...Այս գիշեր, հաշուեյարդարի ենթարկեցինք մէկը, որ աւելի քան հինգ տարիէ ի վեր, կը զբաղէր ուշադրութեան անարժան բաներով: Ատիկա ծնունդով կը պատկանէր մարդոց այն դասակարգին, որ անգութ հեգնութեամբ մը «մտաւորական» կը կոչեն: Ան գձուձ էր ու վատ: Կը սիրէր գէշ հաճոյքներն ու սատիկ ուրախութիւնները: Կուսակից էր ձրի արարքներու Կարդալ աւելին
1990-2000-ական թուականներուն, Փարիզի «Յառաջ» օրաթերթը սովորութիւնը ունէր Մեծ Եղեռնի տարելիցին հրատարակելու նմոյշներ այն թղթակցութիւններէն, որոնք 1915-ին Շաւարշ Միսաքեանի կողմէ ուղարկուած էին Պոլսոյ իր թաքստոցէն եւ Սոֆիայի «Հայաստան» եռօրեային մէջ լոյս տեսած։ «Հայաստան»ի հաւաքածոն բաւական հազուագիւտ է, բայց Վիեննայի... Կարդալ աւելին
 «Արաս» հրատարակչատունը հրատարակեց Երուանդ Թօլայեանի (1883-1940?), որ նշանաւոր է իր Կավռօշ գրական կեղծանունով, կոթողային յուշագրութիւնը՝ Կավռօշ-նամէն, որ ցարդ անտիպ մնացած, կը սպասէր իր հրատարակչին։ Հայր եւ որդի Հենրիկ եւ Արծուի Բախչինեաններու աշխատասիրութեամբ լոյս տեսած հատորը... Կարդալ աւելին
Չորս նամակներ Զ. Սիւրմէլեանէն պահպանուած են Սարաֆեանի արխիւին մէջ, Անթիլիասի Մայրավանք։ Մեր ենթադրութեամբ հաւանաբար նամակ մը եւս փոխանակուած է անոնց միջեւ, որ մեզի չէ հասած եւ որուն մասին ակնարկութիւններ կան։
     Այս թղթակցութիւնը, ինչպէս կ՚րսէ Սիւրմէլեան, երկար չէ տեւած, եւ հոս տպուած վերջին գիրը... Կարդալ աւելին
Հերմինէ Աւագեան
Ես գալիս եմ քեզ մօտ գլխաբաց,
որ անձրեւներդ շոյեն արցունքներս
եւ ասեն, որ այս տարի
ձմեռ չի լինելու
ու գարունը արդէն ճամբայ է ընկել
դէպի քեզ․․․
Ես գալիս եմ քեզ մօտ ամէն օր
եւ շուրթերիս աղօթքներ եմ բերում,
որ համբոյրի հետ թողնեմ դէմքիդ,
մարմինդ... Կարդալ աւելին
Գրիգոր Պըլտեանի երեք պատումները՝ «Սեմեր», «Հարուածը» եւ «Նշան», լոյս տեսան «Գիշերադարձ»ի առաջին հատորով, 2012-ին։ Այս ինքնակենսագրական երեք պատումներով կը սկսի Գրիգոր Պըլտեանի «Գիշերադարձ» գրական լայն աշխատանքը, որուն արդէն ութը հատորները տպագրուած են։ Պատումներուն վայրը Պէյրութի Հայաշէնի բլուրն է, ուր կ՚ապրին օսմանեան տարբեր գաւառներէ հասած վերապրողներ։ Կարդալ աւելին
ՄԱՐԿ Նշանեան մասնագէտն է կրկնակի հարկադրանքի, ինչ որ նաեւ կը կոչուի կրկնակի հակասական հրաման։ Որպէս (մանաւանդ) Ժան-Ֆրանսուա Լիոթառի ընթերցող, հոն ուր ան կը խօսի վերապրողի դիրքին մասին ժխտողին դէմ յանդիման, Նշանեան մտաւորական ու զգացական իր կեանքէն մեծ մաս մը յատկացուցած է Ի. եւ ԻԱ.. դարերու երկայնքին հայերու պարզած վիճակին ընդերքը հասկնալու աշխատանքին։ Կարդալ աւելին
Ծ­նած է 1932-ին, Պէյ­րութ, Լի­բա­նան:­

Ու­սում

1949-1952, Պէյ­րու­թի Գե­ղա­րո­ւես­տի ա­կա­դե­մի­ա
1952-1958, Փա­րի­զի Ազ­գային բարձ­րա­գոյն ա­րո­ւեստ­նե­րու դպ­րոց, ո­ւր­կէ վկայո­ւած է
1952-1954, Հիւ­պէր Ե­ան­սե­սի հետ մարմ­նա­քան­դակ
1954-1956, Մար­սէյ Ժի­մո­նի հետ` դի­մա­քան­դակ
1956-1958, Ա­լֆ­րետ Ժա­նի­ոյի հետ բարձ­րա­քան- Կարդալ աւելին
1980ի սկիզբներուն, երբ չորրորդ անգամ ըլլալով համալսարան կը վերադառնայի ենթա-աւարտական ուսումս ամբողջացնելու, լրագրութեան ուսանող էի եւ մտադիր էի երաժշտական լրագրութեան վրայ կեդրոնանալ։ Նիւթ առաջարկեցի DownBeat պարբերականին որ հաւանաբար ճազի ու անոր յարակից ընձիւղումներուն նուիրուած Կարդալ աւելին
ԻՆՉՈ՞Վ կը բնորոշուի մտաւորական աշխարհը, եթէ ոչ մեծ մտքերու ներկայութեամբ։ Որոշ մտքեր կան որոնք ունին ծնիչ ուժ, որոնք կ՚արձակեն գաղափարներու անկաշկանդ հոսանքներ, որոնց վերարտադրիչ ուժով կ՚ոռոգուին նոր մտքեր, կը ստեղծուի նոր տրամասութիւն եւ կը վերահաստատուի շարունակականութեան։ Կարդալ աւելին
Օսմանեան կայսրութեան պարտութիւնը կնքող Մուտրոսի զինադադարէն ետք, Պոլսոյ հայոց կեանքը սկսաւ կամաց-կամաց աշխուժանալ վերապրող մտաւորականութեան վերադարձով։ Նախաեղեռնեան երկու հրատարակութիւններ կը վերակենդանային. Մերուժան Պարսամեան (1883-1944), իր եղբօր՝ Մկրտիչ Պարսամեան (1886-1965) օժանդակութեամբ, կը վերահրատարակէր... Կարդալ աւելին
ԶԻՆՔ չէր սիրած ռոմանտիկ սէրով մը։ Պարկեշտ եւ պարտաճանաչ կին եղած էր իրեն։ Հոգատար եւ համբերատար։ Եւ ինքզինք թեթեւցած զգացած էր երբ ամէն ինչ աւարտած էր ու ան ընդմիշտ հեռացած էր։ Թաղումէն առաջ եւ ետք, եւ նոյնիսկ մարմինը հողին յանձնած ատեն, թագաղին վրայ ափ մը հող ցանած եւ կարմիր վարդ մը նետած ատեն՝ կաթիլ մը արցունք իսկ չէր թրջած աչքերը։ Հանդարտօրէն կատարած էր իրմէ ակնկալուածը Կարդալ աւելին
ՁՄՐԱՆԸ արեւը ծիկ է անում եւ փախչում: Ձմեռը լուսնի տարերքն է: Տարուայ վերջի ու սկզբի եղանակին ապրելու ժամանակը կարճ է, արագ է մթնում, իսկ եթէ տարին սովորականից աւելի ցուրտ է, երկիրը կէս մարդու նման է ապրում: Օրը, տարուայ վերջին ժամերն էր ապրում, մարդիկ՝ օրուայ: Շտապում էին: Աշխարհի վերջը չէր, բայց Ամանորը պէտք է կարգին, մարդաւարի դիմաւորէին: Րոպէ առ րոպէ խանութների դատարկուող ցուցափեղկերի, ձիւնացեխոտ Կարդալ աւելին
Շատ դժուար է ըմբռնել թէ հայ ստրկութեան եւ ծառայութեան ջոջ ներկայացուցիչը՝ Մեսրոպեան էֆենտի ի՛նչ կը հասկնար յառաջ երթալ ըսելով, խօսք մը զոր իբր նպատակ կ՚առաջարկէր ամբողջ ցեղի մը ստրկութեան եւ հլութեան ենթարկուելուն՝ իբր գին. ինքը, օրինակի համար, յառաջ գացած մարդ մըն էր եւ Աստուա՜ծ միայն գիտէր թէ ի՛նչ զարտուղի ճամբաներէ անցնիլ հարկ եղած էր իրեն, յաճախ... Կարդալ աւելին
Yeni Hayat
     Սկիզբը կարծեցի «թէ գիրքը կրնար ըլլալ սենեակիս մէջ ամէն կողմ թիզուած թուղթերու «թերթերու եւ այլ գոյքերու կոյտին մէջ: Բայց հոն չէ: Զայն յանձնարարած էր անծանօթ մը «որուն հանդիպեցայ «երբ կը վերադառնայի... Կարդալ աւելին
«Լիբանանի մէջ... դիցուհիներ ոտաբոպիկ կը շրջէին հին երգերը շալերու պէս իրենց մարմիններուն փաթթուած...»
Վեհանոյշ Թեքեանի գործերուն մէջ այս նոյն կիներուն զանազան տարբերակները կը ճեմեն: Անոնք կ’անցնին էջէ էջ, կը ցատկռտեն տողէ տող. կը պահուըտին երկար ատեն, յայտնուելու համար կրկին՝ այլ էջի մը անկիւնը: Հին երգերը, նորերու հետ շաղախուած՝ կը յամենան զիրենք փաթթող շալերուն մէջ: Անոնք երբեմն լուռ են. հազիւ լսելի.. Կարդալ աւելին
Յակոբ Կիւլլիւճեանի անունը լսած էի ծանօթէ մը, քանի մը տասնամեակ առաջ, սակայն որքան կը յիշեմ առաջին զօրաւոր, պիտի ըսեմ դրոշմող տպաւորութիւնը կը պարտիմ 1999ի յօդուածի մը՝ որ կը շօշափէր  ցանցակերպ հաղորդակցութեան սահմանուած դերը Սփիւռքի մէջ։ Այն օրերուն Կարդալ աւելին
Ի՞նչ է յուշարձանը
Յուշարձանը այն յուշն է, որ արուեստագէտը շօշափելի վիճակի մէջ կը դնէ իր իսկ ժողովուրդին ուրախ կամ տխուր ապրումները միջոցին մէջ, եւ պատմութեան տարածքին։
Յուշարձանը այն բաց գիրքն է, որ ինքզինքը կը կարդայ ժողովուրդի մը սերունդին, ամէն վայրկեան ինքզինքը նորոգելով բոլոր հոգիներէն ներս։
Կարդալ աւելին