«Կենսագրական պատրանք» կոչուած երեւոյթին գիտակից ըլլալով հանդերձ, պիտի փորձեմ այս հակիրճ աշխատութեան մէջ ի մի բերել որոշ դրուագներ դէմքի մը՝ Գեղամ Տէր Կարապետեանի կեանքէն եւ գործունէութենէն: Դէմք մը, որուն գրական եւ քաղաքական յանձնառութիւնները ծանօթ են XIX-րդ դարէն XX-րդի դարձակէտի՝ Օսմանեան Կայսրութեան հայ գրականութեան եւ պատմութեան քանի մը հազուագիւտ... Կարդալ աւելին
ՇՈՒՐՋ կէսդարեայ բանաստեղծական ճանապարհի մասին պիտի դատողութիւններ անել, եթէ անդրադառնալու լինենք Յարութիւն Պէրպէրեանի գրականութեանը. չորս՝ Կորիզ (Պէյրութ, 1979), Ոսպնեակ (Պէյրութ, 1984), Անցման եղանակ (Մոնթրէալ, 1993) եւ Սահմաններ (Երեւան, 2007) քերթողագրքերն ամփոփելու եւ միաժամանակ նոր ու թարմ... Կարդալ աւելին
ՎԵՐՋԵՐՍ Երեւանի Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանում (ԳԱԹ) պահուող Կոստան Զարեանի արխիւը հարստացաւ նոր ձեռագրերով՝ հինգ անտիպ բանաստեղծութիւն եւ մէկ արձակ գրառում։ Դրանք թանգարանին է նուիրել բանասէր Սեդա Անանեանը, որը 1966–1967 թուականներին եղել է Զարեանի օգնական-քարտուղարը։
Բանաստեղծութիւններից մի քանիսը Կարդալ աւելին
ՋՈՆ Հոյեր Ափդայքը (1932–2009) դժուար թէ կարիք ունի ներկայացման: Մինչդեռ աշխարհահռչակ այս ամերիկացի գրողի շփումները հայութեան հետ արժանի են ուսումնասիրութեան եւ ներկայացման։ Սոյն թեմային (մասնաւորապէս՝ հայկական թեման Ափդայքի ստեղծագործութեան մէջ) ցայժմ անդրադարձել է Արա Պալեօզեանը։ ՓԱՐԱՋԱՆՈՎ
1964ին Ափդայքը եւ կինը՝ Մէրի Ափդայքը, ԱՄՆ Պետդեպարտամենտի անունից ուղեւորուել են Խորհրդային Միութիւն՝ լինելով մի քանի քաղաքում, նաեւ՝ Երեւանում:   Կարդալ աւելին
Շաւարշ Նարդունիի կենդանագիրը կազմելու համար, առաջին տպաւորու­թեամբ, ունինք կարիքը ընթացիկէն հեռացող գոյներու, երանգներու: «Փա­րիզի տղոց» (գործածելով յ. Օշականի բնորոշումը) խումբին մէջ, ան միւսներէն կը զատորոշուի իր գործին անմիջական, շեշտօրէն ենթակայական նկարագրով, անմիջապէս աչքի զարնող այլազանութեամբ մը, որ ոչ-խորաթա­փանց Կարդալ աւելին
Արամ Պէյրութի զաւակն էր:
Երբեք խորապէս չէր մտածած իր ազգային պատկանելիութեան մասին, ոչ ալ՝ վերլուծած իր զգացումները, հպատակութեան հարցը, տարբերութիւնը հայ եւ լիբանանցի ըլլալու: Բայց գիտէր, կը զգար, որ ինք միջերկրականեան մայրաքաղաքին կը պատկանէր: Կը սիրէր... Կարդալ աւելին
   Ամենէն վտանգաւոր եւ միաժամանակ ամենէն փորձիչ ու շահեկան աշխատանքներէն մէկը հետախուզումն է բանաստեղծի մը քերթողական յղացքի հոլովոյթին, անոր այլազան հետաքրքրութիւներու զարգացումին եւ տարբեր հարցերու ընկալման, որովհետեւ այսպիսի գործողութիւն մը կը նշանակէ բանալ բանաստեղծին կազմաւորման տարբեր շերտերը... Կարդալ աւելին
Գրիգոր Պըլտեանի Հայկական ֆուտուզիզմ մենագրութիւնը մանրակրկիտ ու խորազնին ներկայացումով մեր գրականութեան պատմութեան լոյսին բերած է մոռացութեան գիրկը նետուած Կարա-Դարվիշի (Յակոբ Գէնջեան, 1870-1932) անունն ու արտադրութիւնը[1]։ Արեւելահայ ապագայապաշտութեան ռահվիրան, ինչպէս... Կարդալ աւելին
Հայաստանի առաջին հանրապետութեան հարիւրամեակին առթիւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Խաչիկ Պապիկեան» հրատարակչական հիմնադրամը 2019ի առաջին... Կարդալ աւելին
ԱՌԱՋԻՆ անգամ Մարկ Նշանեանի անուան հանդիպեցայ 90ականներու ա­ւարտին։     Խորհրդային Միութեան փլուզման տարիներն էին, արեւը եւ լոյսը նոր կը մտնէին սովետական աշխարհ ու ազատականութեան մթնոլորտին մէջ տասնեակ այլախոհ գրողներու կողքին վեր կը յառնէր նաեւ Աբրահամ Ալիքեանի անունը, որ իր ետին թողելով գրական յայտնի եւ գաղտնի գրականութեան մը էջերը Կարդալ աւելին
Մահը ամէն տեղ էր: 
     Հրապարակները, պողոտաները եւ փողոցները դարձած էին սարսափազդու կրկէսներ, ամայի ռազմադաշտեր, ուր մահը կը ծիծաղէր, կը քրքջար, ուր դարանակալ դահիճներ անակնկալի կը բերէին պատահական զոհերը: 
       Վարձկան նշանառուներ, դիրք բռնած բարձր տանիքներու վրայ, անմեղ անցորդներ կ'որսային: Սպաննելու առիթը երբեմն այնքա՜ն Կարդալ աւելին
Կե­ան­քի վեր­ջին տա­րի­նե­րուն, գրա­կա­նա­գէտ Ալ­մաստ Զա­քա­րե­ա­նը (1923-2013) հրա­տա­րա­կած էր ծո­վա­ծա­ւալ (1900 էջ) Ե­ղի­շէ Չա­րենց. կե­ան­քը, գոր­ծը, ժա­մա­նա­կը աշ­խա­տու­թե­ան ե­րեք հա­տոր (1997, 2003, 2008)։ Ը­ստ մա­հագ­րու­թե­ան մը, «Ա. Զա­քա­րե­անն աշ­խա­տեց այս կո­թո­ղային մե­նագ­րու­թե­ան յաջորդ հա­տոր­նե­րի վրայ, բա­ռիս բուն... Կարդալ աւելին
ԱՅՍ բոլորը երբ քով քովի դրուած են, անսպասելի պատկեր մը կը կազմեն սա­կայն: Ամէն մէկը առանձին ու բոլորը միասնաբար՝ Սփիռքէն է որ կը խօսին, հի­նէն ու նորէն, Պէյրութէն ու Փարիզէն, Միջին Արեւելքէն ու ծայրագոյն Արեւմուտքէն: Սփիւռքէն կու գան ու Սփիւռքին կ’անդրադառնան: Այդ պատճառով իսկ՝ որոշեցի սկիզբը որպէս «Մուտք» զետեղել Յակոբ Օշականի «Վկայութիւն մը» կոչուած ծանօթ կտորին վերաբերող աշխատանք մը: Կարդալ աւելին
ՄԱՐԿ Նշանեան մասնագէտն է կրկնակի հարկադրանքի, ինչ որ նաեւ կը կոչուի կրկնակի հակասական հրաման։ Որպէս (մանաւանդ) Ժան-Ֆրանսուա Լիոթառի ընթերցող, հոն ուր ան կը խօսի վերապրողի դիրքին մասին ժխտողին դէմ յանդիման, Նշանեան մտաւորական ու զգացական իր կեանքէն մեծ մաս մը յատկացուցած է Ի. եւ ԻԱ.. դարերու երկայնքին հայերու պարզած վիճակին ընդերքը հասկնալու աշխատանքին։ Կարդալ աւելին
«Սկսեր էր լքում ժամանակը»
Գ.Պըլտեան, Պատկերը
Առաջին անգամ երբ սկսայ Պըլտեանի վէպերէն մէկը կարդալ, ինքզինքս գտայ հետաքրքրական երեւոյթի մը առջեւ։ Մտովի ընթերցելը հետըզհետէ կը դառնար անկարելիութիւն։ Պըլտեանի գրութիւնը ճկունութեամբ կը հոսէր ու... Կարդալ աւելին
Երբ 2001 թուականին լոյս տեսաւ Յետգրութիւն ժողովածուն, որն իր բնոյթով ընտրանի էր եւ ամբողջացնում էր Հենրիկ Էդոյեանի բանաստեղծական նկարագիրը, թւում էր՝ նա «փակում» է իր հաշիւները բանաստեղծութեան հետ, յամենայնդէպս՝ սեփական ստեղծաբանական տարածութեան ամփոփում էր դա ենթադրում: Մանաւանդ, իմ կարծիքով, նոյնիսկ գրութենական գոյութեան պարագային... Կարդալ աւելին
Վերջերս ստիպուած եղայ «տուն» բառին իմաստը բառարաններու մէջ փնտռել, նախ հայերէն, ապա անգլերէն, արաբերէն, ֆրանսերէն բառարաններուն մէջ, որովհետեւ կորսնցուցեր էի զայն՝ տունին իմաստը, աւելի ճշգրիտ ըլլալու համար՝ տունին իսկական նշանակութիւնը եւ ուր ըլլալը:
Այլ խօսքով՝ կորսնցուցեր էի տունս: Անտուն էի: Եւ որպէս տուն չունեցող մէկը, «տուն» Կարդալ աւելին
 Հայաստանի Հանրապետութեան վաստակաւոր նկարիչ, Հայաստանի նկարիչներու միութեան անդամ՝ Արմէն Վահրամեանը ծագումով Հայաստանի Լոռի մարզի Արդուին գիւղէն է։        Աւարտած է Մարտիրոս Սարեանի անուան ուսումնարանի մանրանկարչութեան  եւ Երեւանի գեղարուեստա-թատերական հիմնարկի գծանկարչութեան բաժանմունքները։ Կ’ապրի եւ կը ստեղծագործէ Երեւանի մէջ։     Ցուցահանդէսներով հանդէս եկած է՝ Հայաստանի, Սպանիոյ, Հոլանտայի, Մալթայի, Ֆրանսայի Կարդալ աւելին