Ռեբեկա Քոմէյի կրկնակի այս նախադասութիւնը, որ կը գտնուի հսկայածաւալ ու տպաւորիչ այն հատորին մէջ, որ կը կոչուի Lost in the Archives, յաճախ թիւրըմբռնուած է, կարծես ան ուզէր դատապարտել կուտակելու մարմաջը (իրեր, հետքեր, ապացոյցներ, փաստաթուղթեր), կարծես ըսէր՝ թէ շատ յիշելը վատ է յիշողութեան համար։ Սակայն արխիւը յիշողութիւնը չէ։ Ան աւելի ճիշդ հակառակն է, յիշողութեան աղէտն է։ Այդպիսի աղէտէ մը վերապրող մը ինքն իրմէ ամբողջովին... Կարդալ աւելին
Փարիզ, 1950։ Նկարին վրայ՝ Յակոբ Տէր Յակոբեան, իր տպարանին մէջ։ Յակոբ Տէր Յակոբեան հօրաքրոջս՝ Զարուհիին ամուսինն էր։ Ակօ Պապա կը կոչէի զինքը։ Հօրս մահէն ետք հայրութիւն ըրած է ինծի, որքան որ կրնար։ Յաճախ կ՚այցելէինք իրենց։ Պզտիկ էի, չէի կրնար գիտնալ այն ատեն որ Տէր Յակոբեանը Պարտիզակի քաղաքապետ եղած էր։ Գիրքեր հրատարակած էր ու պիտի հրատարակէր (1912ին՝ Ուր խեցիներ ժողվեցի, Պոլիս, իսկ մահուան տարին՝ Պարտիզակը խատուտիկ, յուշամատեան մը)։ Չէի կրնար գիտնալ որ Rue Damesmeի այդ տպարանին մէջ է, որ Յառաջ թերթը տպուած էր 1932էն մինչեւ 1953 (Յառաջ... Կարդալ աւելին
ՓԻԼԻՍՈՓԱՅՈՒԹԻՒՆԸ մեզի կ՚ըսէ, թէ պէտք է սորվիլ մեռնիլ։ Պատճառը այն է, որ պէտք է սորվինք մահը (սորվինք որ կայ, սորվինք անոր մասին, սորվինք անկէ)։ Հոգեբանները չեն սորվեցներ մեզի ինչպէս մեռնիլ, չեն իսկ սորվեցներ որ մեռնիլ ըսուած բան մը կայ, բայց կը վստահեցնեն որ որոշ տարիքի մը հասած, սովորաբար՝ կանուխ տարիքի, բոլորս սորված ենք ու հասկցած ենք թէ ի՛նչ է մահը։ Կարդալ աւելին
Միշէլ Սիւրիա Ժորժ Պաթայլի թիւ մէկ մասնագէտն է Ֆրանսայի մէջ, որուն մասին գրած է առաջին մեծ ուսումնասիրութիւնը՝ Georges Bataille, la mort à l’œuvre [Ժորժ Պաթայլ, մահը գործի վրայ], որ տարիներու ընթացքին բազմաթիւ լեզուներու թարգմանուած է։ Երեսուն տարիէ ի վեր, Սիւրիա Lignes եռամսեայ հանդէսի (գրական, քաղաքական, փիլիսոփայական) պատասխանատուն է։ Որպէս հրատարակիչ, Մարկ Նշանեանի ֆրանսերէն... Կարդալ աւելին
Գրիգոր Պըլտեան
9 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 1945
Ծնունդ, Հայաշէն։ Հայրը Յակոբ,Կիւրինէն. մայրը՝ Հռիփսիմէ, Ագ-Շեհիրէն։

1948-1956
Ազգային Թորգոմեան վարժարան, մինչեւ չորրորդ կարգ։

1957-1964
Ն.Փ. Ճեմարան, մինչեւ պաքալորիայի Ա մաս։ «Կոյր Առաքելը» Առաջին շարադրութիւն մը «Կանթեղ»ի մէջ, 1961։ «Ջահակիր», ոտանաւորներ ու արձակներ, «Աքսոր»... Կարդալ աւելին
ՈՒՐԵՄՆ այսօր պիտի ներկայացնեմ Ջորջօ Ագամբէնի Մնացորդք Աւշուիցի գիրքը, որ լոյս աշխարհ եկաւ անցեալ տարի, 2020ին, կարծեմ՝ Օգոստոսին, «Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան ծրագրած թարգմանչական շարքին որպէս հերթական միաւորը։ Եթէ ատոր «լոյս աշխարհ գալ» կ՚ըսեն, համավարակի օրերուն եւ կործանարար... Կարդալ աւելին
ԱՅՍ բոլորը երբ քով քովի դրուած են, անսպասելի պատկեր մը կը կազմեն սա­կայն: Ամէն մէկը առանձին ու բոլորը միասնաբար՝ Սփիռքէն է որ կը խօսին, հի­նէն ու նորէն, Պէյրութէն ու Փարիզէն, Միջին Արեւելքէն ու ծայրագոյն Արեւմուտքէն: Սփիւռքէն կու գան ու Սփիւռքին կ’անդրադառնան: Այդ պատճառով իսկ՝ որոշեցի սկիզբը որպէս «Մուտք» զետեղել Յակոբ Օշականի «Վկայութիւն մը» կոչուած ծանօթ կտորին վերաբերող աշխատանք մը: Կարդալ աւելին
Նշանեան
 Առաջին հատորով մը, Մարկ Նշանեան 2015ին ընթերցողին հրամցուցած էր Մորիս Պլանշոյի ու Ժորժ Պաթայլի փիլիսոփայական բարեկամութեան ընդհանուր յայտարարին տակ գրուող վերապրողի, անոր մէջ վկային մահուան, ճշմարտազուրկ դէպքին ու անոր պատումնային կառոյցի գաղափարները։ Իւրայատուկ... Կարդալ աւելին
ԳՐԵԼ Մարկ Նշանեանի մասին` հրաշալի պիտի լինէր․ դէ հօ մարդու երեսին չես գովելու իրեն, ոչ էլ կենացի առիթներ են լինում, որ աչքերին նայելով ասես, թէ որքան բարձր ես գնահատում իր` ասես մի ողջ հաստատութեան աշխատանքը հայկական վերլուծական, փիլիսոփայական մտքի կիսադատարկ սենեակում, եւ թէ ինչպէս է նա իրենով լցնում այդ սենեակը` նորանոր միջանցիկ դռներ բացելով Ռոբինզոն Կրուզոյիդ համար: Կարդալ աւելին
Հրայր Անմահունի Էօլմէսէքեան Սփիւռքի արուեստագէտն է, եթէ այդ բազմիցս չարչարուած եզրը պարպենք իր սովորական երկակի հասկացողութիւններէն կապուած ներսի/դուրսի, կեդրոնի/ծայրամասի, վաւերականի/անվաւերի, մնայունի/գնայունի, եւայլն։ Հարիւր տարի է վերապրող գոյութիւն մը... Կարդալ աւելին
Ի. ԴԱՐՈՒ վերջին քառորդէն ի վեր արեւմտահայերէնը սնուցանող ամենէն արգասաբեր մտածողներէն մէկուն առանձին հատորով պատուելը Բագինի պէս կէս դարէ աւելի աւանդութիւն արտադրած պարբերականի մը համար, նախ եւ առաջ կը նշանակէ լրջօրէն ստանձնել պատասխանատուութիւնը այս մտաւորականի աշխատութիւններուն պատշաճ կերպով ծանօթանալու ինչպէս նաեւ ընդունիլ... Կարդալ աւելին