Կարելի է ըսել, թէ ընդհանուր դժգոհութիւն կայ Սփիւռքի գրականութեան մասին: 
    Կան շատեր, որոնք ընդունելով հանդերձ մեր անհատ գրողներու նուաճումներն ու յաջողութիւնները, գոհ չեն երբեք մեր գրականութեան ընդհանուր վիճակէն: 
    Անշուշտ ունինք շնորհալի եւ տաղանդաւոր գրողներ, մէկէ աւելի: Սակայն, չենք կրնար մատնանշել գրական գործ մը, որ թուական բանար: Այսօր ապրող սերունդը, որ հին փորձառութիւնը չունի, Կարդալ աւելին
Յակոբ Կիւլլիւճեանի անունը լսած էի ծանօթէ մը, քանի մը տասնամեակ առաջ, սակայն որքան կը յիշեմ առաջին զօրաւոր, պիտի ըսեմ դրոշմող տպաւորութիւնը կը պարտիմ 1999ի յօդուածի մը՝ որ կը շօշափէր  ցանցակերպ հաղորդակցութեան սահմանուած դերը Սփիւռքի մէջ։ Այն օրերուն Կարդալ աւելին
ԳՈՅՆԵՐՈՒ յորձանուտ մըն է, որ կը գրաւէ դիտողին տեսադաշտը երբ դէմ յանդիման կը գտնուի Գագիկ Ղազանչեանի պաստառներուն, եւ առաջին հակազդեցութիւնը կ՚ըլլայ՝ ինչպէ՞ս դիրքորոշուիլ երանգներու լայնածաւալ այս հոսքին դիմաց։ Պաստառները բոցավառ հրդեհներ ըլլան կարծես, որոնցմէ արձակուած գունային բռնկումներ կը լեցնեն պատկերասրահի Կարդալ աւելին
Վահէ Օշական
Մեր խօսքին հիմնական գաղափարը այն է, որ զուտ ազգային գրականութեան մը յղացքը ժամանակավրէպ է եւ թէ Սփիւռքը, կտրուած հայրենի հողէն ու ցեխէն, խզուած դարակուտակ անցեալի մը բեռէն ու մղումէն, ցիր ու ցան եւ անհեթեթ, կատարելապէս Կարդալ աւելին
Մեծ հայրս վաթսունհինգ տարեկանին ամուսնացած էր Եղեռնին այրիացած երեսուն տարեկան մեծմօրս հետ, որ ունէր տասներկու տարեկան աղջնակ մը: Յաջորդ տարի ծներ էր մայրս, եւ հինգ տարի ետք — այո, հինգ տարի ետք – մօրեղբայրս: Այս իրողութիւնը մեծ հրճուանքով պատմեցի բանաստեղծ Աբրահամ Ալիքեանին, որ կը զարմանար թէ յիսունը... Կարդալ աւելին
Բագինի այս բացառիկ թիւին համար ակնարկ մը պէտք է գրեմ գրողի մը մասին, որ գլխաւորաբար կարելի է որակել իբր վերլուծաբան կամ մտածող։ Ներկայ անձնական դժուարութիւններու բերումով զուրկ ըլլալով անոր վաստակին շուրջ վերլուծական ուսումնասիրութիւն մը հրամցնելու կարելիութենէն, խոնարհաբար պիտի մնամ այդ հեղինակի առկայութեան երեւոյթին եւ իր շուրջ դասուած հանգամանքներուն մասին Կարդալ աւելին
ԼԻԲԱՆԱՆՑԻ (Իսթանպուլէն գաղթած) արձակագիր Գեղամ Լ. Սեւանի((Գեղամ Սեւան, բուն ազգանունով Սվաճեան, ծնած էր Պոլիս, 1924ին։ Կրթութիւնը ստացած էր Վիեննական Մխիթարեան վարժարանին մէջ, ըլլալով դասընկերը ստանպուլահայ ապագայ գրողներ Ռոպէր Հատտէճեանի, Զահրատի եւ Զարեհ Խրախունիի։ Կարդալ աւելին
Տարիներու ընթացքին վարժուեր ես ամեն ինչ հարցադրելու, խնդրականացնելու՝ յատկապէս որոշ ուսումնառութենէ ետք։ Ազգ հասկացողութիւնը սակայն երկար ատեն յամառօրէն մնացեր էր խնդրականացնող ակնոցիդ ա՛յս կողմը։ Իսկապէս, դժուար է տարբաղադրել այն, որ մարդ փոքր տարիքէն կը դաւանի ըլլալ, զգալ, աւելի ճիշդը այն որուն կը հաւատայ, նոյնիսկ կը կարծէ գիտնալ որ է՛... Կարդալ աւելին
«Զուարթնոց» հանդէսի արխիւի քննութեան ընթացքին, ուրիշ նիւթերու կարգին, գտնուեցան Մ. Իշխանէն շարք մը քերթուածներ եւ քանի մը նամակներ՝ ուղղուած հանդէսի խմբագրին՝ Հրանտ Բալուեանի (1904-1968)։ «Զուարթնոց» ունեցած է հրատարակութեան քանի մը շրջաններ՝ 1929-էն մինչեւ գրեթէ խմբագրին մահը, բազմաթիւ ընդմիջումներով. ամսաթերթ... Կարդալ աւելին
Կոստան Զարեան նամակցած է ֆրանսահայ շարք մը գրագէտներու ու գրական դէմքերու հետ, որոնց շարքին՝ Հրաչ Զարդարեան (1898-1986) եւ Հրանդ Բալուեան (1900-1967)։ Անոնց պէտք է աւելցնել Կարօ Փոլատեանի (1910-1986) անունը, որուն հետ փոխյարաբերութիւնը բացայայտուած էր վերջինիս հրապարակումներուն շնորհիւ՝ 1955-ին կատարուած ու 1960ին տպուած հարցազրոյցը Զարեանի հետ եւ 1957-ին տպուած... Կարդալ աւելին
Մարմինն ու արիւնը գիրի վերածելով եւ բանաստեղծութեան մարմին ու արիւն տուող բանաստեղծն է Կարօ Արմենեանը։ Վկայակոչելով մարդը եւ վաւերագրելով մարդուն գոյութենական խնդիրներն ու անկէ բխող հարցադրումները, Կարօ Արմենեանը սփիւռքի բանաստեղծութեան կը բերէ «իրաւ»ութեամբ գրելու արուեստը։ Արեան Կարդալ աւելին
Բ. ՓՈՐՁԵՐ ԱՄԷՆ ՄԱԿԱՐԴԱԿԻ ՎՐԱՅ

     «Փորձը» վիպակին մէջ, Որբունիի հարցերուն մեծ մասը երեւան կու գան արդէն։ Անանուն տիպարը այն մարդն է, որ ընկերային-տնտեսական սուր տագնապի մը մէջ կը կոչուի իր պատասխանատուութիւնները ստանձնելու։ Ան... Կարդալ աւելին
Մեր մտերիմ քառեակը ծանօթացել էր 13-14 տարեկանում, քաղաքի նորաբաց կարատէի խմբակներից մէկում, ու այդպես էլ մնացինք մտերիմներ։ Մինչեւ 17 տարեկանը հասցրել էինք միասին շատ բաներ անել, մի բան չէինք արել, դա էլ արեցինք, բայց վա՛յ էդ անելուն։ Համատեղ յիշողութիւններն անթիւ-անհամար են, բայց այդ մէկը չորսս էլ մշտապես յիշում ենք մշտական քրքիջով ու թախիծով... Կարդալ աւելին
ՊՈՀՃԱԼԵԱՆ ՔՐԻՍ © Aaron Spagnolo
Նախ զգաց շամփուի՝ անիսոն յիշեցնող միջինարեւելեան բոյր մը, եւ ապա անդրադարձաւ, աչքերը բանալով, որ պատուհանէն թափանցող լոյսը կը տարբերէր անձնակազմի գործածած պանդոկին սենեակի լոյսէն։ Առաւօտեան արեւը կը կաթկթէր բարակ գիծով առաստաղէն դէպի գետին, ուր վարագոյրները, հակառակ իրենց փարթամութեան, չէին հասներ ծածկելու կարպետը։ Աչքերը թարթեց, ո՛չ թէ... Կարդալ աւելին
Յետագայ էջերով հրատարակութեան կու տանք հայ մեծանուն վիպասան, թարգմանիչ եւ հասարակական-մշակութային գործիչ Զապէլ Եսայեանի անտիպ նամակները, յղուած՝ գրող, հրապարակագիր, պատմաբան եւ կրթական-մշակութային գործիչ Արամ Անտոնեանին։ Կարդալ աւելին