Ձեռքիս տակ են Խաչիկ Տէր Ղուկասեանի «Բագին»ի համար ղրկած քերթուածները: Առօրեայէն առնուած վիճակներ, որոնք կը ներկայացուին նոյնքան առօրէական պատկերներով եւ որոնք կրնան «անպատշաճ» համարուիլ մեր քերթողութեան համար, բայց ընթերցողը անմիջապէս կը դնեն ուղղակի յարաբերութեան մէջ բանաստեղծին հետ: Կարդալ աւելին
Բերիաշէն
Հայկական մտածողութեան մէջ «Հարաւ»ի գաղափարը գրեթէ անգոյ է, նշած է Վարդան Մատթէոսեան։ Արեւելքի եւ Արեւմուտքի սահմանումները տիրապետած են մեր իրականութեան։ Հետեւաբար, Սփիւռքի հարաւային գաղութները, արդէն հարիւրամեայ Արժանթինի գաղութը (եւ թերեւս աւելի նոր... Կարդալ աւելին
Հրայր Անմահունի Էօլմէսէքեան Սփիւռքի արուեստագէտն է, եթէ այդ բազմիցս չարչարուած եզրը պարպենք իր սովորական երկակի հասկացողութիւններէն կապուած ներսի/դուրսի, կեդրոնի/ծայրամասի, վաւերականի/անվաւերի, մնայունի/գնայունի, եւայլն։ Հարիւր տարի է վերապրող գոյութիւն մը... Կարդալ աւելին
Վեհանոյշ Թեքեան
Սփիւռք օրհնառաք եւ անիծապարտ
Լոյսի նման ծննդազօր
ստուերի պէս սերմնապահ
Լոյսի նման միահեծան
ստուերի պէս ինքնակոչ
Ստուերի պէս բաժանելի
լոյսի նման ինքնասլաց
Լոյսի նման ընթեռնելի
եւ ստուերի պէս անտիպ... Կարդալ աւելին
Բանաստեղծութիւնը կամ ընդհանրապէս գեղարուեստական գրականութիւնը կարելի՞ է սփիւռքի մէջ։
Նախ եւ առաջ վերի հարցադրումին մէջ գործածուած եզրերուն առնչութեամբ հարկ է կատարել կարգ մը լրացումներ։ Սփիւռքը չէ գլխագրուած, որովհետեւ հարցումը կ՚ուզէ մտածել ընդհանրապէս սփիւռքներու, եւ ոչ՝ յատուկ անունին մասին այն կարողական... Կարդալ աւելին