Ես սուտ մարդն եմ
ցուցափեղկի գաճէ արձան
որուն ոչ ոք բարեւ կու տայ
կարծելով թէ տեղս կայնած
մէկը կայ
համեղ պատառ անօթութեան աչքերուն մէջ
սովը սառած ՝ ճերմակ լոյսի ակռաներով
զիս կը լափեն հազար կողմէն ու կը կլլեն Կարդալ աւելին
Վրանները լարեցինք,
մեր վէրքերն ու միամիտ աչքը միակ
անոնց շուքին, անոնց շուքով քնացնելու
– արեւն արդէն ընկղմած էր
մեր արեան մէջ ճահճացած –
սակայն մոռցանք մեր ջիղերը վրաններու պէս լարել:
Մութին մէջէն գտայ բոլոր կորսուած բառերդ ձայներս խեղդուած
ես ուրուայնամուտ պատմութիւնդ էի
գմբէթ որ իր խոշորաբիբ աչքը խրած էր խորութեան հողի
Սիւն՝ ուր երեկոն հանեց պատմուճանքը հիր
երբ Լեռնաշղթան թաթը զուգառաջ
գլուխը դրաւ գիշերուան ուսին Կարդալ աւելին
Տարածութիւն,
կը խտանան ուր դարեր
ու ծարաւէ կը բռնկին
ռումբերուն մէջ երազի՝
տիեզերքի աչքէն հեռու,
տեղ մը՝ կաւի կառոյցներուն,
որոնք յաճախ կը փխրին,
կառուցուելով կը փոխուին՝ Կարդալ աւելին
Ես՝ բառերի անդրածին, ես բառերի բնակիչ,
Ինչպէս քամին, որ ունի կապոյտ եզր ու սահման։
Ամենատեղ անձրեւներ մերթ դառնում են ինձ դրկից,
Բայց նիրհիս մէջ իսկ չունեմ արեւից զատ հարեւան։
Ահա շէնքեր կը բացուին
կակաչներու պէս բոսոր՝
հրդեհներ բոցավառ:
Փողոցներուն ուրուականներ կը շրջին,
կը շրջանցեն՝ անցարգելներ,
փշաթելեր գալարուն:
Կանաչ աղջիկը Լորքայի
դեռ կը սպասէ իր ասպետին, Կարդալ աւելին
... Մեզի համար՝ դեռ
հին շոգեկառքը,
իր կաղնեկարմիր եւ մոխրակապոյտ
բաժանմունքներով,
լուռ ճամբայ կ'ելլէ
ծովափնեայ գիծէն,
դանդաղ ընթացքով վեր կը բարձրանայ
լեռնալանջերէն,
ամէն կայանի Կարդալ աւելին
Վերստին դա՞րձ մը
Թէ
Դառնալ – նորէն
Դէպի անոր որ վայր մըն էր երէկ
Օդանաւէն դիտուած մանկութիւն մր լոկ
Որ լոյս ու ստուերի մէջ,
Տարուբեր կ՚ըլլար
Հեռու–հեռաւոր անծանօթ ու բիրտ
Արեւանման մոլորակի պէս Կարդալ աւելին
Մենակեաց ու լուռ սուրբի մը նման
ձեռքերդ ծալած կուրծքիդ խաչաձեւ
եւ ականջներուդ թմբուկին վրայ
թնդանօթներու գոռոցը՝ իբրեւ
ալելուիա նոր՝
կը դիտես հեռուն,
գոյներէն անդին,
ուր հսկայ շէնքեր
հին խաւաքարտէ տուփի մը նման
ապակիի խշոցին հետ Կարդալ աւելին