ԱՆՏՐԷ Կլիւքսմանն (André Glucksmann 1937 – 2015) իր Պատերազմի Խօսոյթը (Le Discours de la guerre, Paris, Le Livre de Poche, 1985) գործի ներածականին մէջ կը նկարագրէ Ժան Փօլ Սարթրի (Jean Paul Sartre) հակազդեցութիւնը երբ թերթին մէջ կը կարդայ Հիրոշիմայի վրայ 6 օգոստոս 1945ին արձակուած կորիզային ռումբին Կարդալ աւելին
Ես ապրեցայ օրեր գեհեն,
Տատանուելով իբրեւ նաւորդ,
Եւ մահուան չափ տխուր էի: 
Գեղեցկութիւնն կը մահանար աստուածներու տաճարին մէջ,
Եւ մոմերը հրակարմիր, Աստուածամօր նկարին մօտ՝
Հառաչալիր թաց բիբերով կը տանջուէին՝ 
զիրար կրկնող ցաւերու պէս:  Կարդալ աւելին
Քանդումներու ձայներ յաճախ ես կը լսեմ՝
փլող պատեր, ինկող քարեր,
օրերու հետ դատարկուող շրջանակներ պատուհանի...
Այո, երբեմն մղձաւանջներուս
մէջ դեռ կը պայթին սուլոցներ ռումբի,
ու չեմ հասկնար
ասոնք կը հասնին արդեօք անցեալէ՞ս
թէ խուլ ձայներ են ժամանակէ մը... Կարդալ աւելին
Տուր ինծի ձայնդ
Սուատ Մասի
որպէսզի կոկորդիս մէջ գրկեմ ոռնացող աղմուկը քաղաքին
ջնջելու յիշողութիւնը բոլոր գիշերներուն բազմադրուագ
ուր բնակեցայ իբրեւ վերջին արթուն պահակը
                                     արցունքի ու մահուան
                                                            կախուած
Կարդալ աւելին