1980ի սկիզբներուն, երբ չորրորդ անգամ ըլլալով համալսարան կը վերադառնայի ենթա-աւարտական ուսումս ամբողջացնելու, լրագրութեան ուսանող էի եւ մտադիր էի երաժշտական լրագրութեան վրայ կեդրոնանալ։ Նիւթ առաջարկեցի DownBeat պարբերականին որ հաւանաբար ճազի ու անոր յարակից ընձիւղումներուն նուիրուած Կարդալ աւելին
Սոյն տողերը գրուած են Հարաւային Գալիֆորնիոյ USC համալսարանը՝ Դալար Շահինեանի կազմակերպած ակադեմական գիտաժողովին ներկայացուելու համար (USC, April 27, 2013)։ Գիտաժողովին ընդհանուր վերնագիրն էր՝ Independence and Beyond: In Search of a New Armenian Diaspora Post-1991 (Անկախութիւն եւ անկէ անդին։ Յետ-1991 նոր հայկական սփիւռքի մը ի խնդիր)։ Ենթադրութիւնը, կարծեմ, այն էր... Կարդալ աւելին
Մարկ Նշանեանի Թարգմանական Դամբանական հատորը լոյս տե­սաւ Երեւան, 2024-ին, իբրեւ հրա­տարակութիւն «ԿԱՄ Փիլիսոփայական Գրադարան»ի։ Առաջին թիւն է մատենա­շարին, թէեւ չէ... Կարդալ աւելին
ՄԱՐԿ Նշանեանի համար հիմնական եզր է Աղէտը։ Անիկա օտարութեան փորձընկալումի իր տեսութեան մեկնակէտն է, այսինքն տեսութեան՝ որ հայ ինքնութեան, մանաւանդ սփիւռքեան հայ ինքնութեան խնդիրին կը վերաբերի։ Այս հեռապատկերով է, որ սկսայ սոյն ուսումնասիրութիւնը, սակայն ընդարձակութիւնը տարածքին, եւ մանաւանդ ժամանակը՝ ստիպեցին ընտրութիւն մը կատարել եւ մօտենալ միայն մէկ նիւթի։ Եւ ուրեմն, օտարութեան փորձընկալումի... Կարդալ աւելին
ՓԻԼԻՍՈՓԱՅՈՒԹԻՒՆԸ մեզի կ՚ըսէ, թէ պէտք է սորվիլ մեռնիլ։ Պատճառը այն է, որ պէտք է սորվինք մահը (սորվինք որ կայ, սորվինք անոր մասին, սորվինք անկէ)։ Հոգեբանները չեն սորվեցներ մեզի ինչպէս մեռնիլ, չեն իսկ սորվեցներ որ մեռնիլ ըսուած բան մը կայ, բայց կը վստահեցնեն որ որոշ տարիքի մը հասած, սովորաբար՝ կանուխ տարիքի, բոլորս սորված ենք ու հասկցած ենք թէ ի՛նչ է մահը։ Կարդալ աւելին
Լեզու յարալէզ

Հատուածային պիտի ըլլայ ինչ որ պիտի գրեմ այստեղ։
Սորված եմ բազմաթիւ լեզուներ եւ մոռցեր եմ մի քանին։ Մէջս բան մը մոռցեր է զանոնք։ Չեմ գիտեր ե՞րբ։ Կը պատահի որ հանդիպիմ անոնցմէ մէկուն կամ միւսին, քանի մը նախադասութեան... Կարդալ աւելին
Սոյն դասախօսութիւնը խօսուեցաւ այս տարի երկու անգամ, տարբեր պայ­մաններու մէջ։ Խօսուեցաւ նախ Լոս Անճելըս, 2016-ի Օգոս­տոսին, «Ապ­­րիլ» գրատան կող­մէ կազ­մա­­կեր­պուած Art in Dias­­pora ձեռնարկին առիթով, ուր առա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով առանձին հրապարակային ցուցադրումի կ՚արժանանային Հրայր Ան­մա­հու­նիի գոր­ծե­րը, կը ցուցա­դրուէին Վահէ Օշականին նուիրուած իր պատ­րաս­տած... Կարդալ աւելին
ԼԻԲԱՆԱՆՑԻ (Իսթանպուլէն գաղթած) արձակագիր Գեղամ Լ. Սեւանի((Գեղամ Սեւան, բուն ազգանունով Սվաճեան, ծնած էր Պոլիս, 1924ին։ Կրթութիւնը ստացած էր Վիեննական Մխիթարեան վարժարանին մէջ, ըլլալով դասընկերը ստանպուլահայ ապագայ գրողներ Ռոպէր Հատտէճեանի, Զահրատի եւ Զարեհ Խրախունիի։ Կարդալ աւելին
Մի քանի բանաստեղծական ժողովածու հրատարակած, Վէնսէնի անտառը յղացած, իբրեւ մտաւորական վաղուց կայացած, աւագ սերնդի հետ որոշակի վէճեր ունեցած Նիկողոս Սարաֆեանը Յակոբ Օշականի մասին մի գրուածքում ճապոնացի նկարչի պէս, մի կողմ թողնելով ամենայն գեղանկարչական... Կարդալ աւելին
Գոյութեան իրաւունք ունի՞, Արտասահմանեան հայ կեանքի մէջ, «գրական շարժում» բացատրութիւնը - իբրեւ համապատասխան երեւոյթ կամ իրագործում:
    Հարցական է: 
    Անձնապէս չենք հաւատար, թէ այդ «շարժում»ը կայ, - որովհետեւ՝ բառին ետեւ պարտաւոր ենք փնտռելու գաղութէ գաղութ հաստատելի իմացական պահանջներու, հետաքրքրութեան Կարդալ աւելին
Ա. ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ ԽԱՂԸ

     Դժուար է արագ ակնարկով մը ներկայացնել Որբունիի արձակը, որուն մա՛նաւանդ վիպական մարզը, «Փորձը»էն մինչեւ «Եւ եղեւ մարդ», «Թեկնածուն», «Ասֆալթը» եւ «Սովորական օր... Կարդալ աւելին
Տագնա՞պ։ Այո՛։
    Սա տասնամեակը՝ որ անցաւ, չունի իր նախընթացը։ Մտաւոր ճիգի պակա՞ս, թէ զգացումներու շփոթ,- ի՞նչ կ՚ուզէք ըսէք, պիտի չկրնաք բուն բառը գտնել։
   Տագնապը, որուն մասին կ՚ուզենք խօսիլ, գրականութեան մէկ ճիւղին կը պատկանի առաւելաբար,- հիմնականներէն մէկուն.- Վէպին։     Վրանաքաղաքները պատմութեան անցած են։ Սերունդ մը փոխուած է, Մնացորդացը դարձած անցեալ, ու, տակաւին, հայ գրողը (չենք համարձակիր ըսել՝ հայ վիպասանը) Կարդալ աւելին
Ան պատմեց քեզի պատմութիւնը քու մասիդ։
Անապատէն կու գաս դուն ալ, իրեն պէս։ Կապ չունի որ ծնունդէդ եօթ ու կէս տասնամեակ առաջ էր Դէպքը։ Մինչ կը կարծէիր, թէ կը մեծնայիր ապահով, ասիկա-անիկա ըսելով աշխարհը կը ճանչնայիր, Դէպքը հետդ էր, մէջդ. կը մեծնար, քեզի հետ կամ քեզի համար։
Մինչ այդ կային պատմութիւնները Դէպքին. կարաւաններ՝ արեւուն տակ... Կարդալ աւելին
Գ. ԹԵԿՆԱԾՈՒԷՆ ՄԻՆՉԵՒ ԵՒ ԵՂԵՒ ՄԱՐԴ

     «Ասֆալթը» նոր էջ մըն է հայ վիպագրութեան համար։
     «Հալածուածներ»ու շարքին երրորդ գլուխը կազմող այս գործը, որ լոյս տեսաւ 1972ին, «Մարմարա» հրատարակչատան կողմէ... Կարդալ աւելին
ՀԱՅ ընթերցողը կամ անծանօթ է ֆէմինիսթ մտածումին, կամ վերապահութեամբ կը մօտենայ անոր, կամ ալ՝ քմծիծաղով: Հայուն համար, եւ արդար ըլլալու համար՝ աւելցնենք, ոչ միա՛յն հայուն համար, եթէ ֆէմինիզմը քիչ թէ շատ ընդունելի երեսակ մը ունի, այդ անոր պայքարն է ի խնդիր կիներու եւ այրերու հաւասարութեան, օրէնքի ատեաններուն առջեւ եւ տնտեսական Կարդալ աւելին
 Ճիշտ է որ Վազգէն Էթիեմեզեանի ստեղծագործութիւնը, իր պատմուածքներով, գեղարուեստական էջերով, իմացական յօդուածներով, գրախօսականներով, նոյ­նիսկ՝ թարգմանական յօդուածներով ամբողջութիւն մըն է, որ... Կարդալ աւելին
   Ամենէն վտանգաւոր եւ միաժամանակ ամենէն փորձիչ ու շահեկան աշխատանքներէն մէկը հետախուզումն է բանաստեղծի մը քերթողական յղացքի հոլովոյթին, անոր այլազան հետաքրքրութիւներու զարգացումին եւ տարբեր հարցերու ընկալման, որովհետեւ այսպիսի գործողութիւն մը կը նշանակէ բանալ բանաստեղծին կազմաւորման տարբեր շերտերը... Կարդալ աւելին
Գեղամ Տէր Կարապետեան
ՎԵՐԱՀԱՍ  ԱՂԷՏԻ ՄԸ ԱՐԹՈՒՆ ԴԻՏՈՐԴԸ. ԳՐԵԼ՝  ՅԻՇԱՏԱԿԱԳՐԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ
     Իբրեւ Տարօնի գրագէտը, Գեղամ այդ հողին կապուած է կենդանի, մարմնեղէն կապով մը: Մանկութենէն ի վեր շրջած է ամէն կողմ. ունի անոր ամբողջական ճանաչումը: Տարօնը կը կազմէ բնական շրջանակը իր պատմուածքներուն, որոնց մէջ կ’ոգեկոչէ անոր հրաշալի բնանկարները, անոր լեռներուն՝ Սիփանի, Նեմրութի եւ Պինկէօլի անտառներն... Կարդալ աւելին
Ուիլիըմ Սարոյեանի պատմուածքները, որոնք իր ծննդավայր Ֆրէզնոն ու հոն բնակող հայութիւնը կը նկարագրեն, հովուերգական միջավայրի մը տպաւորու­թիւնը եւ նոյնիսկ պատրանքը... Կարդալ աւելին