Վեհանոյշ Թեքեան
 Մեր գիւղը՝ Մազրաա Քֆէրզըպյեն նշանաւոր էր իր մաքրամաքուր օդով։ Պէյրութի բժիշկները իրենց սրտի հիւանդներուն կը յանձնարարէին այս գիւղը անցընել ամառնային օդափոխութեան ամիսները։ Սիմոնեան գէթ ժամանակաւոր դարմանում կը նկատէր Մազրաա այցելել երբեմն Կիրակի օրերը, միշտ շքախումբով մը։
 Գիւղի մեր տունը ամուր քարաշէն փոքրիկ տուն մըն էր, եւ անսահման պարտէզ մը... Կարդալ աւելին
Մարկ Նշանեանի վերջին մտորումներուն մէջ կեդրոնական տեղ կը գրաւէ մահադիմակը։ Այս փոխաբերական յղացքը կը դառնայ կիզակէտ, ուր Նշանեանի տասնեակ տարիներ շարունակ հետապնդած նիւթերը՝ լեզու-վկայ-վկայագրութիւն, ժամանակ-պատկեր-պատում... Կարդալ աւելին
Միշէլ Սիւրիա Ժորժ Պաթայլի թիւ մէկ մասնագէտն է Ֆրանսայի մէջ, որուն մասին գրած է առաջին մեծ ուսումնասիրութիւնը՝ Georges Bataille, la mort à l’œuvre [Ժորժ Պաթայլ, մահը գործի վրայ], որ տարիներու ընթացքին բազմաթիւ լեզուներու թարգմանուած է։ Երեսուն տարիէ ի վեր, Սիւրիա Lignes եռամսեայ հանդէսի (գրական, քաղաքական, փիլիսոփայական) պատասխանատուն է։ Որպէս հրատարակիչ, Մարկ Նշանեանի ֆրանսերէն... Կարդալ աւելին
Մեծավաստակ գրական քննադատ, բանասէր ու հանրային գործիչ Նիկոլ Աղբալեանի (1875-1947) կեանքի վերջին քառորդ դարը բնորոշելով, Գառնիկ Բանեան՝ անոր մահուան առիթով շարադրած կեանքի ու գործի ուրուագիծին մէջ կը հաստատէր, թէ «Սփիւռքի մէջ Ն. Աղբալեանի մտաւորական կեանքը կը հոսի՝ գրական ստեղծագործութեամբ, հանրային եւ մանկավարժական գործունէութեամբ»։ Կարդալ աւելին
Գրիգոր Պըլտեանի Հայկական ֆուտուզիզմ մենագրութիւնը մանրակրկիտ ու խորազնին ներկայացումով մեր գրականութեան պատմութեան լոյսին բերած է մոռացութեան գիրկը նետուած Կարա-Դարվիշի (Յակոբ Գէնջեան, 1870-1932) անունն ու արտադրութիւնը[1]։ Արեւելահայ ապագայապաշտութեան ռահվիրան, ինչպէս... Կարդալ աւելին
1867-1936։ Իտալացի թատերագիր, բանաստեղծ ու արձակագիր: ԺԹ. դարու բնապաշտ, թշուառութեան վրայ ողբացող գրականութենէն (Զոլայէն Տոսթոյեւսքի ու Տիքընզէն մինչեւ Զօհրապ) զատուելով՝ գրական հաւատամք մը մշակած է Umorismo անունով: Իր հերոսներուն չի մեղքնար ու ոչ ալ ընթերցողին ափսոսանքին կը յանձնէ, այլ թշուառութեան եւ յուսաբեկութեան մէջ զաւեշտալին կը փնտռէ, կը գտնէ ու ցաւագին... Կարդալ աւելին
Լեզու յարալէզ

Հատուածային պիտի ըլլայ ինչ որ պիտի գրեմ այստեղ։
Սորված եմ բազմաթիւ լեզուներ եւ մոռցեր եմ մի քանին։ Մէջս բան մը մոռցեր է զանոնք։ Չեմ գիտեր ե՞րբ։ Կը պատահի որ հանդիպիմ անոնցմէ մէկուն կամ միւսին, քանի մը նախադասութեան... Կարդալ աւելին
Նախակրթարանի աշակերտ էինք: Հայերէնի մեր ուսուցիչը օր մը շարադրութեան համար մեզի տուաւ հետեւեալ նիւթը. «Գի՞ւղը թէ քաղաքը»: Առանց վայրկեան մը վարանելու ես ընտրեցի գիւղը եւ գրեցի շարադրութիւն մը որ մասնաւոր գնահատանքի արժանացաւ:
         Մինչեւ այսօր տակաւին կը յիշեմ այն գոյները, գիծերը եւ զգացումի ջերմութիւնը, որոնց շնորհիւ յաջողեցայ Կարդալ աւելին
ԱՌԱՋԻՆ անգամ Մարկ Նշանեանի անուան հանդիպեցայ 90ականներու ա­ւարտին։     Խորհրդային Միութեան փլուզման տարիներն էին, արեւը եւ լոյսը նոր կը մտնէին սովետական աշխարհ ու ազատականութեան մթնոլորտին մէջ տասնեակ այլախոհ գրողներու կողքին վեր կը յառնէր նաեւ Աբրահամ Ալիքեանի անունը, որ իր ետին թողելով գրական յայտնի եւ գաղտնի գրականութեան մը էջերը Կարդալ աւելին
Խօսող լերան պատմութիւնը հատորը ի մի կը բերէ Վեհանոյշ Թեքեանի գրական խոհագրութիւններու շարք մը, գրուած՝ երեք տասնամեակներու ընթացքին (1984–2015)։ Հեղինակը իր հայեացքը սեւեռած է Սփիւռքի վրայ, ու այդ նպատակով՝ տարբեր ժամանակներու գրուած ու տարբեր Կարդալ աւելին
Հերմինէ Աւագեան
Ես գալիս եմ քեզ մօտ գլխաբաց,
որ անձրեւներդ շոյեն արցունքներս
եւ ասեն, որ այս տարի
ձմեռ չի լինելու
ու գարունը արդէն ճամբայ է ընկել
դէպի քեզ․․․
Ես գալիս եմ քեզ մօտ ամէն օր
եւ շուրթերիս աղօթքներ եմ բերում,
որ համբոյրի հետ թողնեմ դէմքիդ,
մարմինդ... Կարդալ աւելին
Վահէ Օշական
1972, Օգոստոս 14, կէսօրէ ետք ժամը չորսը քառորդ անց։
***
Չորս մեթրով երեք մեթր է ճաշասենեակը։ Էրիկ կնիկ նստեր են դէմ դիմաց ու քառակուսի գիծերով գոց կարմիր մոմլաթ կայ քառակուսի սեղանին վրայ։ Պատերը մերկ են, անօթի ծարաւ ու անարձագանգ՝ ուր ամէն ինչ կը հատնի. Բաց է պատուհանը ու դիմացի տասյարկանի շէնքի Կարդալ աւելին
ԳՈՅՆԵՐՈՒ յորձանուտ մըն է, որ կը գրաւէ դիտողին տեսադաշտը երբ դէմ յանդիման կը գտնուի Գագիկ Ղազանչեանի պաստառներուն, եւ առաջին հակազդեցութիւնը կ՚ըլլայ՝ ինչպէ՞ս դիրքորոշուիլ երանգներու լայնածաւալ այս հոսքին դիմաց։ Պաստառները բոցավառ հրդեհներ ըլլան կարծես, որոնցմէ արձակուած գունային բռնկումներ կը լեցնեն պատկերասրահի Կարդալ աւելին
Արամ Պաչեան
Կապիկի
        թաթը
             պատշգամբի արանքով: Թաթը կրակում է: Նախագահը չի ընկնում: Մահն ինքն իր կատակի ճանապարհին շեղում է նրա ճակատին ուղղուած մուրապայի հատիկներով կապիկի թաթը, որ նետում ես հիւրասենեակի կենտրոնում քնած կատուի ձագերի առջեւ: Նրանք կիսախուփ աչքերով թրթռացնում են... Կարդալ աւելին
ՏՈՒՆԸ չորսսենեականոց էր՝ հիւրասենեակը, երեխաների սենեակը, տատիկի սենեակը եւ հօրս սենեակը։ Մեզ բոլորիս քնելու տեղաւորելուց յետոյ մայրս տեղափոխւում էր հօրս մօտ։ Տունն այնպէս էր նախագծուած, որ հօրս սենեակ հնարաւոր չէր մտնել միւս սենեակների միջով․ այն առանձին մուտք ունէր։ Մօրս հեռանալն ուղեկցւում էր տախտակների ճռճռոցով։ Վարսենիկ տատի կամ պարզապէս «բաբոյի» (բաբուշկա՝ տատիկ բառը՝ հայկական ոճով) սենեակը նոյնպէս Կարդալ աւելին
 Դե­րե­նիկ Դե­միր­ճե­ա­նի ստեղծա­գոր­ծու­թիւ­նը դեռեւս խորհր­դային տարինե­րին հան­գա­մա­նօ­րէն ուսումնասիրո­ւել, հրա­տա­րա­կո­ւել եւ բազմիցս վերահրա­տա­րա­կո­ւել է: Ա­կադեմական հրա­տա­րա­կու­թիւնը կազմում է 14 ստո­ւար հա­տոր: Կարդալ աւելին
Զրոյցը Մոնթրէալի L'AMÈRE À BOIRE PUBում։ Դաւիթ Մանդէլի Պետրոգրադի աշխատաւորները 1917 թուի յեղափոխութիւններում գրքի շնորհանդէսի ժամանակ է։
ԱՅՈ, սոցիալիզմի ժամանակ մարդիկ հարստութեան յետեւից չէին վազում, նրանց այլ բաներ էին հետաքրքրում ասում է Լիւդմիլան։
    – Բայց Սովետը սոցիալիստական չէր,- առաջին անգամ միջամտեց Եւան։
Կարդալ աւելին
«Բագին»ի Սեպտեմբեր 2016 թիւով կը ներկայացնենք գանատաբնակ նկարիչ-քանդակագործ Կարէն Պետրոսեանի «Պատերազմ եւ խաղաղութիւն» ցուցահանդէսի գործերէն օրինակներ, ինչպէս նաեւ այս ցուցահանդէսին առիթով գրուած գանատացի արուեստաբան էրիք Տեւլինի վերլուծումը։ Այս ուշագրաւ ցուցահանդէսի բացումը տեղի ունեցաւ Երեւանի ժամանակակից արուեստի թանգարանին մէջ 2015-ին, ապա՝ ցուցահանդէսը փոխադրուեցաւ... Կարդալ աւելին
Չորս նամակներ Զ. Սիւրմէլեանէն պահպանուած են Սարաֆեանի արխիւին մէջ, Անթիլիասի Մայրավանք։ Մեր ենթադրութեամբ հաւանաբար նամակ մը եւս փոխանակուած է անոնց միջեւ, որ մեզի չէ հասած եւ որուն մասին ակնարկութիւններ կան։
     Այս թղթակցութիւնը, ինչպէս կ՚րսէ Սիւրմէլեան, երկար չէ տեւած, եւ հոս տպուած վերջին գիրը... Կարդալ աւելին
ԳԷՈՐԳ ՓԱԼԱՆՃԵԱՆ
Թեթեւ, բոպիկ, երբեմն շուարուն քայլերով, մատներով, ձայնով ցած կը մօտենաս, ըլլայիր կարծես, գիշերաշրջիկ, կը փսփսաս,
վայրը ես եմ, եւ կը ձգես ըսեմ երազի լացով, մանկութիւնդ ես։ Կը ժպտիս երբ դէմք չունիս. վայրը մանկութիւնն է, կ՚ըսես,
կ՚ըլլաս կարմիր փէշը ծովային խոտերուն վրայ, կը բռնկիս, կը պոռաս, կը բռնկիս իրիկուան արեւու հորիզոնէն, կը գրեմ քեզ կարօտին ու վախին, մարմնիդ ջնջուող, անապրելի, անկենդան... Կարդալ աւելին