, «գրական շարժում» բացատրութիւնը - իբրեւ համապատասխան երեւոյթ կամ իրագործում:
    Հարցական է: 
    Անձնապէս չենք հաւատար, թէ այդ «շարժում»ը կայ, - որովհետեւ՝ բառին ետեւ պարտաւոր ենք փնտռելու գաղութէ գաղութ հաստատելի իմացական պահանջներու, հետաքրքրութեան Կարդալ աւելին
 Նախաձեռնութիւններու բարեդէպ, թէեւ քիչ մը անսպասելի դասաարումով մը, 2017-ին հայ (աւելի յատուկ՝ արեւմտա-սփիւռքահայ) գրականութիւնն ու հրատարակութիւնը կը թուին, կը խոստանան տեղադրուիլ Զաւէն Պիպեռեանի անուան տակ։
Արդարեւ, արդէն երեք տասնամեակ առաջ կեանքէ հեռացած պոլսահայ հեղինակէն, իր օրին չափով մը լուսանցքային, թէեւ... Կարդալ աւելին
Զաւէն Պիպեռեան հետեւեալ նամակները գրառած էր 1949ին, երբ տակաւին հրատարակած չէր իր անդրանիկ վէպը՝ Լկրտուածը, որ լոյս պիտի տեսնէր տասը տարի անց, 1959ին։ Ուրեմն, ան այդ թուականներուն Սփիւռքի շրջանակներուն առաւել ծանօթ էր որպէս Պոլիս հրատարակուող «Նոր լուր» թերթի (Բ շրջանը՝ 1945-1954 թթ.) «խիզախ խմբագիրը»։
Պիպեռեան Յունուար-Մարտ 1946ին խմբագրած էր «Նոր լուր»ը, ուր հրատարակած «Ա՛լ կը... Կարդալ աւելին
Սեւան Տէյիրմենճեան (Լուսանկար՝ տոքթ. Արի Տէմիրճեանի)
 Պոլսոյ ձկնորսները՝ Սիտեաճը Սերքօն, Քարիտեզճի Սիրիկը, Կումիկը եւ միւսները, զորս Երուխանով կը ճանչնանք, դեռ կը տեւէին Ի. դարակէսին ալ, գնդուած Գումգաբուի մէջ, թաղի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ շուրջ։ Ձկնորսներու եկեղեցին կայ դեռ՝ անոնց երկ-երկու լումայ նուէրներով պճնուած, բայց ձկնորսները ոչ եւս են։
 Տաճատ ռէյիս, Յուսիկ ռէյիս, Գրիգոր ռէյիս, Հայկ ուստա, Գէորգ ռէյիս... Անուններ, որոնք Կարդալ աւելին
Շատ դժուար է ըմբռնել թէ հայ ստրկութեան եւ ծառայութեան ջոջ ներկայացուցիչը՝ Մեսրոպեան էֆենտի ի՛նչ կը հասկնար յառաջ երթալ ըսելով, խօսք մը զոր իբր նպատակ կ՚առաջարկէր ամբողջ ցեղի մը ստրկութեան եւ հլութեան ենթարկուելուն՝ իբր գին. ինքը, օրինակի համար, յառաջ գացած մարդ մըն էր եւ Աստուա՜ծ միայն գիտէր թէ ի՛նչ զարտուղի ճամբաներէ անցնիլ հարկ եղած էր իրեն, յաճախ... Կարդալ աւելին
Զաւէն Պիպեռեանի, ինչպէս փաստօրէն գրական եւ կենսագրական նմանատիպ ուղեծիր ապրած շատ ուրիշ արժանաւոր գրագէտներու պարագային, ընդունուած կարգ է առաջնահերթաբար նշել անտեսումի, ճանաչման զլացումի երեւոյթը - բնորոշ գիծ՝ մեր ազգա-մշակութային իրականութեան:  Եւ, հաւանօրէն, այդպիսի ընդգծում արդարացի է մասամբ:
     Բայց ես պիտի նախընտրեմ տուրք... Կարդալ աւելին
 Սոյն էջերով կու գանք «Բագին»ի ընթերցողներուն ներկայացնել երեք նոր հրատարակութիւններ, որոնք լոյս տեսած են նախորդ տարի՝ 2015-ին, Իսթանպուլի կամ, ինչպէս վարժ ենք ըսել, Պոլսոյ մէջ։ Այսպիսով, երեք հատորներուն որոշ մանրամասնութիւնները ներկայացնելէ... Կարդալ աւելին
Ընդարձակ ննջասենեակին մէջ Յակոբ անկողնին մէջ երկնցած եւ գլուխը բարձին, աչքերը ծուլօրէն կը պտտցնէր արեւի ճառագայթներուն վրայ որ փետրուարի վերջին օրերուն անակնկալ եւ կանխահաս գարունի մը շնորհը կ՚ընէր: Ապաքինման երկար օրեր կ՚անցընէր այսպէս, ծանր հիւանդութենէ մը ետքը զոր, ցրտառութիւն մը միացած հոգեկան մեծ տագնապներու, պատճառած էին իրեն: Իր տենդերէ եւ ջղային Կարդալ աւելին