Լեռկամսարեան մարդկայնապաշտութեան, հիւմանիզմին մասին խօսիլը՝ կրնայ հնչել փոխնիփոխ իբր հասարակ տեղիք, կամ հակառակը՝ իբր յարակարծիք: Հա­սարակ տեղիք՝ եթէ բնութագրումը ընկալուի... Կարդալ աւելին
ՄԱՐԿ Նշանեանի համար հիմնական եզր է Աղէտը։ Անիկա օտարութեան փորձընկալումի իր տեսութեան մեկնակէտն է, այսինքն տեսութեան՝ որ հայ ինքնութեան, մանաւանդ սփիւռքեան հայ ինքնութեան խնդիրին կը վերաբերի։ Այս հեռապատկերով է, որ սկսայ սոյն ուսումնասիրութիւնը, սակայն ընդարձակութիւնը տարածքին, եւ մանաւանդ ժամանակը՝ ստիպեցին ընտրութիւն մը կատարել եւ մօտենալ միայն մէկ նիւթի։ Եւ ուրեմն, օտարութեան փորձընկալումի... Կարդալ աւելին
Ուսումնասիրութիւնս1 կ’աւարտեմ հետազօտելով ինքնութիւններու բազմակիութիւնը ժամանակակից հայկական իրականութիւններուն մէջ։ Այլ խօսքով՝ կ’ուզեմ վերադառնալ գիրքին սկիզբէն մինչեւ վերջ ներազգային տարբե­րութիւններու մասին... Կարդալ աւելին
ՀԱՅ ընթերցողը կամ անծանօթ է ֆէմինիսթ մտածումին, կամ վերապահութեամբ կը մօտենայ անոր, կամ ալ՝ քմծիծաղով: Հայուն համար, եւ արդար ըլլալու համար՝ աւելցնենք, ոչ միա՛յն հայուն համար, եթէ ֆէմինիզմը քիչ թէ շատ ընդունելի երեսակ մը ունի, այդ անոր պայքարն է ի խնդիր կիներու եւ այրերու հաւասարութեան, օրէնքի ատեաններուն առջեւ եւ տնտեսական Կարդալ աւելին
ԲԱՌԵՐԷՆ մին է այս «արմատախիլ»ը, այնքան ընթացիկ դարձած որ կը թուի անբովանդակ։ Այսպէս ամեն անգամ երբ տուեալի մը յաճախակի երեւումը կը յաջողի սպառել կոչող անունը, կը վերածէ հասարակ տեղիքի, նոյնիսկ ու մանաւանդ եթէ հասարակացի մակարդակն է հոն խնդրոյ առարկայ։
Յօրինուած՝ չես գիտեր ինչ անհատական կամ համայնական դէպքի մը համար, գուցէ չարիք.... Կարդալ աւելին
Գիրք մը, օրինակ
Գիրքին կողքը կարդալու պէտք չկայ. ատիկա ըրեր ես արդէն ցուցափեղկէն դիտած ատենդ կամ գրախանութին մէջ, գրաւուեր ես անոր ձեւաւորումէն եւ գներ ես զայն։ Կամ եթէ բարեկամ մը տուեր է, ստիպելով, որ կարդաս՝ «շատ աղուոր է», - թէեւ այս պարագային յստակ չէ, թէ «աղուոր» ճիշդ ինչ կը նշանակէ, հակառակ աղջկան մը Կարդալ աւելին
ԱՆՏՐԷ Կլիւքսմանն (André Glucksmann 1937 – 2015) իր Պատերազմի Խօսոյթը (Le Discours de la guerre, Paris, Le Livre de Poche, 1985) գործի ներածականին մէջ կը նկարագրէ Ժան Փօլ Սարթրի (Jean Paul Sartre) հակազդեցութիւնը երբ թերթին մէջ կը կարդայ Հիրոշիմայի վրայ 6 օգոստոս 1945ին արձակուած կորիզային ռումբին Կարդալ աւելին
ՄԻ ԴԱՐԵԿԱՆ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆԸ
Մօտ հարիւր տարի առաջ՝ 1919թ. օգոստոսին, գերմանական «Der Sturm» հանդէսում տպագրուած բանաստեղծութիւնը մի գիշերուայ մէջ հանրայայտ դարձրեց հեղինակին` Կուրտ Շուիթերսին: Եւ ոչ միայն Շուիթերսին, այլեւ վերնագրում նշուած Աննա Բլումին:
 Դադա-էքսպրեսիոնիստա-կոնստրուկտիւիստական Կարդալ աւելին
Տագնա՞պ։ Այո՛։
    Սա տասնամեակը՝ որ անցաւ, չունի իր նախընթացը։ Մտաւոր ճիգի պակա՞ս, թէ զգացումներու շփոթ,- ի՞նչ կ՚ուզէք ըսէք, պիտի չկրնաք բուն բառը գտնել։
   Տագնապը, որուն մասին կ՚ուզենք խօսիլ, գրականութեան մէկ ճիւղին կը պատկանի առաւելաբար,- հիմնականներէն մէկուն.- Վէպին։     Վրանաքաղաքները պատմութեան անցած են։ Սերունդ մը փոխուած է, Մնացորդացը դարձած անցեալ, ու, տակաւին, հայ գրողը (չենք համարձակիր ըսել՝ հայ վիպասանը) Կարդալ աւելին
Ի՞նչ է յուշարձանը
Յուշարձանը այն յուշն է, որ արուեստագէտը շօշափելի վիճակի մէջ կը դնէ իր իսկ ժողովուրդին ուրախ կամ տխուր ապրումները միջոցին մէջ, եւ պատմութեան տարածքին։
Յուշարձանը այն բաց գիրքն է, որ ինքզինքը կը կարդայ ժողովուրդի մը սերունդին, ամէն վայրկեան ինքզինքը նորոգելով բոլոր հոգիներէն ներս։
Կարդալ աւելին
ՄԻ քանի բանաստեղծական ժողովածու հրատարակած, Վէնսէնի անտառը յղացած, իբրեւ մտաւորական վաղուց կայացած, աւագ սերնդի հետ որոշակի վէճեր ունեցած Նիկողոս Սարաֆեանը Յակոբ Օշականի մասին մի գրուածքում ճապոնացի նկարչի պէս, մի կողմ... Կարդալ աւելին
Բանաստեղծութիւններ կան, ուր փրփրուն գետեր կը հոսին, ուր հովեր կը խօսին, աստղեր վար կը թափին, քամին՝ հարցում-պատասխան իրար անցուցած գլուխը... Կարդալ աւելին
Ան պատմեց քեզի պատմութիւնը քու մասիդ։
Անապատէն կու գաս դուն ալ, իրեն պէս։ Կապ չունի որ ծնունդէդ եօթ ու կէս տասնամեակ առաջ էր Դէպքը։ Մինչ կը կարծէիր, թէ կը մեծնայիր ապահով, ասիկա-անիկա ըսելով աշխարհը կը ճանչնայիր, Դէպքը հետդ էր, մէջդ. կը մեծնար, քեզի հետ կամ քեզի համար։
Մինչ այդ կային պատմութիւնները Դէպքին. կարաւաններ՝ արեւուն տակ... Կարդալ աւելին
Մի քանի բանաստեղծական ժողովածու հրատարակած, Վէնսէնի անտառը յղացած, իբրեւ մտաւորական վաղուց կայացած, աւագ սերնդի հետ որոշակի վէճեր ունեցած Նիկողոս Սարաֆեանը Յակոբ Օշականի մասին մի գրուածքում ճապոնացի նկարչի պէս, մի կողմ թողնելով ամենայն գեղանկարչական... Կարդալ աւելին
Մարկ Նշանեանի Թարգմանական Դամբանական հատորը լոյս տե­սաւ Երեւան, 2024-ին, իբրեւ հրա­տարակութիւն «ԿԱՄ Փիլիսոփայական Գրադարան»ի։ Առաջին թիւն է մատենա­շարին, թէեւ չէ... Կարդալ աւելին
Արձակագիրներով աւելի հարուստ Սփիւռքի մեր գրականութեան ամենէն ինքնատիպ եւ ամենէն վաւերական բանաստեղծն է Նիկողոս Սարաֆեան: 
    Ծնած է Պուլկարիոյ Վառնա քաղաքին մէջ 1902, ապրիլ 14-ին, զատկի օր մը:
    Այս տարի իր ծննդեան վաթսունամեակն է ուրեմն: Քառասնամեակը նաեւ իր գրական գործունէութեան: Արդարեւ, իր առաջին Կարդալ աւելին
ՄՏԱԾԵՑԻ վերի հարցումին պատասխան մը գտնել Նիկողոս Սարաֆեանի գրականութեան մէջ, ուր կա՛յ ատիկա։ Թէեւ իր առաջադրածը ամբողջովին կիրառելի է ներկայ սփիւռքներուն ու Կարդալ աւելին
— Կը պատկերացնե՞ս,— կ’ըսէ հին ընկերդ,— քառասո՛ւն տարի. քառասո՛ւն տարի կ’ընէ 68ի օրերէն մինչեւ այսօր: Այսինքն աւելի քան մեր այն օրերու հեռաւորութիւնը՝ Նահանջի, Փորձի, Անջրպետի ժամանակէն, 20ականներու աւարտէն...:
Կէս ժամ առաջ գտաք իրար. չէիք հանդիպած` տարիներ: Եւ ահա, առաջին ողջագուրումներէ եւ փոխանակումներէ ետք, այս անդրադարձը՝ իր... Կարդալ աւելին
Սիրանոյշ Դւոյեան
«Ինչպէ՞ս կարելի է տուն մտնել»։
Այս հարցով է աւարտւում Գրիգոր Պըլտեանի «Հատուածներ հօր» գործի տպագիր հատուածը, որը կարծես թէ անդրադարձող պատասխանն է գործի սկզբում հնչած մէկ այլ հարցի՝
«Ինչպէ՞ս կարելի է մտածել»։
Ուրեմն, ի սկզբանէ, եւ ի վերջոյ նաեւ, գործ ունենք անհնարինութեան հետ։ Նախ մտածելու անհնարինութեան, որ խօսող ես-ի Կարդալ աւելին