Արամ Պէյրութի զաւակն էր:
Երբեք խորապէս չէր մտածած իր ազգային պատկանելիութեան մասին, ոչ ալ՝ վերլուծած իր զգացումները, հպատակութեան հարցը, տարբերութիւնը հայ եւ լիբանանցի ըլլալու: Բայց գիտէր, կը զգար, որ ինք միջերկրականեան մայրաքաղաքին կը պատկանէր: Կը սիրէր... Կարդալ աւելին
 Նախաձեռնութիւններու բարեդէպ, թէեւ քիչ մը անսպասելի դասաարումով մը, 2017-ին հայ (աւելի յատուկ՝ արեւմտա-սփիւռքահայ) գրականութիւնն ու հրատարակութիւնը կը թուին, կը խոստանան տեղադրուիլ Զաւէն Պիպեռեանի անուան տակ։
Արդարեւ, արդէն երեք տասնամեակ առաջ կեանքէ հեռացած պոլսահայ հեղինակէն, իր օրին չափով մը լուսանցքային, թէեւ... Կարդալ աւելին
Երբ ուշադիր ակնարկ մը նետենք վերջին տաս-տասնհինգ տարիներու հայ նորահաս սերունդի մտաւոր զարգացման վրայ, ուշագրաւ երեւոյթ մը, բնորոշիչ եւ տարօրինակ միեւնոյն ժամանակ, մեզ խորհրդածութեան կը մղէ, այս պահուս, երբ ուրախութեամբ կը դիմաւորենք քանի մը նորահաս գրողներ իրենց խոստմնալից առաջին քայլերուն մէջ։
Քիչ է անոնց թիւը։ Արդէն գրականութեան եւ արուեստի նուիրեալները իրենց քանակովը չէ որ կշիռ կը ստանան հոծ զանգուածներու
Կարդալ աւելին
Լուսանկարը՝ Կապրիէլ Պասիլիքոյի
Նկարներդ, սեւ ճերմակ, կը շարունակեն տողանցել մտքիս հորիզոնին՝ անմեղութեան ժամանակի մը անվերջանալի երթը յուշելով։ Երբ անոնց կը նայիմ, կարծես ես ինծի է որ կը նայիմ անցեալի մը ոսպնեակէն, անցեալ մը ուր կամ ու չկամ, եւ ուրեմն կը մնամ միշտ անվերջ փնտռտուքի մը մէջ։ Կը փնտռեմ քաղաքիս փողոցներն ու անոր ժամանակները։ Ինչ որ կը գտնեմ՝ հոսկէ հոնկէ... Կարդալ աւելին
Վահէ Օշական գոյութենապաշտ ներշնչումով՝ անհեթեթի գրողն է։ Անոր գոյութենապաշտութիւնը, որ կը սնանի եւրոպական, մասնաւորաբար՝ ֆրանսական յետպատերազմեան մթնոլորտէն, քննադատներու կողմէ յաճախ գրաւած է քննադատներուն ուշադրութիւնր, յատկապէս բանաստեղծական գործերուն պարագային։ Ինչ կը վերաբերի... Կարդալ աւելին
Պատմութեան սկիզբը ծովեզերեայ վայր մըն է, հոն է որ առնուած է հիմնադիր քայլը։ Մերսինէն Պէյրութ հասնող նաւերէն գաղթական ժողովուրդը իջած է ցամաք։ Այս զանգուածին համար նախատեսուած էր մեծ գաղթակայան մը, մայրաքաղաքին հիւսիս-արեւեքը՝ նաւահանգիստին անմիջական հարեւանութեամբ տեղ մը. հիւսիսի կողմէն սահմանը ծովն էր, իսկ հարաւի կողմէն՝ թրամվայի գիծը։
Վայրը Լիբանանի հայութեան  ռաջին մեծագոյն... Կարդալ աւելին
Վեհանոյշ Թեքեան
 Մեր գիւղը՝ Մազրաա Քֆէրզըպյեն նշանաւոր էր իր մաքրամաքուր օդով։ Պէյրութի բժիշկները իրենց սրտի հիւանդներուն կը յանձնարարէին այս գիւղը անցընել ամառնային օդափոխութեան ամիսները։ Սիմոնեան գէթ ժամանակաւոր դարմանում կը նկատէր Մազրաա այցելել երբեմն Կիրակի օրերը, միշտ շքախումբով մը։
 Գիւղի մեր տունը ամուր քարաշէն փոքրիկ տուն մըն էր, եւ անսահման պարտէզ մը... Կարդալ աւելին
— Կը պատկերացնե՞ս,— կ’ըսէ հին ընկերդ,— քառասո՛ւն տարի. քառասո՛ւն տարի կ’ընէ 68ի օրերէն մինչեւ այսօր: Այսինքն աւելի քան մեր այն օրերու հեռաւորութիւնը՝ Նահանջի, Փորձի, Անջրպետի ժամանակէն, 20ականներու աւարտէն...:
Կէս ժամ առաջ գտաք իրար. չէիք հանդիպած` տարիներ: Եւ ահա, առաջին ողջագուրումներէ եւ փոխանակումներէ ետք, այս անդրադարձը՝ իր... Կարդալ աւելին