Ռեբեկա Քոմէյի կրկնակի այս նախադասութիւնը, որ կը գտնուի հսկայածաւալ ու տպաւորիչ այն հատորին մէջ, որ կը կոչուի Lost in the Archives, յաճախ թիւրըմբռնուած է, կարծես ան ուզէր դատապարտել կուտակելու մարմաջը (իրեր, հետքեր, ապացոյցներ, փաստաթուղթեր), կարծես ըսէր՝ թէ շատ յիշելը վատ է յիշողութեան համար։ Սակայն արխիւը յիշողութիւնը չէ։ Ան աւելի ճիշդ հակառակն է, յիշողութեան աղէտն է։ Այդպիսի աղէտէ մը վերապրող մը ինքն իրմէ ամբողջովին... Կարդալ աւելին
Մարկ Նշանեանի վերջին մտորումներուն մէջ կեդրոնական տեղ կը գրաւէ մահադիմակը։ Այս փոխաբերական յղացքը կը դառնայ կիզակէտ, ուր Նշանեանի տասնեակ տարիներ շարունակ հետապնդած նիւթերը՝ լեզու-վկայ-վկայագրութիւն, ժամանակ-պատկեր-պատում... Կարդալ աւելին
Մարկ նշանեանի հիմնադրած ԿԱՄ հանդէսի առաջին հատորը լոյս տեսած է 1980 թուականին փարիզ: Եօթներորդ թիւէն սկսեալ ան կը հրատարակուի Երեւանի... Կարդալ աւելին
Ein Zeichen sind wir, deutungslos,
Schmerzlos sind wir und haben fast
Die Sprache in der Fremde verloren.
Wenn nämlich über Menschen
Ein Streit ist an dem Himmel und gewaltig
Die Monde gehn, so redet
Das Meer auch und Ströme müssen
Den Pfad sich suchen. Zweifellos
Ist aber Einer. Der Կարդալ աւելին
Schmerzlos sind wir und haben fast
Die Sprache in der Fremde verloren.
Wenn nämlich über Menschen
Ein Streit ist an dem Himmel und gewaltig
Die Monde gehn, so redet
Das Meer auch und Ströme müssen
Den Pfad sich suchen. Zweifellos
Ist aber Einer. Der Կարդալ աւելին
Առաջին հատորով մը, Մարկ Նշանեան 2015ին ընթերցողին հրամցուցած էր Մորիս Պլանշոյի ու Ժորժ Պաթայլի փիլիսոփայական բարեկամութեան ընդհանուր յայտարարին տակ գրուող վերապրողի, անոր մէջ վկային մահուան, ճշմարտազուրկ դէպքին ու անոր պատումնային կառոյցի գաղափարները։ Իւրայատուկ... Կարդալ աւելին
ՄԱՐԿ Նշանեանի համար հիմնական եզր է Աղէտը։ Անիկա օտարութեան փորձընկալումի իր տեսութեան մեկնակէտն է, այսինքն տեսութեան՝ որ հայ ինքնութեան, մանաւանդ սփիւռքեան հայ ինքնութեան խնդիրին կը վերաբերի։ Այս հեռապատկերով է, որ սկսայ սոյն ուսումնասիրութիւնը, սակայն ընդարձակութիւնը տարածքին, եւ մանաւանդ ժամանակը՝ ստիպեցին ընտրութիւն մը կատարել եւ մօտենալ միայն մէկ նիւթի։ Եւ ուրեմն, օտարութեան փորձընկալումի... Կարդալ աւելին
ՈՒՐԵՄՆ այսօր պիտի ներկայացնեմ Ջորջօ Ագամբէնի Մնացորդք Աւշուիցի գիրքը, որ լոյս աշխարհ եկաւ անցեալ տարի, 2020ին, կարծեմ՝ Օգոստոսին, «Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան ծրագրած թարգմանչական շարքին որպէս հերթական միաւորը։ Եթէ ատոր «լոյս աշխարհ գալ» կ՚ըսեն, համավարակի օրերուն եւ կործանարար... Կարդալ աւելին
Ի. ԴԱՐՈՒ վերջին քառորդէն ի վեր արեւմտահայերէնը սնուցանող ամենէն արգասաբեր մտածողներէն մէկուն առանձին հատորով պատուելը Բագինի պէս կէս դարէ աւելի աւանդութիւն արտադրած պարբերականի մը համար, նախ եւ առաջ կը նշանակէ լրջօրէն ստանձնել պատասխանատուութիւնը այս մտաւորականի աշխատութիւններուն պատշաճ կերպով ծանօթանալու ինչպէս նաեւ ընդունիլ... Կարդալ աւելին
ՄԱՐԿ Նշանեանի գործին նուիրուած այս յատուկ թիւին բերած աշխատակցութեամբս, կ՚ուզեմ վերադառնալ քանի մը տարի առաջ Մարկին ու իմ միջեւ տեղի ունեցած փոխանակութեան, որ լոյս տեսաւ Տէյվիտ Լ. Էնկին եւ իմ կողմէս խմբագրուած Loss: The Politics of Mourning հաւաքական հատորին մէջ Վերջին երկու տասնամեակներուն, յաճախ վերադարձած եմ այդ փոխանակութեան, աւելի մօտէն քննելու համար այն հրատապ եւ սակայն բծախնդրօրէն բանաձեւուած հարցերը, որոնց հետ դէմ առ դէմ Կարդալ աւելին
ՓԻԼԻՍՈՓԱՅՈՒԹԻՒՆԸ մեզի կ՚ըսէ, թէ պէտք է սորվիլ մեռնիլ։ Պատճառը այն է, որ պէտք է սորվինք մահը (սորվինք որ կայ, սորվինք անոր մասին, սորվինք անկէ)։ Հոգեբանները չեն սորվեցներ մեզի ինչպէս մեռնիլ, չեն իսկ սորվեցներ որ մեռնիլ ըսուած բան մը կայ, բայց կը վստահեցնեն որ որոշ տարիքի մը հասած, սովորաբար՝ կանուխ տարիքի, բոլորս սորված ենք ու հասկցած ենք թէ ի՛նչ է մահը։ Կարդալ աւելին
ԳԻՐԸ սաստկանում, առաւել բորբոքուն է դառնում հեղինակի` ներքին անդաստանից հեռացմանը զուգընթաց: Ամէն գրուածք իւրօրինակ կամուրջ է դառնում փաստական գոյութեան եւ կորսուած կեանքի միջեւ: Գիրը վկայութիւնն է կիսատութեան, խեղուածութեան, անկատարութեան: Գրում ես` հնարաւորինս վերականգնելու ներկայութեան բացը, ինչ-որ կերպ մասնակիցը դառնալու սեփական հիմնազրկման ընթացքի: Եդեմական միջավայրի հակոտնեան է... Կարդալ աւելին
ԱՅՍ բոլորը երբ քով քովի դրուած են, անսպասելի պատկեր մը կը կազմեն սակայն: Ամէն մէկը առանձին ու բոլորը միասնաբար՝ Սփիռքէն է որ կը խօսին, հինէն ու նորէն, Պէյրութէն ու Փարիզէն, Միջին Արեւելքէն ու ծայրագոյն Արեւմուտքէն: Սփիւռքէն կու գան ու Սփիւռքին կ’անդրադառնան: Այդ պատճառով իսկ՝ որոշեցի սկիզբը որպէս «Մուտք» զետեղել Յակոբ Օշականի «Վկայութիւն մը» կոչուած ծանօթ կտորին վերաբերող աշխատանք մը: Կարդալ աւելին
ԲԱՌԵՐԷՆ մին է այս «արմատախիլ»ը, այնքան ընթացիկ դարձած որ կը թուի անբովանդակ։ Այսպէս ամեն անգամ երբ տուեալի մը յաճախակի երեւումը կը յաջողի սպառել կոչող անունը, կը վերածէ հասարակ տեղիքի, նոյնիսկ ու մանաւանդ եթէ հասարակացի մակարդակն է հոն խնդրոյ առարկայ։
Յօրինուած՝ չես գիտեր ինչ անհատական կամ համայնական դէպքի մը համար, գուցէ չարիք.... Կարդալ աւելին
Յօրինուած՝ չես գիտեր ինչ անհատական կամ համայնական դէպքի մը համար, գուցէ չարիք.... Կարդալ աւելին
ՄԱՐԿ Նշանեանէն առաջին ընթերցումս եղած է Վահան Թէքէեանի առթիւ կատարած վերլուծաբանական իր լայնածաւալ աշխատութիւնը։ Հարուստ բովանդակութեամբ այս գործը, կրնամ ըսել երախայրիքն է ապագայ իր գրական, փիլիսոփայական վաստակին, որոնց հիմնական մասը նուիրուած է վերլուծաբանական, թարգմանական եւ լեզուաբանական խնդիրներու։
Մարկ Նշանեան այն մտաւորականներէն է որ... Կարդալ աւելին
Փարիզ, 1950։ Նկարին վրայ՝ Յակոբ Տէր Յակոբեան, իր տպարանին մէջ։ Յակոբ Տէր Յակոբեան հօրաքրոջս՝ Զարուհիին ամուսինն էր։ Ակօ Պապա կը կոչէի զինքը։ Հօրս մահէն ետք հայրութիւն ըրած է ինծի, որքան որ կրնար։ Յաճախ կ՚այցելէինք իրենց։ Պզտիկ էի, չէի կրնար գիտնալ այն ատեն որ Տէր Յակոբեանը Պարտիզակի քաղաքապետ եղած էր։ Գիրքեր հրատարակած էր ու պիտի հրատարակէր (1912ին՝ Ուր խեցիներ ժողվեցի, Պոլիս, իսկ մահուան տարին՝ Պարտիզակը խատուտիկ, յուշամատեան մը)։ Չէի կրնար գիտնալ որ Rue Damesmeի այդ տպարանին մէջ է, որ Յառաջ թերթը տպուած էր 1932էն մինչեւ 1953 (Յառաջ... Կարդալ աւելին
Միշէլ Սիւրիա Ժորժ Պաթայլի թիւ մէկ մասնագէտն է Ֆրանսայի մէջ, որուն մասին գրած է առաջին մեծ ուսումնասիրութիւնը՝ Georges Bataille, la mort à l’œuvre [Ժորժ Պաթայլ, մահը գործի վրայ], որ տարիներու ընթացքին բազմաթիւ լեզուներու թարգմանուած է։ Երեսուն տարիէ ի վեր, Սիւրիա Lignes եռամսեայ հանդէսի (գրական, քաղաքական, փիլիսոփայական) պատասխանատուն է։ Որպէս հրատարակիչ, Մարկ Նշանեանի ֆրանսերէն... Կարդալ աւելին
ԳՐԵԼ Մարկ Նշանեանի մասին` հրաշալի պիտի լինէր․ դէ հօ մարդու երեսին չես գովելու իրեն, ոչ էլ կենացի առիթներ են լինում, որ աչքերին նայելով ասես, թէ որքան բարձր ես գնահատում իր` ասես մի ողջ հաստատութեան աշխատանքը հայկական վերլուծական, փիլիսոփայական մտքի կիսադատարկ սենեակում, եւ թէ ինչպէս է նա իրենով լցնում այդ սենեակը` նորանոր միջանցիկ դռներ բացելով Ռոբինզոն Կրուզոյիդ համար: Կարդալ աւելին
Յառաջաբանը՝ Մարկ Նշանեանի Արաս հրատարակչատուն Պոլիս, 2022 Զապէլ Եսայեան 24 ապրիլ 1915ի վաղորդայնին շրջան մը ընդյատակ քաշուելէ ետք կ՚անցնի Պուլկարիա։... Կարդալ աւելին
1.
1960ական-1970ական թուականներու անկիւնադարձին մանրամասն արժեւորումը դեռ ապագայի գործ կը մնայ, որուն համար պէտք է հաշուի առնել Լիբանանէն մինչեւ Հարաւային Ամերիկա եւ Ֆրանսայէն մինչեւ Հիւսիսային Ամերիկա խաչաձեւ ու զուգահեռ հոսանքները իրենց բազմաթիւ երեսներով, նաեւ՝ Հայրենիքի ու Սփիւռքի միջեւ գոյացած անջրպետը չափով մը... Կարդալ աւելին
1960ական-1970ական թուականներու անկիւնադարձին մանրամասն արժեւորումը դեռ ապագայի գործ կը մնայ, որուն համար պէտք է հաշուի առնել Լիբանանէն մինչեւ Հարաւային Ամերիկա եւ Ֆրանսայէն մինչեւ Հիւսիսային Ամերիկա խաչաձեւ ու զուգահեռ հոսանքները իրենց բազմաթիւ երեսներով, նաեւ՝ Հայրենիքի ու Սփիւռքի միջեւ գոյացած անջրպետը չափով մը... Կարդալ աւելին
Բագինի այս բացառիկ թիւին համար ակնարկ մը պէտք է գրեմ գրողի մը մասին, որ գլխաւորաբար կարելի է որակել իբր վերլուծաբան կամ մտածող։ Ներկայ անձնական դժուարութիւններու բերումով զուրկ ըլլալով անոր վաստակին շուրջ վերլուծական ուսումնասիրութիւն մը հրամցնելու կարելիութենէն, խոնարհաբար պիտի մնամ այդ հեղինակի առկայութեան երեւոյթին եւ իր շուրջ դասուած հանգամանքներուն մասին Կարդալ աւելին
ԻՆՉՈ՞Վ կը բնորոշուի մտաւորական աշխարհը, եթէ ոչ մեծ մտքերու ներկայութեամբ։ Որոշ մտքեր կան որոնք ունին ծնիչ ուժ, որոնք կ՚արձակեն գաղափարներու անկաշկանդ հոսանքներ, որոնց վերարտադրիչ ուժով կ՚ոռոգուին նոր մտքեր, կը ստեղծուի նոր տրամասութիւն եւ կը վերահաստատուի շարունակականութեան։ Կարդալ աւելին