Տարածութիւն,
կը խտանան ուր դարեր 
ու ծարաւէ կը բռնկին 
     ռումբերուն մէջ երազի՝ 
տիեզերքի աչքէն հեռու, 
     տեղ մը՝ կաւի կառոյցներուն, 
որոնք յաճախ կը փխրին, 
     կառուցուելով կը փոխուին՝  Կարդալ աւելին
Վեհանոյշ Թեքեան
Մութին մէջէն գտայ բոլոր կորսուած բառերդ             ձայներս խեղդուած
ես ուրուայնամուտ պատմութիւնդ էի
գմբէթ որ իր խոշորաբիբ աչքը խրած էր խորութեան հողի
Սիւն՝ ուր երեկոն հանեց պատմուճանքը հիր
երբ Լեռնաշղթան թաթը զուգառաջ
գլուխը դրաւ գիշերուան ուսին Կարդալ աւելին
Վահէ Օշական
Ես սուտ մարդն եմ
ցուցափեղկի գաճէ արձան
  որուն ոչ ոք բարեւ կու տայ
  կարծելով թէ տեղս կայնած
  մէկը կայ
համեղ պատառ անօթութեան աչքերուն մէջ
սովը սառած ՝ ճերմակ լոյսի ակռաներով
  զիս կը լափեն հազար կողմէն ու կը կլլեն Կարդալ աւելին