1906-ի նոյեմ­բե­րին Զա­պէլ Ե­սայե­ան կը ձեռ­նար­կէ Փա­րիզ-Գա­հի­րէ եր­կար ու ար­կա­ծա­լից ճամ­բոր­դու­թե­ան մը, պա­յու­սա­կին մէջ՝ ան­տիպ վէ­պի մը ձե­ռա­գի­րը։ Պի­տի հան­դի­պի դեռ նոր կազ­մո­ւող Բա­րե­գոր­ծա­կան Մի­ու­թե­ան ան­դամ­նե­րուն, մա­նա­ւանդ Պօ­ղոս Նու­պար փա­շային, գրա­կան թեր­թի մը հրա­տա­րա­կու­թե­ան հա­մար։ Այդ ծրա­գի­րը չ'ի­րա­կա­նա­նար։ 1907-ի փետ­րո­ւա­րին Ե­սայե­ան կը վե­րա­դառ­նայ Փա­րիզ, սա­կայն ոչ... Կարդալ աւելին
Զարեհ Որբունին իր ժամանակէն առաջ ապրած գրող մըն է։ 1960-ական եւ 1970-ական թուականներուն, իր գործերուն ամենէն մեծ ալիքը կը զուգադիպէր հայ ընթերցողներու թիւի անկումին, եւ հետեւաբար, ան քիչ կարդացուած կը մնար իր կեանքի ընթացքին։ Ֆրանսայի մէջ (անոր բնակավայրը 1922-էն մինչեւ մահը՝ 1980-ին), մտաւորականներ կը գնահատէին Որբունին... Կարդալ աւելին
Կարելի է ըսել, թէ ընդհանուր դժգոհութիւն կայ Սփիւռքի գրականութեան մասին: 
    Կան շատեր, որոնք ընդունելով հանդերձ մեր անհատ գրողներու նուաճումներն ու յաջողութիւնները, գոհ չեն երբեք մեր գրականութեան ընդհանուր վիճակէն: 
    Անշուշտ ունինք շնորհալի եւ տաղանդաւոր գրողներ, մէկէ աւելի: Սակայն, չենք կրնար մատնանշել գրական գործ մը, որ թուական բանար: Այսօր ապրող սերունդը, որ հին փորձառութիւնը չունի, Կարդալ աւելին
 Առաջին ընթերցումս աւարտելէ ետք, որոշեցի Քրիստիան Բատիկեանի Մետաղէ երազներ վէպին մասին գրել՝ մէկ տարի առաջ (այո, մէկ տարի պէտք է անցնի որ միտքերս ու տպաւորութիւններս մարսուին, սառին ու ձեւաւորուին, առաւել՝ երկու ընթերցում եւս)։ Կարդալ աւելին
ԳԻՐԸ սաստկանում, առաւել բորբոքուն է դառնում հեղինակի` ներքին անդաստանից հեռացմանը զուգընթաց: Ամէն գրուածք իւրօրինակ կամուրջ է դառնում փաստական գոյութեան եւ կորսուած կեանքի միջեւ: Գիրը վկայութիւնն է կիսատութեան, խեղուածութեան, անկատարութեան: Գրում ես` հնարաւորինս վերականգնելու ներկայութեան բացը, ինչ-որ կերպ մասնակիցը դառնալու սեփական հիմնազրկման ընթացքի: Եդեմական միջավայրի հակոտնեան է... Կարդալ աւելին
ՊԷՏՔ է կարենանք վերակազմել գրականութեան պատմութիւնը տնօրինող մտային համակարգ մը, որուն մէջ ամենէն դրական, ամենէն դրուատալից մենագրութիւնը նուիրուած է Գարեգին Սրուանձտեանցին, այսինքն՝ մէկու մը որ կ՚աշխատէր հաւաքող բանասէրի ախորժակներով, եւ գաղափար չունէր «գրական յղացք»ին մասին։ Ահաւասիկ նախ Համապատկերի ընդհանուր Մուտքին մէջ գրուածը իր մասին. Կարդալ աւելին
 «...մի՛ կարդար, տե՛ս»-ասում է հեղինակը՝ ընթերցողին յանձնելով իր նոր գիրքը՝ վերնագրուած Ինչ որ չես տեսներ։ Ինքը՝ հեղինակը պնդում է, որ «դժուար ասելին կամ լռելին» այս գրքի մասն են կազմում, ես պիտի յաւելեմ՝ դժուար տեսանելին կամ անտեսանելին է գրքի շարժիչ ուժը։ Այստեղից էլ ահա հակասութիւնը, գիրքն ինքն իրեն ներկայացնում է իբրեւ մի բան, որը տեսանելի չէ՝ ինչ որ չես... Կարդալ աւելին
«Սկսեր էր լքում ժամանակը»
Գ.Պըլտեան, Պատկերը
Առաջին անգամ երբ սկսայ Պըլտեանի վէպերէն մէկը կարդալ, ինքզինքս գտայ հետաքրքրական երեւոյթի մը առջեւ։ Մտովի ընթերցելը հետըզհետէ կը դառնար անկարելիութիւն։ Պըլտեանի գրութիւնը ճկունութեամբ կը հոսէր ու... Կարդալ աւելին
Հայ դասական գրողներից իր կենդանութեան օրերին՝ ոչ ոք այնքան չի գնահատուել ու քննադատուել, ոչ մէկը գրական կեանքն այնքան իրենով չի զբաղեցրել, որքան Լեւոն Շանթը։ Նա բեկում է մտցրել ոչ միայն գրականութեան մէջ, Կարդալ աւելին
ՀԱՅԱՍՏԱՆ այցերէս մէկն էր, կը յիշեմ, հաւանօրէն 2010, յուլիսի ահաւոր տօթ կէսօր մը: Գացած էի հանդիպելու երեւանեան իմ սակաւաթիւ ծանօթութիւններէս՝ Վլատիմիր Բարխուդարեանին, Ակադեմիայի իր գրասենեակը: Զրոյ­ցը, հանդարտ եւ ջերմ միանգամայն, ինչպէս էր ինքը՝ այժմ հանգուցեալ հիւրընկալս, տեւեց բաւական երկար: Ոգեկոչեցինք առաւելաբար վենետիկեան օ­րեր, որ անցուցած է ինք միասին — ծանօթացումով եւ անկաշկանդ զրոյցով: Տպաւորած էր իր զուսպ, խաղաղ, ճենթըլմէն վարքով-վարմունքով, ո՛չ Կարդալ աւելին
«Լիբանանի մէջ... դիցուհիներ ոտաբոպիկ կը շրջէին հին երգերը շալերու պէս իրենց մարմիններուն փաթթուած...»
Վեհանոյշ Թեքեանի գործերուն մէջ այս նոյն կիներուն զանազան տարբերակները կը ճեմեն: Անոնք կ’անցնին էջէ էջ, կը ցատկռտեն տողէ տող. կը պահուըտին երկար ատեն, յայտնուելու համար կրկին՝ այլ էջի մը անկիւնը: Հին երգերը, նորերու հետ շաղախուած՝ կը յամենան զիրենք փաթթող շալերուն մէջ: Անոնք երբեմն լուռ են. հազիւ լսելի.. Կարդալ աւելին
Սեւան Տէյիրմենճեան (Լուսանկար՝ տոքթ. Արի Տէմիրճեանի)
Սփիւռքի գրականութեան առաջին տասնամեակները կարելի է բնորոշել որպէս արեւմտահայ աւանդութեան աստիճանական ձեւափոխման ու բուն սփիւռքեան գոյավիճակի ցոլացման, անոր համապատասխան գրականութեան մը կերտման ժամանակաշրջանը։ Աղէտին անմիջապէս յաջորդած սերունդը (Վերյայտնութեան սերունդը՝ Մինաս Թէօլէօլեանի խօսքերով), մանաւանդ Կարդալ աւելին
Սփիւռքի գրականութեան առաջին տասնամեակները կարելի է բնորոշել որպէս արեւմտահայ աւանդութեան աստիճանական ձեւափոխման ու բուն սփիւռքեան գոյավիճակի ցոլացման, անոր համապատասխան գրականութեան մը կերտման ժամանակաշրջանը։ Աղէտին անմիջապէս յաջորդած սերունդը՝ Մինաս Թէօլէօլեանի խօսքերով), մանաւանդ Կարդալ աւելին
 Առաջին Հանրապետութեան շրջանը մեր ժողովրդի համար բարդ ու հակասական, բայց եւ միաժամանակ՝ նուիրական ձեռքբերումներից մէկն էր նշանաւորում: Վերջապէս, վեցդարեայ պետականազուրկ մեր հաւաքականութիւնը Կարդալ աւելին
Հայ գրականութիւնը մեր ժողովուրդի լինելութեան վկայարանն է: Հայ գրողները ընդհանրապէս եկած են գաւառէն, բերելով հայաշխարհի շունչն ու շնչառութիւնը, ժողովուրդի երակը, հող-հայրենիի զգացողութիւնը։ Այդպէս էր մօտաւոր անցեալին, է նաեւ այսօր, քանի որ հողին եւ մարդուն միջեւ կայ առհաւական կապ։ Համաստեղ Յակոբ Մնձուրի եւ մեր անմիջական ժամանակակիցները Մկրտիչ Մարկոսեան կամ Հրանտ Մաթեւոսեան կը յատկանշուին բնաշխարհէն ստացուած հարստութեամբ։  Կարդալ աւելին
ԱՅՍ բոլորը երբ քով քովի դրուած են, անսպասելի պատկեր մը կը կազմեն սա­կայն: Ամէն մէկը առանձին ու բոլորը միասնաբար՝ Սփիռքէն է որ կը խօսին, հի­նէն ու նորէն, Պէյրութէն ու Փարիզէն, Միջին Արեւելքէն ու ծայրագոյն Արեւմուտքէն: Սփիւռքէն կու գան ու Սփիւռքին կ’անդրադառնան: Այդ պատճառով իսկ՝ որոշեցի սկիզբը որպէս «Մուտք» զետեղել Յակոբ Օշականի «Վկայութիւն մը» կոչուած ծանօթ կտորին վերաբերող աշխատանք մը: Կարդալ աւելին
Երբ 2001 թուականին լոյս տեսաւ Յետգրութիւն ժողովածուն, որն իր բնոյթով ընտրանի էր եւ ամբողջացնում էր Հենրիկ Էդոյեանի բանաստեղծական նկարագիրը, թւում էր՝ նա «փակում» է իր հաշիւները բանաստեղծութեան հետ, յամենայնդէպս՝ սեփական ստեղծաբանական տարածութեան ամփոփում էր դա ենթադրում: Մանաւանդ, իմ կարծիքով, նոյնիսկ գրութենական գոյութեան պարագային... Կարդալ աւելին
 Կան այլազան տեսութիւններ գրական եւ անշուշտ լեզուական իրականութենէ մը ներս գրողի մը առկայութեան, գրութեան ներկայութեան, ընթերցողի համահեղինակութեան եւ այլ միջանկեալ վիճակներու մասին։ Յստակ է սակայն, որ ընթերցման անհատական փորձառութենէն անդին կայ գրողի արտադրութեան լեզուական համայնքի մը կողմէ ընկալման հարցը, այն իմաստով որ... Կարդալ աւելին
Գրիգոր Պըլտեանի երեք պատումները՝ «Սեմեր», «Հարուածը» եւ «Նշան», լոյս տեսան «Գիշերադարձ»ի առաջին հատորով, 2012-ին։ Այս ինքնակենսագրական երեք պատումներով կը սկսի Գրիգոր Պըլտեանի «Գիշերադարձ» գրական լայն աշխատանքը, որուն արդէն ութը հատորները տպագրուած են։ Պատումներուն վայրը Պէյրութի Հայաշէնի բլուրն է, ուր կ՚ապրին օսմանեան տարբեր գաւառներէ հասած վերապրողներ։ Կարդալ աւելին
Նորվան Արք. Զաքարեան
ՄԱՐԿ Նշանեանէն առաջին ընթերցումս եղած է Վահան Թէքէեանի առթիւ կատարած վերլուծաբանական իր լայնածաւալ աշխատութիւնը։ Հարուստ բովանդակութեամբ այս գործը, կրնամ ըսել երախայրիքն է ապագայ իր գրական, փիլիսոփայական վաստակին, որոնց հիմնական մասը նուիրուած է վերլուծաբանական, թարգմանական եւ լեզուաբանական խնդիրներու։ Մարկ Նշանեան  այն մտաւորականներէն է որ... Կարդալ աւելին
Նշանեան
 Առաջին հատորով մը, Մարկ Նշանեան 2015ին ընթերցողին հրամցուցած էր Մորիս Պլանշոյի ու Ժորժ Պաթայլի փիլիսոփայական բարեկամութեան ընդհանուր յայտարարին տակ գրուող վերապրողի, անոր մէջ վկային մահուան, ճշմարտազուրկ դէպքին ու անոր պատումնային կառոյցի գաղափարները։ Իւրայատուկ... Կարդալ աւելին