ԱՒԵԼԻ քան դարէ մը ի վեր, Գրիգոր Զօհրապի կեանքն ու գործունէութիւնը լայնօրէն լուսաբանուած են գրականութեան մէջ, բայց միշտ պէտք է պատրաստ ըլլալ անակնկալներու եւ նորութիւններու։     Օսմանեան Սահմանադրութեան վերականգնումէն ետք (1908), Զօհրապի հանրային գործունէութիւնը թէ՛ իբրեւ Խորհրդարանի հայ երեսփոխան եւ թէ՛ իբրեւ Ազգային Երեսփոխանական Կարդալ աւելին
Զաւէն Պիպեռեան հետեւեալ նամակները գրառած էր 1949ին, երբ տակաւին հրատարակած չէր իր անդրանիկ վէպը՝ Լկրտուածը, որ լոյս պիտի տեսնէր տասը տարի անց, 1959ին։ Ուրեմն, ան այդ թուականներուն Սփիւռքի շրջանակներուն առաւել ծանօթ էր որպէս Պոլիս հրատարակուող «Նոր լուր» թերթի (Բ շրջանը՝ 1945-1954 թթ.) «խիզախ խմբագիրը»։
Պիպեռեան Յունուար-Մարտ 1946ին խմբագրած էր «Նոր լուր»ը, ուր հրատարակած «Ա՛լ կը... Կարդալ աւելին
Որբունիի այս անտիպ էջերը, որոնք գրուած են անոր կեանքի վերջին տարիներուն, կը հանդիսանան Հալածուածները վիպաշարքի ութերորդ հատորի միակ գրուած էջերը։ Անոնք մեզի տրամադրուեցան Գրիգոր Պըլտեանի կողմէ։ Շարքին առաջին հատորը՝ Փորձը, լոյս տեսած էր Փարիզ, 1929-ին, որմէ ետք Որբունի շատ երկար սպասած է, աւելի քան չորս տասնամեակ, մինչեւ... Կարդալ աւելին
2017 թուականի Յունիսին Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնը իրականացրեց Շուշի. 48 ժամ լուսանկարչական նախագիծը, որի նպատակն էր ցոյց տալ մերօրեայ Շուշիի քաղաքային կեանքի ողջ գունապնակը եւ հասարակ քաղաքացուն իր առօրեայով։ Այս զրոյցը նախագծի համակարգող, վաւերագրող Կարդալ աւելին
Տուր ինծի ձայնդ
Սուատ Մասի
որպէսզի կոկորդիս մէջ գրկեմ ոռնացող աղմուկը քաղաքին
ջնջելու յիշողութիւնը բոլոր գիշերներուն բազմադրուագ
ուր բնակեցայ իբրեւ վերջին արթուն պահակը
                                     արցունքի ու մահուան
                                                            կախուած
Կարդալ աւելին
Գրիգոր Պըլտեան
Էլիզապէթին եւ Զարեհ որբունիին հետ, Փարիզ, 1971-1972

Լուսանկարին հրաշքը անգամ մը եւս, որ կարելի կը վերադարձնէ բոլորովին մոռցուած պահ մը, կարծես ուրիշ մէկը քեզ յիշէր աւելի ճշգրիտ կերպով բան դուն, եւ այդ պահուն ո՞վ, ի՞նչ էիր, չէիր տեսած անգամ Էլիզապէթին splendeur-ը, Որբունիին ակներեւ ցանկութիւնը քննելու նկարողը, ապա տրուելու գործիքին։ Առաջին անգամ իր Վեցերորդ թաղամասի աշտարակային եօթներորդ յարկի տան մէջ եղեր էինք Յարութիւն Քիւրքճեանն ու ես, Սորպոնի մեր... Կարդալ աւելին
—Լսի, էստեղ ով Սովետից է, ռուսի տեղ են դնում, — ասում է Կատեան։
     Ճիշտ է ասում, բայց ես կ՚ասէի ուրիշ բան, Կատեան ինքը ռուս է, ինչպէ՞ս է նկատել։ Իսկ գուցէ թաթա՞ր է, Կազանի կողմերից է։ Մէկ է, ռուսի նման է։
     Մոնթրէալի համալսարանում ֆրանսիզասիոնի աւարտական չորրորդ դասարանից է Կատեան, ես՝ երկրորդից, յետ եմ մնում, վատ եմ սովորում, Կարդալ աւելին
Իր կեանքին հանդէպ վերաբերումներէն ու հակազդեցութիւններէն մեկնած, Շուշանեանի հերոսը այն նոյն պատանին կամ երիտասարդը կը թուի միշտ, որ արտաքին տարբեր կերպարներու եւ կացութիւններու մէջ, կու գայ ինքզինք փնտռելու եւ կամ… ինքն իրմէ խուսափելու:
    «Աոաջին սէրը» , «Մթին պատանութիւն» եւ... Կարդալ աւելին
«Բագին»ի Սեպտեմբեր 2016 թիւով կը ներկայացնենք գանատաբնակ նկարիչ-քանդակագործ Կարէն Պետրոսեանի «Պատերազմ եւ խաղաղութիւն» ցուցահանդէսի գործերէն օրինակներ, ինչպէս նաեւ այս ցուցահանդէսին առիթով գրուած գանատացի արուեստաբան էրիք Տեւլինի վերլուծումը։ Այս ուշագրաւ ցուցահանդէսի բացումը տեղի ունեցաւ Երեւանի ժամանակակից արուեստի թանգարանին մէջ 2015-ին, ապա՝ ցուցահանդէսը փոխադրուեցաւ... Կարդալ աւելին
Գիրք մը, օրինակ
Գիրքին կողքը կարդալու պէտք չկայ. ատիկա ըրեր ես արդէն ցուցափեղկէն դիտած ատենդ կամ գրախանութին մէջ, գրաւուեր ես անոր ձեւաւորումէն եւ գներ ես զայն։ Կամ եթէ բարեկամ մը տուեր է, ստիպելով, որ կարդաս՝ «շատ աղուոր է», - թէեւ այս պարագային յստակ չէ, թէ «աղուոր» ճիշդ ինչ կը նշանակէ, հակառակ աղջկան մը Կարդալ աւելին
> Ժամ առաջին
ՀՈՍ չեմ եկած երբեք։ Քիչ մը ճնշող է ներսի մթնոլորտը։ Մութ է եւ կարծես ներկաները հրոսակներու խումբ մըն են։ Կ՚երեւի ես ալ տարօրինակ կը թուիմ իրենց, իմ մաքուր ճինզովս եւ ճերմակ վերարկուովս։ Կաշիէ ժաքէթներով, շղթաներով եւ թաթուներով այրեր ու կիներ կը դառնան եւ ինծի կը նային։ Ջուրէն դուրս ինկած ձկնիկ եմ հոս, որ... Կարդալ աւելին
Զաւէն Պիպեռեանի, ինչպէս փաստօրէն գրական եւ կենսագրական նմանատիպ ուղեծիր ապրած շատ ուրիշ արժանաւոր գրագէտներու պարագային, ընդունուած կարգ է առաջնահերթաբար նշել անտեսումի, ճանաչման զլացումի երեւոյթը - բնորոշ գիծ՝ մեր ազգա-մշակութային իրականութեան:  Եւ, հաւանօրէն, այդպիսի ընդգծում արդարացի է մասամբ:
     Բայց ես պիտի նախընտրեմ տուրք... Կարդալ աւելին
Գ. ԹԵԿՆԱԾՈՒԷՆ ՄԻՆՉԵՒ ԵՒ ԵՂԵՒ ՄԱՐԴ

     «Ասֆալթը» նոր էջ մըն է հայ վիպագրութեան համար։
     «Հալածուածներ»ու շարքին երրորդ գլուխը կազմող այս գործը, որ լոյս տեսաւ 1972ին, «Մարմարա» հրատարակչատան կողմէ... Կարդալ աւելին
Վերջերս ստիպուած եղայ «տուն» բառին իմաստը բառարաններու մէջ փնտռել, նախ հայերէն, ապա անգլերէն, արաբերէն, ֆրանսերէն բառարաններուն մէջ, որովհետեւ կորսնցուցեր էի զայն՝ տունին իմաստը, աւելի ճշգրիտ ըլլալու համար՝ տունին իսկական նշանակութիւնը եւ ուր ըլլալը:
Այլ խօսքով՝ կորսնցուցեր էի տունս: Անտուն էի: Եւ որպէս տուն չունեցող մէկը, «տուն» Կարդալ աւելին
Արամ Պաչեան
Կապիկի
        թաթը
             պատշգամբի արանքով: Թաթը կրակում է: Նախագահը չի ընկնում: Մահն ինքն իր կատակի ճանապարհին շեղում է նրա ճակատին ուղղուած մուրապայի հատիկներով կապիկի թաթը, որ նետում ես հիւրասենեակի կենտրոնում քնած կատուի ձագերի առջեւ: Նրանք կիսախուփ աչքերով թրթռացնում են... Կարդալ աւելին
ՀԱՅԱՍՏԱՆ այցերէս մէկն էր, կը յիշեմ, հաւանօրէն 2010, յուլիսի ահաւոր տօթ կէսօր մը: Գացած էի հանդիպելու երեւանեան իմ սակաւաթիւ ծանօթութիւններէս՝ Վլատիմիր Բարխուդարեանին, Ակադեմիայի իր գրասենեակը: Զրոյ­ցը, հանդարտ եւ ջերմ միանգամայն, ինչպէս էր ինքը՝ այժմ հանգուցեալ հիւրընկալս, տեւեց բաւական երկար: Ոգեկոչեցինք առաւելաբար վենետիկեան օ­րեր, որ անցուցած է ինք միասին — ծանօթացումով եւ անկաշկանդ զրոյցով: Տպաւորած էր իր զուսպ, խաղաղ, ճենթըլմէն վարքով-վարմունքով, ո՛չ Կարդալ աւելին
Նշանեան
 Առաջին հատորով մը, Մարկ Նշանեան 2015ին ընթերցողին հրամցուցած էր Մորիս Պլանշոյի ու Ժորժ Պաթայլի փիլիսոփայական բարեկամութեան ընդհանուր յայտարարին տակ գրուող վերապրողի, անոր մէջ վկային մահուան, ճշմարտազուրկ դէպքին ու անոր պատումնային կառոյցի գաղափարները։ Իւրայատուկ... Կարդալ աւելին