— Կը պատկերացնե՞ս,— կ’ըսէ հին ընկերդ,— քառասո՛ւն տարի. քառասո՛ւն տարի կ’ընէ 68ի օրերէն մինչեւ այսօր: Այսինքն աւելի քան մեր այն օրերու հեռաւորութիւնը՝ Նահանջի, Փորձի, Անջրպետի ժամանակէն, 20ականներու աւարտէն...:
Կէս ժամ առաջ գտաք իրար. չէիք հանդիպած` տարիներ: Եւ ահա, առաջին ողջագուրումներէ եւ փոխանակումներէ ետք, այս անդրադարձը՝ իր... Կարդալ աւելին
ՁԵՐ ուսումը քանի մը հանգրուաններէ անցեր է եւ ուղի փոխեր, ճի՞շդ է: Կրնա՞ք պատմել:
ՈՒՍՈՒՄՍ հետեւեալ քարտէսը կը պարզէ՝ նախակրթարան՝ Հալէպի «Հայկազեան» վարժարան, միջնակարգի ա. դասարան՝ Գահիրէի «Գալուստեան» վարժարան, որմէ ետք հայկական Կարդալ աւելին
Երբ ուշադիր ակնարկ մը նետենք վերջին տաս-տասնհինգ տարիներու հայ նորահաս սերունդի մտաւոր զարգացման վրայ, ուշագրաւ երեւոյթ մը, բնորոշիչ եւ տարօրինակ միեւնոյն ժամանակ, մեզ խորհրդածութեան կը մղէ, այս պահուս, երբ ուրախութեամբ կը դիմաւորենք քանի մը նորահաս գրողներ իրենց խոստմնալից առաջին քայլերուն մէջ։
Քիչ է անոնց թիւը։ Արդէն գրականութեան եւ արուեստի նուիրեալները իրենց քանակովը չէ որ կշիռ կը ստանան հոծ զանգուածներու
Կարդալ աւելին
90ի ձմեռ օրով, շատ կարեւոր գործի մը համար, հարկ էր Պէյրութ իջնել, այն ալ գիշերով:      Պէյրութ իջնելը, այն օրերուն, դիւրին գործ չէր: Ընկերոջ մը հետ, ընկերակցութեամբը Լեռնալիբանանէն պատասխանատուի մը, կ՚իջնէինք Պէյրութ՝ լեռնային շատ դժուարին ճամբէ մը: Հետաքրքիր էի. պատերազմին պատճառով կեանք առած էր այդ ճամբան, որ իր օձապտոյտ ընթացքով բնաւ հանգստաւէտ չէր: Կարդալ աւելին
Արամ Պէյրութի զաւակն էր:
Երբեք խորապէս չէր մտածած իր ազգային պատկանելիութեան մասին, ոչ ալ՝ վերլուծած իր զգացումները, հպատակութեան հարցը, տարբերութիւնը հայ եւ լիբանանցի ըլլալու: Բայց գիտէր, կը զգար, որ ինք միջերկրականեան մայրաքաղաքին կը պատկանէր: Կը սիրէր... Կարդալ աւելին
Լուսանկարը՝ Կապրիէլ Պասիլիքոյի
Նկարներդ, սեւ ճերմակ, կը շարունակեն տողանցել մտքիս հորիզոնին՝ անմեղութեան ժամանակի մը անվերջանալի երթը յուշելով։ Երբ անոնց կը նայիմ, կարծես ես ինծի է որ կը նայիմ անցեալի մը ոսպնեակէն, անցեալ մը ուր կամ ու չկամ, եւ ուրեմն կը մնամ միշտ անվերջ փնտռտուքի մը մէջ։ Կը փնտռեմ քաղաքիս փողոցներն ու անոր ժամանակները։ Ինչ որ կը գտնեմ՝ հոսկէ հոնկէ... Կարդալ աւելին