Բերիաշէն
Հայկական մտածողութեան մէջ «Հարաւ»ի գաղափարը գրեթէ անգոյ է, նշած է Վարդան Մատթէոսեան։ Արեւելքի եւ Արեւմուտքի սահմանումները տիրապետած են մեր իրականութեան։ Հետեւաբար, Սփիւռքի հարաւային գաղութները, արդէն հարիւրամեայ Արժանթինի գաղութը (եւ թերեւս աւելի նոր... Կարդալ աւելին
2010-ին գրեցի Գրիգոր Պըլտեանի վիպաշարին (աւելի ճիշդ՝ վիպաշարի առաջին հինգ հատորներուն) մասին «Քայքայումի ժամանակը» վերնագրուած աշխատասիրութիւն մը, որ լոյս պիտի տեսնէ Պատկեր, պատում, պատմութիւն շարքիս 2-րդ հատորին մէջ (Ակտուալ Արուեստ, Երեւան, 2016)։ Այդ աշխատասիրութեան վերջին բաժինն է, որ կը ներկայացնեմ հոս։ Նկատի կ՚առնէ վիպաշարին երկրորդ միաւորը եւ... Կարդալ աւելին
Նշանեան
Վեհանոյշ Թեքեան ձեզմէ շատերուն հաւանաբար ծանօթ է իբրեւ բանաստեղծուհի։ Առաջին երկու հրատարակած հատորները՝ 1969ին Կապոյտ Ապրիլ եւ 1974ին Ոստրէ, բանաստեղծական հատորներ են։ Սակայն, ասոնցմէ ճիշտ ետք՝ 1977ին, արդէն կը հրատարակէ Ճեղքուած մանրանկար կոչուող երրորդ հատորը, որ կը խմբէ լիբանանեան պատերազմի առաջին տարիներու... Կարդալ աւելին
Նմանաձայնութիւնը (բաղաձայնոյթ եւ առձայնոյթ հայ բանաստեղծութեան ամենահին եւ տարածուած արտայայտչական միջոցներից է, որը լեզուին յատուկ երաժշտականութիւն եւ ռիթմ է հաղորդում, ստեղծում երկի ընկալման համապատասխան տրամադրութիւն: Մ. Աբեղեանը, խօսելով Գր. Նարեկացու ստեղծագործութիւններում այս միջոցի... Կարդալ աւելին
Վեհանոյշ Թեքեանի Աղօթքներ ուռկանի մէջ բանաստեղծութեան հատորը մեզ անմիջապէս կարգ մը մտածումներու կամ հաստատումներու կը մղէ:
     Առաջին՝ որոշ տարիներու լռութենէ ետք գրողին վերադարձն է բանաստեղծութեան: Իր Սնունդն ու անդունդը 2000 թուականին լոյս տեսած էր Նիւ Ճըրզի, իսկ նոյն տարին Հայաստան լոյս տեսած Հրագիրը ծաղկաքաղ մըն էր... Կարդալ աւելին
Վահրամ Փափազեան, Օթելլոյի դերին մէջ, 1913, Իզմիր։
1964 թուականին Վահրամ Փափազեան (Պոլիս, 1888-1968, Երեւան) Երեւանէն երկտող մը կը յղէ Մուհսին էրթուղրուլին (Պոլիս, 1892-1979, Իզմիր)։ Յայտնի չէ, արդեօք հասցէատիրոջ ձեռքն անցա՞ւ ֆրանսերէնով գրուած այդ նամակը, ուր դերասանապետը փափաք կը յայտնէր անգամ մը եւս բեմ բարձրանալ Պոլսոյ կամ... Կարդալ աւելին
Նախ եւ առաջ յօդուածի ընթացքէն անկախ սա հաստատումը, որպէսզի ան չկորսուի պարբերութիւններու յորձանքին մէջ ու կասկած չմնայ անոր կեդրոնական կարեւորութեան. Սփիւռքի վերջին յիսնամեակի լաւագոյն մտածողները պէտք է փնտռել ոչ թէ քաղաքագէտներու, հրապարակագիրներու եւ... Կարդալ աւելին
Վահէ Օշական գոյութենապաշտ ներշնչումով՝ անհեթեթի գրողն է։ Անոր գոյութենապաշտութիւնը, որ կը սնանի եւրոպական, մասնաւորաբար՝ ֆրանսական յետպատերազմեան մթնոլորտէն, քննադատներու կողմէ յաճախ գրաւած է քննադատներուն ուշադրութիւնր, յատկապէս բանաստեղծական գործերուն պարագային։ Ինչ կը վերաբերի... Կարդալ աւելին
Խօսող լերան պատմութիւնը հատորը ի մի կը բերէ Վեհանոյշ Թեքեանի գրական խոհագրութիւններու շարք մը, գրուած՝ երեք տասնամեակներու ընթացքին (1984–2015)։ Հեղինակը իր հայեացքը սեւեռած է Սփիւռքի վրայ, ու այդ նպատակով՝ տարբեր ժամանակներու գրուած ու տարբեր Կարդալ աւելին
25 յունուար 1948ին, իր մահէն շուրջ երեք շաբաթներ առաջ, Յակոբ Օշական հարցազրոյց մը շնորհած է Տիգրան Ոսկունիի, որ Մնացորդացի հեղինակին տուած է սփիւռքահայ գրականութեան վերաբերեալ շարք մը հարցումներ, ընդ որում՝ զրոյցի վերջին հարցը՝ Կարդալ աւելին
Կը սիրեմ էութեանս մթին պահերը:
Միտքս կը խորանայ անոնց մէջ:
Կը գտնեմ հոն՝ հին նամակներու նման
օրերը կեանքիս, արդէն ապրուած,
դիմացած՝ առասպելի նման, եւ հասկցուած:
Յետոյ կը հասնի գիտնալու պահը - Կարդալ աւելին
1906-ի նոյեմ­բե­րին Զա­պէլ Ե­սայե­ան կը ձեռ­նար­կէ Փա­րիզ-Գա­հի­րէ եր­կար ու ար­կա­ծա­լից ճամ­բոր­դու­թե­ան մը, պա­յու­սա­կին մէջ՝ ան­տիպ վէ­պի մը ձե­ռա­գի­րը։ Պի­տի հան­դի­պի դեռ նոր կազ­մո­ւող Բա­րե­գոր­ծա­կան Մի­ու­թե­ան ան­դամ­նե­րուն, մա­նա­ւանդ Պօ­ղոս Նու­պար փա­շային, գրա­կան թեր­թի մը հրա­տա­րա­կու­թե­ան հա­մար։ Այդ ծրա­գի­րը չ'ի­րա­կա­նա­նար։ 1907-ի փետ­րո­ւա­րին Ե­սայե­ան կը վե­րա­դառ­նայ Փա­րիզ, սա­կայն ոչ... Կարդալ աւելին
Սեւան Տէյիրմենճեան (Լուսանկար՝ տոքթ. Արի Տէմիրճեանի)
Երուանդ Օտեանի Ապտիւլ Համիտ եւ Շէրլօք Հոլմս վէպն ու վերջինիս թարգմանութիւնները հայ վիպագրութեան պատմութեան մէջ թերեւս ներկայացնեն եզակի օրինակ մը՝ կայսրութեան սահմաններէն ներս յոգնալեզուութեան ու բազմամշակութայնութեան փորձընկալումէն, որուն կ’անդրադառնայ այս յօդուածը՝ հպելով... Կարդալ աւելին
Երեւի կենսափորձ, կուտակումների ու համարձակութեան ամենատարբեր չափումներով ու խորխորատներով անցնելու պարտադիր պայմանը պիտի բաւարարել Յակոբ Օշականի գրական աշխարհին ձեռք տալու իրաւունքի համար: Պարտադրանքը գալիս է հենց հեղինակի սահմանած «կանգուն»ներից:
2011ից ի վեր Խաչատուր Աբովեանի... Կարդալ աւելին
Սեւան Տէյիրմենճեան (Լուսանկար՝ տոքթ. Արի Տէմիրճեանի)
Վէպը, որուն կ՚ուզեմ անդրադառնալ, ունի դերասան, զաւեշտագիր լրագրող-հեղինակ մը՝ Երուանդ Թօլայեան, աւելի ծանօթ անունով՝ Կավռօշ։ Հայրը՝ Յովհաննէս Թօլայեան, շրջանի յայտնի հրատարակիչներէն ու խմբագիրներէն մէկն էր եւ որդին՝ Կարդալ աւելին
Հայ դասական գրողներից իր կենդանութեան օրերին՝ ոչ ոք այնքան չի գնահատուել ու քննադատուել, ոչ մէկը գրական կեանքն այնքան իրենով չի զբաղեցրել, որքան Լեւոն Շանթը։ Նա բեկում է մտցրել ոչ միայն գրականութեան մէջ, Կարդալ աւելին
Զաւէն Պիպեռեանի, ինչպէս փաստօրէն գրական եւ կենսագրական նմանատիպ ուղեծիր ապրած շատ ուրիշ արժանաւոր գրագէտներու պարագային, ընդունուած կարգ է առաջնահերթաբար նշել անտեսումի, ճանաչման զլացումի երեւոյթը - բնորոշ գիծ՝ մեր ազգա-մշակութային իրականութեան:  Եւ, հաւանօրէն, այդպիսի ընդգծում արդարացի է մասամբ:
     Բայց ես պիտի նախընտրեմ տուրք... Կարդալ աւելին
ՄԱՐԿ Նշանեան մասնագէտն է կրկնակի հարկադրանքի, ինչ որ նաեւ կը կոչուի կրկնակի հակասական հրաման։ Որպէս (մանաւանդ) Ժան-Ֆրանսուա Լիոթառի ընթերցող, հոն ուր ան կը խօսի վերապրողի դիրքին մասին ժխտողին դէմ յանդիման, Նշանեան մտաւորական ու զգացական իր կեանքէն մեծ մաս մը յատկացուցած է Ի. եւ ԻԱ.. դարերու երկայնքին հայերու պարզած վիճակին ընդերքը հասկնալու աշխատանքին։ Կարդալ աւելին
ԱՌԱՋԻՆ անգամ Մարկ Նշանեանի անուան հանդիպեցայ 90ականներու ա­ւարտին։     Խորհրդային Միութեան փլուզման տարիներն էին, արեւը եւ լոյսը նոր կը մտնէին սովետական աշխարհ ու ազատականութեան մթնոլորտին մէջ տասնեակ այլախոհ գրողներու կողքին վեր կը յառնէր նաեւ Աբրահամ Ալիքեանի անունը, որ իր ետին թողելով գրական յայտնի եւ գաղտնի գրականութեան մը էջերը Կարդալ աւելին
ԻՆՉՈ՞Վ կը բնորոշուի մտաւորական աշխարհը, եթէ ոչ մեծ մտքերու ներկայութեամբ։ Որոշ մտքեր կան որոնք ունին ծնիչ ուժ, որոնք կ՚արձակեն գաղափարներու անկաշկանդ հոսանքներ, որոնց վերարտադրիչ ուժով կ՚ոռոգուին նոր մտքեր, կը ստեղծուի նոր տրամասութիւն եւ կը վերահաստատուի շարունակականութեան։ Կարդալ աւելին
Բագինի այս բացառիկ թիւին համար ակնարկ մը պէտք է գրեմ գրողի մը մասին, որ գլխաւորաբար կարելի է որակել իբր վերլուծաբան կամ մտածող։ Ներկայ անձնական դժուարութիւններու բերումով զուրկ ըլլալով անոր վաստակին շուրջ վերլուծական ուսումնասիրութիւն մը հրամցնելու կարելիութենէն, խոնարհաբար պիտի մնամ այդ հեղինակի առկայութեան երեւոյթին եւ իր շուրջ դասուած հանգամանքներուն մասին Կարդալ աւելին