Կան այլազան տեսութիւններ գրական եւ անշուշտ լեզուական իրականութենէ մը ներս գրողի մը առկայութեան, գրութեան ներկայութեան, ընթերցողի համահեղինակութեան եւ այլ միջանկեալ վիճակներու մասին։ Յստակ է սակայն, որ ընթերցման անհատական փորձառութենէն անդին կայ գրողի արտադրութեան լեզուական համայնքի մը կողմէ ընկալման հարցը, այն իմաստով որ... Կարդալ աւելին
Աշխատասիրութեամբ Գրիգոր Պըլտեանի Այս ժողովածուն կ’ամփոփէ նիկողոս Սարաֆեան բանաստեղծի (1902-1972) փորձագրական էջերուն մեծ մասը. քննադատական էջեր, ուսումնասիրութիւններ, խոհական յօդուածներ հայ... Կարդալ աւելին
1 ՊԱՏՈՒՄԸ՝ ՊԱՏՈՒՄԷՆ ԱՆԴԻՆ, Ի ՍԿԶԲԱՆԷ
Պըլտեանի արձակին ծննդավայրը առաջին քսանամեակի քերթողական գործերն են, ուր ան կ՚երեւի յաճախ «բանաստեղծական»ին հետ տողընդմէջ, բայց ուր միանգամայն, շատ կանուխէն, խնդրարկուած-մերժուած են ասոնց աւանդական սահմանումները, նաեւ՝ երկուքի անջատումը։ Կարդալ աւելին
Արամ Պաչեան
Կապիկի
        թաթը
             պատշգամբի արանքով: Թաթը կրակում է: Նախագահը չի ընկնում: Մահն ինքն իր կատակի ճանապարհին շեղում է նրա ճակատին ուղղուած մուրապայի հատիկներով կապիկի թաթը, որ նետում ես հիւրասենեակի կենտրոնում քնած կատուի ձագերի առջեւ: Նրանք կիսախուփ աչքերով թրթռացնում են... Կարդալ աւելին
ԳԷՈՐԳ ՓԱԼԱՆՃԵԱՆ
Թեթեւ, բոպիկ, երբեմն շուարուն քայլերով, մատներով, ձայնով ցած կը մօտենաս, ըլլայիր կարծես, գիշերաշրջիկ, կը փսփսաս,
վայրը ես եմ, եւ կը ձգես ըսեմ երազի լացով, մանկութիւնդ ես։ Կը ժպտիս երբ դէմք չունիս. վայրը մանկութիւնն է, կ՚ըսես,
կ՚ըլլաս կարմիր փէշը ծովային խոտերուն վրայ, կը բռնկիս, կը պոռաս, կը բռնկիս իրիկուան արեւու հորիզոնէն, կը գրեմ քեզ կարօտին ու վախին, մարմնիդ ջնջուող, անապրելի, անկենդան... Կարդալ աւելին
Նշանեան
Ֆրանսացի գրող եւ քննադատ Ժան-Փօլ Էնթհովէն Փրուսթի վէպին նուիրուած գրութեան մը մէջ կը նշէ հետեւեալը. «Անոնք, որոնք երբեք չեն կարդացած «Կորուսեալ ժամանակի փնտռտուքով» վէպը...կ'անգիտանան, որ անոր երեք հազար էջերը ունին արտառոց ուժը կերպարանափոխելու անոնց իսկական... Կարդալ աւելին
ԱՌԱՋԻՆ անգամ Մարկ Նշանեանի անուան հանդիպեցայ 90ականներու ա­ւարտին։     Խորհրդային Միութեան փլուզման տարիներն էին, արեւը եւ լոյսը նոր կը մտնէին սովետական աշխարհ ու ազատականութեան մթնոլորտին մէջ տասնեակ այլախոհ գրողներու կողքին վեր կը յառնէր նաեւ Աբրահամ Ալիքեանի անունը, որ իր ետին թողելով գրական յայտնի եւ գաղտնի գրականութեան մը էջերը Կարդալ աւելին
 «...մի՛ կարդար, տե՛ս»-ասում է հեղինակը՝ ընթերցողին յանձնելով իր նոր գիրքը՝ վերնագրուած Ինչ որ չես տեսներ։ Ինքը՝ հեղինակը պնդում է, որ «դժուար ասելին կամ լռելին» այս գրքի մասն են կազմում, ես պիտի յաւելեմ՝ դժուար տեսանելին կամ անտեսանելին է գրքի շարժիչ ուժը։ Այստեղից էլ ահա հակասութիւնը, գիրքն ինքն իրեն ներկայացնում է իբրեւ մի բան, որը տեսանելի չէ՝ ինչ որ չես... Կարդալ աւելին
Սիրանոյշ Դւոյեան
«Ինչպէ՞ս կարելի է տուն մտնել»։
Այս հարցով է աւարտւում Գրիգոր Պըլտեանի «Հատուածներ հօր» գործի տպագիր հատուածը, որը կարծես թէ անդրադարձող պատասխանն է գործի սկզբում հնչած մէկ այլ հարցի՝
«Ինչպէ՞ս կարելի է մտածել»։
Ուրեմն, ի սկզբանէ, եւ ի վերջոյ նաեւ, գործ ունենք անհնարինութեան հետ։ Նախ մտածելու անհնարինութեան, որ խօսող ես-ի Կարդալ աւելին
1990-2000-ական թուականներուն, Փարիզի «Յառաջ» օրաթերթը սովորութիւնը ունէր Մեծ Եղեռնի տարելիցին հրատարակելու նմոյշներ այն թղթակցութիւններէն, որոնք 1915-ին Շաւարշ Միսաքեանի կողմէ ուղարկուած էին Պոլսոյ իր թաքստոցէն եւ Սոֆիայի «Հայաստան» եռօրեային մէջ լոյս տեսած։ «Հայաստան»ի հաւաքածոն բաւական հազուագիւտ է, բայց Վիեննայի... Կարդալ աւելին
Յակոբները Գրիգոր Պըլտեանի պատումներու «Գիշերադարձ» անուանուած շարքին իններորդն է եւ առաջին հատորներուն պէս կը վերադառնայ իր պատումը կատարող անձին ծննդավայրը՝ Բլուրը (Բլուրը իմ կողմէս գլխագրուած է), որ ցեղասպանութեան աղէտէն վերապրածներու վայրերէն մէկն է, եւ կը փորձէ հասկնալ աղէտին ազդեցութիւնը վերապրողներուն վրայ:
Պատմողը փիլիսոփայութեան վկայականով Կարդալ աւելին
«Փայլուն պատկեր
        անշարժ
            կը կենար մակերեսին վրայ
             կը կապուէր բոլոր
     մակերեսներուն
                 խորութեան խաբկանքով≫
...
ՐԱ — Եւ միւս գիրքերը, ամէն անգամ որ պատում... Կարդալ աւելին
ՄՈՒՏՔ
Սան Ֆրանսիսքոյէն Սաքրամէնթօ ինքնաշարժով քանի մը ժամ ճամբայ է՝ 140 քիլոմեթր։ Տարիներ առաջ էր։ Նոր եկած էիր տակաւին ու լեցուն էիր պատմութեամբ։ Աւելի ճիշդ պատմութիւնը տակաւին կը հոսէր մարմնիդ մէջէն, կը կիսէր քեզ անցեալին ու ներկային միջեւ։ Գործով գացած էիք ընկերոջ մը հետ, մէկ օրուան երթալ-գալ մը... Կարդալ աւելին