Մեծավաստակ գրական քննադատ, բանասէր ու հանրային գործիչ Նիկոլ Աղբալեանի (1875-1947) կեանքի վերջին քառորդ դարը բնորոշելով, Գառնիկ Բանեան՝ անոր մահուան առիթով շարադրած կեանքի ու գործի ուրուագիծին մէջ կը հաստատէր, թէ «Սփիւռքի մէջ Ն. Աղբալեանի մտաւորական կեանքը կը հոսի՝ գրական ստեղծագործութեամբ, հանրային եւ մանկավարժական գործունէութեամբ»։ Կարդալ աւելին
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՅ ԿՐԹԱԿԱՆ ԵՒ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆԻՑ ՄԱՇՏՈՑԵԱՆ ՄԱՏԵՆԱԴԱՐԱՆԻ ՍՏԱՑԱԾ ՁԵՌԱԳՐԵՐ*
ՏԷՐ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ ԳԷՈՐԳ
Այսչափ ճոխ նուէր՝ ձեռագրերի մեծ քանակի նուիրատւութիւն սրանից առաջ ստացել ենք տասնհինգ տարի առաջ՝ 2003 թ., երբ Նոր Ջուղայեցի բանասէր Լեւոն Մինասեանն իր կեանքի ընթացքում հաւաքած ձեռագրական նիւթերը՝ մօտ 50 միաւոր նուիրեց... Կարդալ աւելին
Զապէլ Եսայեանի եղերական մահէն ութսուն տարիներ ետք տակաւին իրմէ մնացած է անտիպ նամակներու հսկայ քանակ մը, որ կը շօշափէ անձնական, ազգային եւ հասարակական այլազան թեմաներ, յատկապէս՝ Կիլիկիոյ որբախնամ աշխատանքին առնչուող նիւթեր, որոնք այնքան կարեւոր են այդ շրջանի պատմութիւնը համակողմանիօրէն ուսումնասիրելու տեսանկիւնէն։ Այս... Կարդալ աւելին
«Զուարթնոց» հանդէսի արխիւի քննութեան ընթացքին, ուրիշ նիւթերու կարգին, գտնուեցան Մ. Իշխանէն շարք մը քերթուածներ եւ քանի մը նամակներ՝ ուղղուած հանդէսի խմբագրին՝ Հրանտ Բալուեանի (1904-1968)։ «Զուարթնոց» ունեցած է հրատարակութեան քանի մը շրջաններ՝ 1929-էն մինչեւ գրեթէ խմբագրին մահը, բազմաթիւ ընդմիջումներով. ամսաթերթ... Կարդալ աւելին
1990-2000-ական թուականներուն, Փարիզի «Յառաջ» օրաթերթը սովորութիւնը ունէր Մեծ Եղեռնի տարելիցին հրատարակելու նմոյշներ այն թղթակցութիւններէն, որոնք 1915-ին Շաւարշ Միսաքեանի կողմէ ուղարկուած էին Պոլսոյ իր թաքստոցէն եւ Սոֆիայի «Հայաստան» եռօրեային մէջ լոյս տեսած։ «Հայաստան»ի հաւաքածոն բաւական հազուագիւտ է, բայց Վիեննայի... Կարդալ աւելին
Այս նամակներուն հեղինակին ու հասցէատիրոջ յարաբերութիւնը քաջածանօթ երեւոյթ մըն էր օրին։ Արդարեւ, «Սփիւռք» շաբաթաթերթի հիմնադիր խմբագրապետ Սիմոն Սիմոնեանը (1914-1986) իր աշխատակիցներուն շարքին ունեցած է ֆրանսահայ գրականութեան ամենէն բեղուն ու անտեսուած անուններէն մէկը՝ Զարեհ Որբունին (1902-1980)։ «Սփիւռք»ը դէպքէ-դէպք նաեւ հրատարակած է Որբունիէն... Կարդալ աւելին
ՀԵՐՈՍՆԵՐԻ ԹԱԳԱՒՈՐԱԿԱՆ ՆՇԱՆՆԵՐԻՑ` ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԻ ՀԱՍՏԱՏՈՒՄ. «ՍԱՍՆԱՅ ԾՌԵՐ» ԷՓՈՍԻ ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԻՆԵՐԻՆ ԳՐԱՌՈՒԱԾ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐԸ
ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄԵԱՆ ՀԱՅԿ
Ներկայացուող յօդուածում կատարւում է «Սասնայ ծռեր» էփոսի` 1919 թուականին գրառուած երկու պատումների համեմատական քննութիւն: Այս պատումները հնարաւորութիւն... Կարդալ աւելին
1953-ին Պոսթոնի «Հայրենիք» ամսագրին մէջ ԼԵՄ ստորագրութեամբ յօդուած մը կ՚անդրադառնար 1930-ական թուականներու Հայաստանի մտաւորականութեան դէմ բռնաճնշումներուն։ Հեղինակը՝ Բ. Աշխարհամարտի խորհրդահայ ռազմագերիներէն Լեւոն Մկրտչեանը (բուն անունով՝ Լեւոն Քարտաշեան, 1919-1998), Կարդալ աւելին
Կոստան Զարեան նամակցած է ֆրանսահայ շարք մը գրագէտներու ու գրական դէմքերու հետ, որոնց շարքին՝ Հրաչ Զարդարեան (1898-1986) եւ Հրանդ Բալուեան (1900-1967)։ Անոնց պէտք է աւելցնել Կարօ Փոլատեանի (1910-1986) անունը, որուն հետ փոխյարաբերութիւնը բացայայտուած էր վերջինիս հրապարակումներուն շնորհիւ՝ 1955-ին կատարուած ու 1960ին տպուած հարցազրոյցը Զարեանի հետ եւ 1957-ին տպուած... Կարդալ աւելին
Կեանքի վերջին տարիներուն, գրականագէտ Ալմաստ Զաքարեանը (1923-2013) հրատարակած էր ծովածաւալ (1900 էջ) Եղիշէ Չարենց. կեանքը, գործը, ժամանակը աշխատութեան երեք հատոր (1997, 2003, 2008)։ Ըստ մահագրութեան մը, «Ա. Զաքարեանն աշխատեց այս կոթողային մենագրութեան յաջորդ հատորների վրայ, բառիս բուն... Կարդալ աւելին
Գրիգոր Պըլտեանի Հայկական ֆուտուզիզմ մենագրութիւնը մանրակրկիտ ու խորազնին ներկայացումով մեր գրականութեան պատմութեան լոյսին բերած է մոռացութեան գիրկը նետուած Կարա-Դարվիշի (Յակոբ Գէնջեան, 1870-1932) անունն ու արտադրութիւնը[1]։ Արեւելահայ ապագայապաշտութեան ռահվիրան, ինչպէս... Կարդալ աւելին
Կոմիտաս Վարդապետը դարձած է խորհրդանիշը հայ մշակոյթի եղեռնեան նահատակութեան: Ան մնաց կենդանի մարտիրոս մը Հայոց ցեղասպանութեան ու հիւանդագին վկան դարձաւ նաեւ ազգի մը մշակութային սպանդին:
Եղեռնեան գեհէնէն յետս կոչուած, Կոմիտաս Պոլիս կը հասնի 15 Մայիս 1915-ին: Բայց արդէն իսկ հոգեբարոյապէս խեղուած ու մտովի խաթարուած, ան զինադադարէն ետք, 1919-ի սկիզբը Կարդալ աւելին
Եղեռնեան գեհէնէն յետս կոչուած, Կոմիտաս Պոլիս կը հասնի 15 Մայիս 1915-ին: Բայց արդէն իսկ հոգեբարոյապէս խեղուած ու մտովի խաթարուած, ան զինադադարէն ետք, 1919-ի սկիզբը Կարդալ աւելին
Էլիզապէթին եւ Զարեհ որբունիին հետ, Փարիզ, 1971-1972
Լուսանկարին հրաշքը անգամ մը եւս, որ կարելի կը վերադարձնէ բոլորովին մոռցուած պահ մը, կարծես ուրիշ մէկը քեզ յիշէր աւելի ճշգրիտ կերպով բան դուն, եւ այդ պահուն ո՞վ, ի՞նչ էիր, չէիր տեսած անգամ Էլիզապէթին splendeur-ը, Որբունիին ակներեւ ցանկութիւնը քննելու նկարողը, ապա տրուելու գործիքին։ Առաջին անգամ իր Վեցերորդ թաղամասի աշտարակային եօթներորդ յարկի տան մէջ եղեր էինք Յարութիւն Քիւրքճեանն ու ես, Սորպոնի մեր... Կարդալ աւելին
Լուսանկարին հրաշքը անգամ մը եւս, որ կարելի կը վերադարձնէ բոլորովին մոռցուած պահ մը, կարծես ուրիշ մէկը քեզ յիշէր աւելի ճշգրիտ կերպով բան դուն, եւ այդ պահուն ո՞վ, ի՞նչ էիր, չէիր տեսած անգամ Էլիզապէթին splendeur-ը, Որբունիին ակներեւ ցանկութիւնը քննելու նկարողը, ապա տրուելու գործիքին։ Առաջին անգամ իր Վեցերորդ թաղամասի աշտարակային եօթներորդ յարկի տան մէջ եղեր էինք Յարութիւն Քիւրքճեանն ու ես, Սորպոնի մեր... Կարդալ աւելին
Յետագայ էջերով հրատարակութեան կու տանք հայ մեծանուն վիպասան, թարգմանիչ եւ հասարակական-մշակութային գործիչ Զապէլ Եսայեանի անտիպ նամակները, յղուած՝ գրող, հրապարակագիր, պատմաբան եւ կրթական-մշակութային գործիչ Արամ Անտոնեանին։ Կարդալ աւելին
9 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 1945
Ծնունդ, Հայաշէն։ Հայրը Յակոբ,Կիւրինէն. մայրը՝ Հռիփսիմէ, Ագ-Շեհիրէն։
1948-1956
Ազգային Թորգոմեան վարժարան, մինչեւ չորրորդ կարգ։
1957-1964
Ն.Փ. Ճեմարան, մինչեւ պաքալորիայի Ա մաս։ «Կոյր Առաքելը» Առաջին շարադրութիւն մը «Կանթեղ»ի մէջ, 1961։ «Ջահակիր», ոտանաւորներ ու արձակներ, «Աքսոր»... Կարդալ աւելին
Ծնունդ, Հայաշէն։ Հայրը Յակոբ,Կիւրինէն. մայրը՝ Հռիփսիմէ, Ագ-Շեհիրէն։
1948-1956
Ազգային Թորգոմեան վարժարան, մինչեւ չորրորդ կարգ։
1957-1964
Ն.Փ. Ճեմարան, մինչեւ պաքալորիայի Ա մաս։ «Կոյր Առաքելը» Առաջին շարադրութիւն մը «Կանթեղ»ի մէջ, 1961։ «Ջահակիր», ոտանաւորներ ու արձակներ, «Աքսոր»... Կարդալ աւելին
Գուրգէն Մահարի (1903-1969), հայ գրականութեան երկրորդ Ապրիլ 24ի՝ 1936-1938ի ստալինեան մաքրագործումներու թերեւս ամենէն կարկառուն վերապրողը գրականութեան դաշտին մէջ, եղած է թէ՛ բեղուն արտադրող մը (այդ արտադրութեան մէկ կարեւոր մասը լոյս տեսած է յետմահու) եւ թէ՛ անդադրում նամակագիր մը։ Երեւանի «Անտարես» հրատարակչատունը... Կարդալ աւելին
Օսմանեան կայսրութեան պարտութիւնը կնքող Մուտրոսի զինադադարէն ետք, Պոլսոյ հայոց կեանքը սկսաւ կամաց-կամաց աշխուժանալ վերապրող մտաւորականութեան վերադարձով։ Նախաեղեռնեան երկու հրատարակութիւններ կը վերակենդանային. Մերուժան Պարսամեան (1883-1944), իր եղբօր՝ Մկրտիչ Պարսամեան (1886-1965) օժանդակութեամբ, կը վերահրատարակէր... Կարդալ աւելին