ՎԱԽՃԱՆԱԿԱՆ փորձընկալումին պիտի վերադառնար Օշական 1948ին, Սիոնին յանձնած իր վերջին յօդուածով, որ լոյս տեսաւ յետ մահու։ Կը կոչուի «Միտք եւ սիրտ»։ Յօդուածաշարքի վերջաւորութեան (ուրեմն Սիոնի Յունուար-Փետրաուր 1949ի թիւին մէջ) խմբագրական ծանօթագրութիւն մը կայ, որ կ՚ըսէ. «Հոս կը վերջանայ ձեռագիրը Յ. Օշականի թէեւ կցկտուր, բայց սրտայոյզ ու հոգեւին զգացուած արտայայտութիւններուն, «Միտք եւ սիրտ» խորագիրին տակ։ Ձեռագիրը Կարդալ աւելին
Սփիւռքի գրականութեան առաջին տասնամեակները կարելի է բնորոշել որպէս արեւմտահայ աւանդութեան աստիճանական ձեւափոխման ու բուն սփիւռքեան գոյավիճակի ցոլացման, անոր համապատասխան գրականութեան մը կերտման ժամանակաշրջանը։ Աղէտին անմիջապէս յաջորդած սերունդը՝ Մինաս Թէօլէօլեանի խօսքերով), մանաւանդ Կարդալ աւելին
Սփիւռքահայ թատերագիրներու վտիտ ցանկին մէջ, Օշական թատերագիրը թատերախումբերու եւ բեմադրիչներու ուշադրութիւնը հազիւ թէ հրաւիրած է իր վրայ ցարդ, հակառակ հեղինակին յօրինած շուրջ 15 թատերախաղերուն։ Թէեւ անոնցմէ մէկ քանին արժանացած են ցանցառ բեմադրութիւններու, Օշական թատերագիրը կը շարունակէ մեծաւ մասամբ հայկական բեմերէն բացակայիլ տակաւին։ Ըստ Վահէ Օշականի, այս... Կարդալ աւելին
Բանաստեղծութիւնը կամ ընդհանրապէս գեղարուեստական գրականութիւնը կարելի՞ է սփիւռքի մէջ։
Նախ եւ առաջ վերի հարցադրումին մէջ գործածուած եզրերուն առնչութեամբ հարկ է կատարել կարգ մը լրացումներ։ Սփիւռքը չէ գլխագրուած, որովհետեւ հարցումը կ՚ուզէ մտածել ընդհանրապէս սփիւռքներու, եւ ոչ՝ յատուկ անունին մասին այն կարողական... Կարդալ աւելին
Ի. ԴԱՐՈՒ վերջին քառորդէն ի վեր արեւմտահայերէնը սնուցանող ամենէն արգասաբեր մտածողներէն մէկուն առանձին հատորով պատուելը Բագինի պէս կէս դարէ աւելի աւանդութիւն արտադրած պարբերականի մը համար, նախ եւ առաջ կը նշանակէ լրջօրէն ստանձնել պատասխանատուութիւնը այս մտաւորականի աշխատութիւններուն պատշաճ կերպով ծանօթանալու ինչպէս նաեւ ընդունիլ... Կարդալ աւելին
ԳՐԵԼ Մարկ Նշանեանի մասին` հրաշալի պիտի լինէր․ դէ հօ մարդու երեսին չես գովելու իրեն, ոչ էլ կենացի առիթներ են լինում, որ աչքերին նայելով ասես, թէ որքան բարձր ես գնահատում իր` ասես մի ողջ հաստատութեան աշխատանքը հայկական վերլուծական, փիլիսոփայական մտքի կիսադատարկ սենեակում, եւ թէ ինչպէս է նա իրենով լցնում այդ սենեակը` նորանոր միջանցիկ դռներ բացելով Ռոբինզոն Կրուզոյիդ համար: Կարդալ աւելին
«Փայլուն պատկեր
        անշարժ
            կը կենար մակերեսին վրայ
             կը կապուէր բոլոր
     մակերեսներուն
                 խորութեան խաբկանքով≫
...
ՐԱ — Եւ միւս գիրքերը, ամէն անգամ որ պատում... Կարդալ աւելին
Սուրբ Ղազարի Մխիթարեան հրատարակչութիւնը լոյս կ՚ընծայէր ատենօք «Գրական ցոլքեր» վերնագրուած շարքը։ Առաջին հատորը լոյս տեսած էր 1944ին (Հ. Ղեւոնդ Ալիշան, Հայրունի), Հ. Կ. Քիպարեանի խմբագրութիւնը վայելելով։ Հինգերորդ թիւէն սկսեալ՝ խմբագիրն էր Հ. Մ. Ճանաշեան, ու այդպէս շարունակած է մինչեւ 1960։ Ունինք այսպէս Դանիէլ Վարուժանի, Միսաք Մեծարենցի, Երուանդ Օտեանի, Թումանեանի գործերէն հատընտիրներ, ունինք մինչեւ իսկ Գաբրիէլ Սունդուկեանի Պէպոն։ Կարդալ աւելին
Վեհանոյշ Թեքեան որպէս բանաստեղծուհի ի յայտ կու գայ համեմատաբար անջրդի շրջանի մը, 1969ին, երբ երկար ժամանակ Սփիւռքէն ձայն մը, մանաւանդ՝ երիտասարդ, չէր լսուած:
Իր առաջին գիրքը՝ Կապոյտ Ապրիլ, ցնցիչ յայտնութիւն մըն էր, հակառակ անոր, որ Թեքեան արդէն ծանօթ անուն դարձած էր մամուլին մէջ իր յաճախակի երեւումներով:
Այդ օրերուն թէեւ Սփիւռքի կամ Սփիւռք... Կարդալ աւելին
Սեւան Տէյիրմենճեան (Լուսանկար՝ տոքթ. Արի Տէմիրճեանի)
Սփիւռքի գրականութեան առաջին տասնամեակները կարելի է բնորոշել որպէս արեւմտահայ աւանդութեան աստիճանական ձեւափոխման ու բուն սփիւռքեան գոյավիճակի ցոլացման, անոր համապատասխան գրականութեան մը կերտման ժամանակաշրջանը։ Աղէտին անմիջապէս յաջորդած սերունդը (Վերյայտնութեան սերունդը՝ Մինաս Թէօլէօլեանի խօսքերով), մանաւանդ Կարդալ աւելին
Նախ եւ առաջ յօդուածի ընթացքէն անկախ սա հաստատումը, որպէսզի ան չկորսուի պարբերութիւններու յորձանքին մէջ ու կասկած չմնայ անոր կեդրոնական կարեւորութեան. Սփիւռքի վերջին յիսնամեակի լաւագոյն մտածողները պէտք է փնտռել ոչ թէ քաղաքագէտներու, հրապարակագիրներու եւ... Կարդալ աւելին
25 յունուար 1948ին, իր մահէն շուրջ երեք շաբաթներ առաջ, Յակոբ Օշական հարցազրոյց մը շնորհած է Տիգրան Ոսկունիի, որ Մնացորդացի հեղինակին տուած է սփիւռքահայ գրականութեան վերաբերեալ շարք մը հարցումներ, ընդ որում՝ զրոյցի վերջին հարցը՝ Կարդալ աւելին
1.
1960ական-1970ական թուականներու անկիւնադարձին մանրամասն արժեւորումը դեռ ապագայի գործ կը մնայ, որուն համար պէտք է հաշուի առնել Լիբանանէն մինչեւ Հարաւային Ամերիկա եւ Ֆրանսայէն մինչեւ Հիւսիսային Ամերիկա խաչաձեւ ու զուգահեռ հոսանքները իրենց բազմաթիւ երեսներով, նաեւ՝ Հայրենիքի ու Սփիւռքի միջեւ գոյացած անջրպետը չափով մը...
  Կարդալ աւելին
Զարեհ Որբունին իր ժամանակէն առաջ ապրած գրող մըն է։ 1960-ական եւ 1970-ական թուականներուն, իր գործերուն ամենէն մեծ ալիքը կը զուգադիպէր հայ ընթերցողներու թիւի անկումին, եւ հետեւաբար, ան քիչ կարդացուած կը մնար իր կեանքի ընթացքին։ Ֆրանսայի մէջ (անոր բնակավայրը 1922-էն մինչեւ մահը՝ 1980-ին), մտաւորականներ կը գնահատէին Որբունին... Կարդալ աւելին
 Առաջին Հանրապետութեան շրջանը մեր ժողովրդի համար բարդ ու հակասական, բայց եւ միաժամանակ՝ նուիրական ձեռքբերումներից մէկն էր նշանաւորում: Վերջապէս, վեցդարեայ պետականազուրկ մեր հաւաքականութիւնը Կարդալ աւելին
Բերիաշէն
Հայկական մտածողութեան մէջ «Հարաւ»ի գաղափարը գրեթէ անգոյ է, նշած է Վարդան Մատթէոսեան։ Արեւելքի եւ Արեւմուտքի սահմանումները տիրապետած են մեր իրականութեան։ Հետեւաբար, Սփիւռքի հարաւային գաղութները, արդէն հարիւրամեայ Արժանթինի գաղութը (եւ թերեւս աւելի նոր... Կարդալ աւելին
Վահէ Օշական գոյութենապաշտ ներշնչումով՝ անհեթեթի գրողն է։ Անոր գոյութենապաշտութիւնը, որ կը սնանի եւրոպական, մասնաւորաբար՝ ֆրանսական յետպատերազմեան մթնոլորտէն, քննադատներու կողմէ յաճախ գրաւած է քննադատներուն ուշադրութիւնր, յատկապէս բանաստեղծական գործերուն պարագային։ Ինչ կը վերաբերի... Կարդալ աւելին
Անձաւներու պատերուն իր նկարած կամ փորագրած ժայռապատկերներու անյիշատակ ժամանակներէն իվեր, մարդը յար լծուած է իր ներքին եսը շօշափելի օրէն արտայայտելու անդադրում ճիգին։ Այդ ժայռապատկերները մեզի կը թելադրեն, թէ մարդուն ապրած բնաշխարհն ու զայն իր հետ բաժնեկցող անասունները զինք կը տպաւորէին ուժեղօրէն. միաժամանակ, եւ աւելի... Կարդալ աւելին
Երեւի կենսափորձ, կուտակումների ու համարձակութեան ամենատարբեր չափումներով ու խորխորատներով անցնելու պարտադիր պայմանը պիտի բաւարարել Յակոբ Օշականի գրական աշխարհին ձեռք տալու իրաւունքի համար: Պարտադրանքը գալիս է հենց հեղինակի սահմանած «կանգուն»ներից:
2011ից ի վեր Խաչատուր Աբովեանի... Կարդալ աւելին
Ռեբեկա Քոմէյի կրկնակի այս նախադասութիւնը, որ կը գտնուի հսկայածաւալ ու տպաւորիչ այն հատորին մէջ, որ կը կոչուի Lost in the Archives, յաճախ թիւրըմբռնուած է, կարծես ան ուզէր դատապարտել կուտակելու մարմաջը (իրեր, հետքեր, ապացոյցներ, փաստաթուղթեր), կարծես ըսէր՝ թէ շատ յիշելը վատ է յիշողութեան համար։ Սակայն արխիւը յիշողութիւնը չէ։ Ան աւելի ճիշդ հակառակն է, յիշողութեան աղէտն է։ Այդպիսի աղէտէ մը վերապրող մը ինքն իրմէ ամբողջովին... Կարդալ աւելին
ՀԱՅԱՍՏԱՆ այցերէս մէկն էր, կը յիշեմ, հաւանօրէն 2010, յուլիսի ահաւոր տօթ կէսօր մը: Գացած էի հանդիպելու երեւանեան իմ սակաւաթիւ ծանօթութիւններէս՝ Վլատիմիր Բարխուդարեանին, Ակադեմիայի իր գրասենեակը: Զրոյ­ցը, հանդարտ եւ ջերմ միանգամայն, ինչպէս էր ինքը՝ այժմ հանգուցեալ հիւրընկալս, տեւեց բաւական երկար: Ոգեկոչեցինք առաւելաբար վենետիկեան օ­րեր, որ անցուցած է ինք միասին — ծանօթացումով եւ անկաշկանդ զրոյցով: Տպաւորած էր իր զուսպ, խաղաղ, ճենթըլմէն վարքով-վարմունքով, ո՛չ Կարդալ աւելին