ԱՅՍ բոլորը երբ քով քովի դրուած են, անսպասելի պատկեր մը կը կազմեն սա­կայն: Ամէն մէկը առանձին ու բոլորը միասնաբար՝ Սփիռքէն է որ կը խօսին, հի­նէն ու նորէն, Պէյրութէն ու Փարիզէն, Միջին Արեւելքէն ու ծայրագոյն Արեւմուտքէն: Սփիւռքէն կու գան ու Սփիւռքին կ’անդրադառնան: Այդ պատճառով իսկ՝ որոշեցի սկիզբը որպէս «Մուտք» զետեղել Յակոբ Օշականի «Վկայութիւն մը» կոչուած ծանօթ կտորին վերաբերող աշխատանք մը: Կարդալ աւելին
ԱՆԳԼԵՐԷՆ քիչ գործեր սփիւռքահայ փորձառութեան հիւսուածքը կ՚ընդգրկեն անոր ուրուային ստեղծագործութեան կախարդական հարստութեամբ։ Ահա թէ ինչու displaced հատումի հրատարակութիւնը նշանակալից է։ Ան կը հրամցնէ լոսանճըլէսաբնակ արուեստագէտ Արա Օշականի լուսանկարները եւ փարիզաբնակ գրագէտ Գրիգոր Պըլտեանի «Կամուրջը» խորագրուած փորձագրութիւնը՝ Թալին Ոսկերիչեանի եւ Քրիստոֆըր Միլզի անգլերէն թարգմանութեան առընթեր։ Այս հատորի վկայակոչած գլխաւոր (միամիտ իմաստով) Կարդալ աւելին
Մարմինն ու արիւնը գիրի վերածելով եւ բանաստեղծութեան մարմին ու արիւն տուող բանաստեղծն է Կարօ Արմենեանը։ Վկայակոչելով մարդը եւ վաւերագրելով մարդուն գոյութենական խնդիրներն ու անկէ բխող հարցադրումները, Կարօ Արմենեանը սփիւռքի բանաստեղծութեան կը բերէ «իրաւ»ութեամբ գրելու արուեստը։ Արեան Կարդալ աւելին
Վեհանոյշ Թեքեան ձեզմէ շատերուն հաւանաբար ծանօթ է իբրեւ բանաստեղծուհի։ Առաջին երկու հրատարակած հատորները՝ 1969ին Կապոյտ Ապրիլ եւ 1974ին Ոստրէ, բանաստեղծական հատորներ են։ Սակայն, ասոնցմէ ճիշտ ետք՝ 1977ին, արդէն կը հրատարակէ Ճեղքուած մանրանկար կոչուող երրորդ հատորը, որ կը խմբէ լիբանանեան պատերազմի առաջին տարիներու... Կարդալ աւելին
1-Metamorphosis. F. Kafka.
2-Plot. Joyce Carol Oats.
3-Vacuum.
Օր մը չէր, որ արթնցաւ եւ ինքզինք այս պարապին մէջ գտաւ: Պարապը սկիզբէն կար, ոչ քաոսային, այլ ծրագրուած, դասաւորուած:
Ինչ որ գտաւ այդ օրը, անդրադարձն էր անոր, այդ պարապին մէջ գտաւ: Պարապը սկիզբէն կար, ոչ քաոսային, այլ ծրագրուած, դասաւորուած: Կարդալ աւելին
1880-1910 երեսնամեակի անգլիական թէ ամերիկեան գրականութեան ամենէն ցայտուն դէմքերէն մէկն է Հենրի Ճէյմզ։ Ծնած էր Նոր Եորք 1843-ին. 1869-ին կը հաստատուի Անգլիա, ուր կ՚ապրի մինչեւ իր մահը 1916-ին։ Հեղինակն է տասնեակներով վէպերու, վիպակներու եւ պատմուածքներու, որոնցմէ ամենէն ուշագրաւ խորագիրներն են What Maisie Knew (1897), Կարդալ աւելին
Վահէին իմ առաջին պատկերս 1970ականներուն Համազգայինի Նշան Փալանճեան Ճեմարանի բակին մէջ, երկար մազերով, Վ. Սէթեան տպարանը աշխատող հիփփի մըն է, որ Զօհրապ Եագուպեանին հետ Գիքորի բեմականացման մէջ պեզազ Արթինին դերը կը խաղար: Յետոյ Ասպարէզին մէջ սինեմայի մասին իր գրութիւնները մեծ հետաքրքրութեամբ... Կարդալ աւելին
Յակոբ Կիւլլիւճեանի անունը լսած էի ծանօթէ մը, քանի մը տասնամեակ առաջ, սակայն որքան կը յիշեմ առաջին զօրաւոր, պիտի ըսեմ դրոշմող տպաւորութիւնը կը պարտիմ 1999ի յօդուածի մը՝ որ կը շօշափէր  ցանցակերպ հաղորդակցութեան սահմանուած դերը Սփիւռքի մէջ։ Այն օրերուն Կարդալ աւելին
Վերջերս ստիպուած եղայ «տուն» բառին իմաստը բառարաններու մէջ փնտռել, նախ հայերէն, ապա անգլերէն, արաբերէն, ֆրանսերէն բառարաններուն մէջ, որովհետեւ կորսնցուցեր էի զայն՝ տունին իմաստը, աւելի ճշգրիտ ըլլալու համար՝ տունին իսկական նշանակութիւնը եւ ուր ըլլալը:
Այլ խօսքով՝ կորսնցուցեր էի տունս: Անտուն էի: Եւ որպէս տուն չունեցող մէկը, «տուն» Կարդալ աւելին
1.
1960ական-1970ական թուականներու անկիւնադարձին մանրամասն արժեւորումը դեռ ապագայի գործ կը մնայ, որուն համար պէտք է հաշուի առնել Լիբանանէն մինչեւ Հարաւային Ամերիկա եւ Ֆրանսայէն մինչեւ Հիւսիսային Ամերիկա խաչաձեւ ու զուգահեռ հոսանքները իրենց բազմաթիւ երեսներով, նաեւ՝ Հայրենիքի ու Սփիւռքի միջեւ գոյացած անջրպետը չափով մը...
  Կարդալ աւելին
 8. Rue Lamartine
               Viroflay (s. et o.)

     Սիրելի պարոն Անտոնեան,
     Քանի օր է որ ձեզ պիտի գրեմ բայց աչքերս կուրնալու չափ հիւանդ էին ինչպէս եւ լիարդս: Այսօր քիչ մը աղէկ եմ (թէեւ դաշտահանդէսին չի... Կարդալ աւելին
Կո­մի­տաս Վար­դա­պե­տ
Կո­մի­տաս Վար­դա­պե­տը դար­ձած է խորհր­դա­նի­շը հայ մշա­կոյ­թի ե­ղեռ­նե­ան նա­հա­տա­կու­թե­ան: Ան մնաց կեն­դա­նի մար­տի­րոս մը Հայոց ցե­ղաս­պա­նու­թե­ան ու հի­ւան­դա­գին վկան դար­ձաւ նաեւ ազ­գի մը մշա­կու­թային սպան­դին:­
     Ե­ղեռ­նե­ան գե­հէ­նէն յետս կո­չո­ւած, Կո­մի­տաս Պո­լիս կը հաս­նի 15 Մայիս 1915-ին: Բայց ար­դէն ի­սկ հո­գե­բա­րո­յա­պէս խե­ղո­ւած ու մտո­վի խա­թա­րո­ւած, ան զի­նա­դա­դա­րէն ե­տք, 1919-ի սկիզ­բը Կարդալ աւելին
Ծ­նած է 1932-ին, Պէյ­րութ, Լի­բա­նան:­

Ու­սում

1949-1952, Պէյ­րու­թի Գե­ղա­րո­ւես­տի ա­կա­դե­մի­ա
1952-1958, Փա­րի­զի Ազ­գային բարձ­րա­գոյն ա­րո­ւեստ­նե­րու դպ­րոց, ո­ւր­կէ վկայո­ւած է
1952-1954, Հիւ­պէր Ե­ան­սե­սի հետ մարմ­նա­քան­դակ
1954-1956, Մար­սէյ Ժի­մո­նի հետ` դի­մա­քան­դակ
1956-1958, Ա­լֆ­րետ Ժա­նի­ոյի հետ բարձ­րա­քան- Կարդալ աւելին