Ընկեր մը ունիմ որ շատ տարօրինակ է։ Ամէն մարդու որ հանդիպի նոր ես մը կը ներկայացնէ։ Չեմ ըսեր որ միշտ իր ուզածը այն է՝ կրնայ ըլլալ որ իսկապէս փոխուած ըլլայ եւ կարելի չըլլայ հին եսը ներկայացնել՝ այն որ եղած է բայց այլեւս չէ։ Սակայն շատ անգամ երբ մարդու մը հանդիպի կը ստուգէ որ ներկայացուցած եսը յարմարի անոր։ Երբ փիլիսոփայի հանդիպի, կարծես շատ հետաքրքրուած ըլլայ փիլիսոփայութեամբ. Կարդալ աւելին
 Գուրգէն Մահարի (1903-1969), հայ գրականութեան երկրորդ Ապրիլ 24ի՝ 1936-1938ի ստալինեան մաքրագործումներու թերեւս ամենէն կարկառուն վերապրողը գրականութեան դաշտին մէջ, եղած է թէ՛ բեղուն արտադրող մը (այդ արտադրութեան մէկ կարեւոր մասը լոյս տեսած է յետմահու) եւ թէ՛ անդադրում նամակագիր մը։ Երեւանի «Անտարես» հրատարակչատունը... Կարդալ աւելին
USA PATRIOT
     Ոեւէ հայրենասէր ամերիկացի ինքզինք երբեք այսքան նուաստացած չէր կրնար զգացած ըլլալ: Տակաւին երկու օր առաջ,Նիւ Եորք Թայմզ-ի 23 Յունուար 2009-ի թիւի առաջին էջին վրայ էր նկարը Սպիտակ Տուն հաստատուած, սեւամորթ, Պարաք Հիւսէյն իսլամական անունով, լիպերալ... Կարդալ աւելին
Ընդամէնը հայելի մըն եմ
ջարդուած հայելին զիս կրող պատկերներուն
քաղաքներու պատերուն փակցուցեր եմ
զիս կրող պատկերներուն անունները բաղաձայն
բազմաձայնումը
Ոսկորներուս խշրտուքը ծանրանալով
անլուծօրէն կը լծուի հողիս ամլութեան
Ամլութիւնը տարածուեր է լեզուիս եւ գանկիս մէջ
ոսկորներուս վրայէն պէտք է անցնէի Կարդալ աւելին
Շատ դժուար է ըմբռնել թէ հայ ստրկութեան եւ ծառայութեան ջոջ ներկայացուցիչը՝ Մեսրոպեան էֆենտի ի՛նչ կը հասկնար յառաջ երթալ ըսելով, խօսք մը զոր իբր նպատակ կ՚առաջարկէր ամբողջ ցեղի մը ստրկութեան եւ հլութեան ենթարկուելուն՝ իբր գին. ինքը, օրինակի համար, յառաջ գացած մարդ մըն էր եւ Աստուա՜ծ միայն գիտէր թէ ի՛նչ զարտուղի ճամբաներէ անցնիլ հարկ եղած էր իրեն, յաճախ... Կարդալ աւելին
1-Metamorphosis. F. Kafka.
2-Plot. Joyce Carol Oats.
3-Vacuum.
Օր մը չէր, որ արթնցաւ եւ ինքզինք այս պարապին մէջ գտաւ: Պարապը սկիզբէն կար, ոչ քաոսային, այլ ծրագրուած, դասաւորուած:
Ինչ որ գտաւ այդ օրը, անդրադարձն էր անոր, այդ պարապին մէջ գտաւ: Պարապը սկիզբէն կար, ոչ քաոսային, այլ ծրագրուած, դասաւորուած: Կարդալ աւելին
Օսմանեան կայսրութեան պարտութիւնը կնքող Մուտրոսի զինադադարէն ետք, Պոլսոյ հայոց կեանքը սկսաւ կամաց-կամաց աշխուժանալ վերապրող մտաւորականութեան վերադարձով։ Նախաեղեռնեան երկու հրատարակութիւններ կը վերակենդանային. Մերուժան Պարսամեան (1883-1944), իր եղբօր՝ Մկրտիչ Պարսամեան (1886-1965) օժանդակութեամբ, կը վերահրատարակէր... Կարդալ աւելին
Լեհաստանի Վրոցլաւ քաղաքին մէջ հաստատուած “Զառ” թատերախումբը 2013-էն սկսեալ Եւրոպայի եւ Ամերիկայի զանազան քաղաքներու մէջ ներ­կա­յացուց «Արմի­նէ, քոյրս» վեր­նագրուած թատրերգութիւնը։ Վրոցլաւէն եւ Վարշավայէն ետք՝ Լոն­տոն, Օսլո, Սան Ֆրանսիսքօ, Հռոմ, Սչեչին, Փարիզ, Սիպիու (Ռումանիա), Թեսա­լո­նի­քի, Ֆլորանս, Մատրիտ, եւ վերջերս՝ Լիզպոն առիթը ունեցան հիւ­րասիրելու... Կարդալ աւելին
Պօղոս Սնապեանէն յետ մահու հրատարակուած երկրորդ հատորն է Գիրքերու հետ գրախօսականներ, Ա. հատորը։ Խմբագիրն է Թամար Սնապեան-Սուրճեան։ Գիրքը, 191 էջ, լոյս տեսած է Համազգայինի «Վահէ Սէթեան»... Կարդալ աւելին
Ծնած է Պէյրութ 1951-ին։
1975-ին ստացած է Պէյրութի Académie Libanaise des BeauxArts-ի վկայականը` ներքին ճարտարապետութեան բաժինէն։
Ռուբէնը շարունակած է իր արուեստի ուսումը Փարիզ եւ 1977-ին ստացած է նկարչութիւն-որմնանկարչութիւն մասնագիտութեան վկայականը Ecole Nationale Supérieure des Arts Décoratifs-էն։
2001-ին Ռուբէնը ստացած է նաեւ արուեստաբանութեան վկայական Փարիզի Ecole Pratique des Կարդալ աւելին
Վաւերագրող լուսանկարիչ Գերման Աւագեան իր սկզբնական կրթութիւնը ստացած է Գերմանիոյ եւ Պելոռուսիոյ մէջ։ 1980-1985 Հայաստանի մէջ յաճախած է Բազմարուեստեան հիմնարկ, Power Engineering բաժանմունք։ 1996-ին եւ 1999-ին Երեւանի մէջ հետեւած է Magnum եւ Magnum Photo Journalism աշխատանոցներու, որոնք կը կրեն Նիւ Եորքի «Open Society Institute»-ի հովանաւորութիւնը։
Իբրեւ ազատ լուսանկարիչ սկսած է գործել... Կարդալ աւելին
Ծնած է Պէյրութ, 1958-ին։ 1988-ին փոխադրուած է Սան Ֆրանսիսքօ, 2005-էն ի վեր կ՛ապրի Լոս Անճելոս։ Ուսումը ստացած է նախ Պէյրութ՝ Academie Libanaise Des Beaux-Arts (1981-1984), ապա՝ San Francisco Art Institute վկայուելով BFA եւ MFA Film վկայականներով 1989-ին եւ 1992-ին։

Ցուցահանդէսներ ու ֆիլմի ցուցադրութիւններ
"Vahe Oshagan: Between Act", AUA, Երեւան, 2016 Կարդալ աւելին
Ի՞նչ է յուշարձանը
Յուշարձանը այն յուշն է, որ արուեստագէտը շօշափելի վիճակի մէջ կը դնէ իր իսկ ժողովուրդին ուրախ կամ տխուր ապրումները միջոցին մէջ, եւ պատմութեան տարածքին։
Յուշարձանը այն բաց գիրքն է, որ ինքզինքը կը կարդայ ժողովուրդի մը սերունդին, ամէն վայրկեան ինքզինքը նորոգելով բոլոր հոգիներէն ներս։
Կարդալ աւելին
Հերմինէ Աւագեան
Մանկութիւնս վազում, հասնում է Մարտունու փողոցները: Վազում եմ յետեւից, բայց չեմ հասնում։,
     – Չե՜ս հասնի, չե՜ս հասնի, ես աւելի լաւ եմ վազում։
     – Կը հասնեմ։
     – Դէ արի ու ինձ բռնիր, դէ՜․․․
     Մարտունի...արեւից վառուող, արեւի պէս... Կարդալ աւելին
Արձակի շարքէն Գրիգոր Պըլտեանի «Կրկնագիր մարդը» ութերորդն է, լոյս տեսած 2015 սեպտեմբերին Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարանէն։ Հատորին առաջին ներկայացումը կատարուեցաւ հրատարակութենէն քանի մը օր ետք, Պէյրութի մէջ, Յարութիւն Քիւրքճեանի կողմէ։ Իմ աշխատանքս այստեղ գիրքի... Կարդալ աւելին