Իր կեանքին հանդէպ վերաբերումներէն ու հակազդեցութիւններէն մեկնած, Շուշանեանի հերոսը այն նոյն պատանին կամ երիտասարդը կը թուի միշտ, որ արտաքին տարբեր կերպարներու եւ կացութիւններու մէջ, կու գայ ինքզինք փնտռելու եւ կամ… ինքն իրմէ խուսափելու:
    «Աոաջին սէրը» , «Մթին պատանութիւն» եւ... Կարդալ աւելին
Անձաւներու պատերուն իր նկարած կամ փորագրած ժայռապատկերներու անյիշատակ ժամանակներէն իվեր, մարդը յար լծուած է իր ներքին եսը շօշափելի օրէն արտայայտելու անդադրում ճիգին։ Այդ ժայռապատկերները մեզի կը թելադրեն, թէ մարդուն ապրած բնաշխարհն ու զայն իր հետ բաժնեկցող անասունները զինք կը տպաւորէին ուժեղօրէն. միաժամանակ, եւ աւելի... Կարդալ աւելին
Մարկ Նշանեանի վերջին մտորումներուն մէջ կեդրոնական տեղ կը գրաւէ մահադիմակը։ Այս փոխաբերական յղացքը կը դառնայ կիզակէտ, ուր Նշանեանի տասնեակ տարիներ շարունակ հետապնդած նիւթերը՝ լեզու-վկայ-վկայագրութիւն, ժամանակ-պատկեր-պատում... Կարդալ աւելին
Տարածութիւն,
կը խտանան ուր դարեր 
ու ծարաւէ կը բռնկին 
     ռումբերուն մէջ երազի՝ 
տիեզերքի աչքէն հեռու, 
     տեղ մը՝ կաւի կառոյցներուն, 
որոնք յաճախ կը փխրին, 
     կառուցուելով կը փոխուին՝  Կարդալ աւելին
> Ժամ առաջին
ՀՈՍ չեմ եկած երբեք։ Քիչ մը ճնշող է ներսի մթնոլորտը։ Մութ է եւ կարծես ներկաները հրոսակներու խումբ մըն են։ Կ՚երեւի ես ալ տարօրինակ կը թուիմ իրենց, իմ մաքուր ճինզովս եւ ճերմակ վերարկուովս։ Կաշիէ ժաքէթներով, շղթաներով եւ թաթուներով այրեր ու կիներ կը դառնան եւ ինծի կը նային։ Ջուրէն դուրս ինկած ձկնիկ եմ հոս, որ... Կարդալ աւելին
Շաւարշ Նարդունիի կենդանագիրը կազմելու համար, առաջին տպաւորու­թեամբ, ունինք կարիքը ընթացիկէն հեռացող գոյներու, երանգներու: «Փա­րիզի տղոց» (գործածելով յ. Օշականի բնորոշումը) խումբին մէջ, ան միւսներէն կը զատորոշուի իր գործին անմիջական, շեշտօրէն ենթակայական նկարագրով, անմիջապէս աչքի զարնող այլազանութեամբ մը, որ ոչ-խորաթա­փանց Կարդալ աւելին
Երկու յուղարկաւորներ փսփսացին ետեւի նստարանէն, եւ ինք կորսնցուց մտածումին թելը: Իրականութեան գալով անդրադարձաւ յանկարծ, որ երազեր էր երկար, այդպէս հոն ոտքի, երիտասարդ քահանային շրթունքներէն թափթփող տարտամ բառերուն դէմ: Խորանին լոյսերը կը շողային մշուշախառն կիսամութի մը մէջ, եւ պաղ քրտինք մը ողողած էր քունքերը: Կարդալ աւելին
...Այս գիշեր, հաշուեյարդարի ենթարկեցինք մէկը, որ աւելի քան հինգ տարիէ ի վեր, կը զբաղէր ուշադրութեան անարժան բաներով: Ատիկա ծնունդով կը պատկանէր մարդոց այն դասակարգին, որ անգութ հեգնութեամբ մը «մտաւորական» կը կոչեն: Ան գձուձ էր ու վատ: Կը սիրէր գէշ հաճոյքներն ու սատիկ ուրախութիւնները: Կուսակից էր ձրի արարքներու Կարդալ աւելին
Լուսանկարը՝ Կապրիէլ Պասիլիքոյի
Նկարներդ, սեւ ճերմակ, կը շարունակեն տողանցել մտքիս հորիզոնին՝ անմեղութեան ժամանակի մը անվերջանալի երթը յուշելով։ Երբ անոնց կը նայիմ, կարծես ես ինծի է որ կը նայիմ անցեալի մը ոսպնեակէն, անցեալ մը ուր կամ ու չկամ, եւ ուրեմն կը մնամ միշտ անվերջ փնտռտուքի մը մէջ։ Կը փնտռեմ քաղաքիս փողոցներն ու անոր ժամանակները։ Ինչ որ կը գտնեմ՝ հոսկէ հոնկէ... Կարդալ աւելին
Երթեւեկը կանգ առած է ափիդ մէջ,
երակներուդ, արիւնիդ,
մինչ աւերակ քաղաքի
յոգնութիւնը կը թանձրանայ
մատներուդ մէջ, ջիղերուդ,
կշտամբելով քեզմով քեզ:

Լճացումը կը յօրանջէ տանդ մէջ,
էութեանդ, հոգիիդ,
մինչ մոխրացած դէմքերու Կարդալ աւելին
Մենակեաց ու լուռ սուրբի մը նման
ձեռքերդ ծալած կուրծքիդ խաչաձեւ
եւ ականջներուդ թմբուկին վրայ
թնդանօթներու գոռոցը՝ իբրեւ
ալելուիա նոր՝
կը դիտես հեռուն,
գոյներէն անդին,
ուր հսկայ շէնքեր
հին խաւաքարտէ տուփի մը նման
ապակիի խշոցին հետ
                              Կարդալ աւելին
Արամ Պէյրութի զաւակն էր:
Երբեք խորապէս չէր մտածած իր ազգային պատկանելիութեան մասին, ոչ ալ՝ վերլուծած իր զգացումները, հպատակութեան հարցը, տարբերութիւնը հայ եւ լիբանանցի ըլլալու: Բայց գիտէր, կը զգար, որ ինք միջերկրականեան մայրաքաղաքին կը պատկանէր: Կը սիրէր... Կարդալ աւելին
Մահը ամէն տեղ էր: 
     Հրապարակները, պողոտաները եւ փողոցները դարձած էին սարսափազդու կրկէսներ, ամայի ռազմադաշտեր, ուր մահը կը ծիծաղէր, կը քրքջար, ուր դարանակալ դահիճներ անակնկալի կը բերէին պատահական զոհերը: 
       Վարձկան նշանառուներ, դիրք բռնած բարձր տանիքներու վրայ, անմեղ անցորդներ կ'որսային: Սպաննելու առիթը երբեմն այնքա՜ն Կարդալ աւելին
Կարօ Յովհաննէսեան
2013 եւ 2014 տարեշրջաններուն Հայաստանի մէջ յաջորդաբար լոյս տեսան նմանօրինակ երկու բառարաններ։ Առաջինը Հրաչուհի Փալանդուզեանի Գործնական բառացանկօտարամուտ բառերի հայերէն համարժէքներն է, որ հրատարակուած է «ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան դրամաշնորհով», Երեւան, էդիթ Պրինտ տպարանէն, 2013... Կարդալ աւելին