ԿՈՍՏԱՆ ԶԱՐԵԱՆԻ երկարամեայ կեանքին հետ հարեւանցի կերպով իսկ ծանօթ անձը պիտի համաձայնի, որ բազմաթիւ վայրերու մէջ անոր բնակութիւնը եւ յաճախակի փոխադրութիւնները չեն նպաստեր այդ կեանքի ելեւէջներուն, ներառեալ՝ նամակագրութեան ուսումնասիրութեան գործին։ Միշտ պատրաստ պէտք է ըլլալ նորանոր անակնկալներու եւ գիւտերու։
Զարեան ունեցած է հարուստ նամակագրութիւն Կարդալ աւելին
ՄԱՇՏՈՑԵԱՆ ՄԱՏԵՆԱԴԱՐԱՆ
Այսչափ ճոխ նուէր՝ ձեռագրերի մեծ քանակի նուիրատւութիւն սրանից առաջ ստացել ենք տասնհինգ տարի առաջ՝ 2003 թ., երբ Նոր Ջուղայեցի բանասէր Լեւոն Մինասեանն իր կեանքի ընթացքում հաւաքած ձեռագրական նիւթերը՝ մօտ 50 միաւոր նուիրեց... Կարդալ աւելին
 Գուրգէն Մահարի (1903-1969), հայ գրականութեան երկրորդ Ապրիլ 24ի՝ 1936-1938ի ստալինեան մաքրագործումներու թերեւս ամենէն կարկառուն վերապրողը գրականութեան դաշտին մէջ, եղած է թէ՛ բեղուն արտադրող մը (այդ արտադրութեան մէկ կարեւոր մասը լոյս տեսած է յետմահու) եւ թէ՛ անդադրում նամակագիր մը։ Երեւանի «Անտարես» հրատարակչատունը... Կարդալ աւելին
1953-ին Պոսթոնի «Հայրենիք» ամսագրին մէջ ԼԵՄ ստորագրութեամբ յօդուած մը կ՚անդրադառնար 1930-ական թուականներու Հայաստանի մտաւորականութեան դէմ բռնաճնշումներուն։ Հեղինակը՝ Բ. Աշխարհամարտի խորհրդահայ ռազմագերիներէն Լեւոն Մկրտչեանը (բուն անունով՝ Լեւոն Քարտաշեան, 1919-1998), Կարդալ աւելին
Փարիզ, 1950։ Նկարին վրայ՝ Յակոբ Տէր Յակոբեան, իր տպարանին մէջ։ Յակոբ Տէր Յակոբեան հօրաքրոջս՝ Զարուհիին ամուսինն էր։ Ակօ Պապա կը կոչէի զինքը։ Հօրս մահէն ետք հայրութիւն ըրած է ինծի, որքան որ կրնար։ Յաճախ կ՚այցելէինք իրենց։ Պզտիկ էի, չէի կրնար գիտնալ այն ատեն որ Տէր Յակոբեանը Պարտիզակի քաղաքապետ եղած էր։ Գիրքեր հրատարակած էր ու պիտի հրատարակէր (1912ին՝ Ուր խեցիներ ժողվեցի, Պոլիս, իսկ մահուան տարին՝ Պարտիզակը խատուտիկ, յուշամատեան մը)։ Չէի կրնար գիտնալ որ Rue Damesmeի այդ տպարանին մէջ է, որ Յառաջ թերթը տպուած էր 1932էն մինչեւ 1953 (Յառաջ... Կարդալ աւելին
Գրիգոր Պըլտեան
Էլիզապէթին եւ Զարեհ որբունիին հետ, Փարիզ, 1971-1972

Լուսանկարին հրաշքը անգամ մը եւս, որ կարելի կը վերադարձնէ բոլորովին մոռցուած պահ մը, կարծես ուրիշ մէկը քեզ յիշէր աւելի ճշգրիտ կերպով բան դուն, եւ այդ պահուն ո՞վ, ի՞նչ էիր, չէիր տեսած անգամ Էլիզապէթին splendeur-ը, Որբունիին ակներեւ ցանկութիւնը քննելու նկարողը, ապա տրուելու գործիքին։ Առաջին անգամ իր Վեցերորդ թաղամասի աշտարակային եօթներորդ յարկի տան մէջ եղեր էինք Յարութիւն Քիւրքճեանն ու ես, Սորպոնի մեր... Կարդալ աւելին
«Զուարթնոց» հանդէսի արխիւի քննութեան ընթացքին, ուրիշ նիւթերու կարգին, գտնուեցան Մ. Իշխանէն շարք մը քերթուածներ եւ քանի մը նամակներ՝ ուղղուած հանդէսի խմբագրին՝ Հրանտ Բալուեանի (1904-1968)։ «Զուարթնոց» ունեցած է հրատարակութեան քանի մը շրջաններ՝ 1929-էն մինչեւ գրեթէ խմբագրին մահը, բազմաթիւ ընդմիջումներով. ամսաթերթ... Կարդալ աւելին
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ առմամբ, Պարոյր Սեւակի ու Գուրգէն Մահարիի յարաբերութեան հիմնական դրուագները ծանօթ են։ Սկսած է 1947-1948ին, Մահարիի գուրգուրալից վերաբերմունքով Երեւան անցուցած 444 օրերուն՝ սիպիրեան երկու աքսորներուն միջեւ, եւ շարունակուած՝ մինչեւ կապերու խզումն (1964) (1964) ու Այրուող այգեստաններ վէպին դէմ արշաւը 1966-1967ին։ Սակայն, 1964-1967ի  իրադարձութիւններուն մասին... Կարդալ աւելին
Գրիգոր Պըլտեանի Հայկական ֆուտուզիզմ մենագրութիւնը մանրակրկիտ ու խորազնին ներկայացումով մեր գրականութեան պատմութեան լոյսին բերած է մոռացութեան գիրկը նետուած Կարա-Դարվիշի (Յակոբ Գէնջեան, 1870-1932) անունն ու արտադրութիւնը[1]։ Արեւելահայ ապագայապաշտութեան ռահվիրան, ինչպէս... Կարդալ աւելին
Մեծավաստակ գրական քննադատ, բանասէր ու հանրային գործիչ Նիկոլ Աղբալեանի (1875-1947) կեանքի վերջին քառորդ դարը բնորոշելով, Գառնիկ Բանեան՝ անոր մահուան առիթով շարադրած կեանքի ու գործի ուրուագիծին մէջ կը հաստատէր, թէ «Սփիւռքի մէջ Ն. Աղբալեանի մտաւորական կեանքը կը հոսի՝ գրական ստեղծագործութեամբ, հանրային եւ մանկավարժական գործունէութեամբ»։ Կարդալ աւելին
Օսմանեան կայսրութեան պարտութիւնը կնքող Մուտրոսի զինադադարէն ետք, Պոլսոյ հայոց կեանքը սկսաւ կամաց-կամաց աշխուժանալ վերապրող մտաւորականութեան վերադարձով։ Նախաեղեռնեան երկու հրատարակութիւններ կը վերակենդանային. Մերուժան Պարսամեան (1883-1944), իր եղբօր՝ Մկրտիչ Պարսամեան (1886-1965) օժանդակութեամբ, կը վերահրատարակէր... Կարդալ աւելին
1990-2000-ական թուականներուն, Փարիզի «Յառաջ» օրաթերթը սովորութիւնը ունէր Մեծ Եղեռնի տարելիցին հրատարակելու նմոյշներ այն թղթակցութիւններէն, որոնք 1915-ին Շաւարշ Միսաքեանի կողմէ ուղարկուած էին Պոլսոյ իր թաքստոցէն եւ Սոֆիայի «Հայաստան» եռօրեային մէջ լոյս տեսած։ «Հայաստան»ի հաւաքածոն բաւական հազուագիւտ է, բայց Վիեննայի... Կարդալ աւելին
Պատմութեան սկիզբը ծովեզերեայ վայր մըն է, հոն է որ առնուած է հիմնադիր քայլը։ Մերսինէն Պէյրութ հասնող նաւերէն գաղթական ժողովուրդը իջած է ցամաք։ Այս զանգուածին համար նախատեսուած էր մեծ գաղթակայան մը, մայրաքաղաքին հիւսիս-արեւեքը՝ նաւահանգիստին անմիջական հարեւանութեամբ տեղ մը. հիւսիսի կողմէն սահմանը ծովն էր, իսկ հարաւի կողմէն՝ թրամվայի գիծը։
Վայրը Լիբանանի հայութեան  ռաջին մեծագոյն... Կարդալ աւելին
ՎԱՀԷ Օշականը (1921–2000) ծնուել է Բուլղարիայի Ֆիլիպէ (այժմ՝ Պլովդիվ) քաղաքում՝ արեւմտահայ անուանի գրող, գրականագէտ եւ մանկավարժ Յակոբ Օշականի (1883-1948) ընտանիքում: Աւարտելով Կիպրոսի Մելգոնեան վարժարանը՝ կրթութիւնը շարունակել է Սորբոնի համալսարանում, հետեւել է գրականութեան եւ դոկտորի գիտական աստիճան ստացել որպէս բաղդատական գրականութեան մասնագէտ: Վահէ Օշականը երկար տարիներ զբաղուել է Կարդալ աւելին
«Կենսագրական պատրանք» կոչուած երեւոյթին գիտակից ըլլալով հանդերձ, պիտի փորձեմ այս հակիրճ աշխատութեան մէջ ի մի բերել որոշ դրուագներ դէմքի մը՝ Գեղամ Տէր Կարապետեանի կեանքէն եւ գործունէութենէն: Դէմք մը, որուն գրական եւ քաղաքական յանձնառութիւնները ծանօթ են XIX-րդ դարէն XX-րդի դարձակէտի՝ Օսմանեան Կայսրութեան հայ գրականութեան եւ պատմութեան քանի մը հազուագիւտ... Կարդալ աւելին
Սեւան Տէյիրմենճեան (Լուսանկար՝ տոքթ. Արի Տէմիրճեանի)
Ստանպուլահայ արձակագիր Զաւէն Պիպեռեանի (1921-1984) հետեւեալ նամակները առիթ են տարբեր դիտանկիւնէ մը նայելու գրական կապերու, գրողներու յարաբերութիւններու բնոյթին։        Իրանահայ բանաստեղծ ու նկարիչ Դեւ, Պոլիս այցելութեան շրջանին, յայտնի է որ կարճ տեսակցութիւն մը ունեցած է Պիպեռեանի հետ, որու ուղղեալ նամակին մէջ վերջինիս պատասխանէն կը տեղեկանանք, որ ան «գեղեցիկ տողեր» ալ գրած է Լկրտածըի մասին։ Կարդալ աւելին