Բանաստեղծութիւնը կամ ընդհանրապէս գեղարուեստական գրականութիւնը կարելի՞ է սփիւռքի մէջ։
Նախ եւ առաջ վերի հարցադրումին մէջ գործածուած եզրերուն առնչութեամբ հարկ է կատարել կարգ մը լրացումներ։ Սփիւռքը չէ գլխագրուած, որովհետեւ հարցումը կ՚ուզէ մտածել ընդհանրապէս սփիւռքներու, եւ ոչ՝ յատուկ անունին մասին այն կարողական... Կարդալ աւելին
Սուրբ Ղազարի Մխիթարեան հրատարակչութիւնը լոյս կ՚ընծայէր ատենօք «Գրական ցոլքեր» վերնագրուած շարքը։ Առաջին հատորը լոյս տեսած էր 1944ին (Հ. Ղեւոնդ Ալիշան, Հայրունի), Հ. Կ. Քիպարեանի խմբագրութիւնը վայելելով։ Հինգերորդ թիւէն սկսեալ՝ խմբագիրն էր Հ. Մ. Ճանաշեան, ու այդպէս շարունակած է մինչեւ 1960։ Ունինք այսպէս Դանիէլ Վարուժանի, Միսաք Մեծարենցի, Երուանդ Օտեանի, Թումանեանի գործերէն հատընտիրներ, ունինք մինչեւ իսկ Գաբրիէլ Սունդուկեանի Պէպոն։ Կարդալ աւելին
Երբ ուշադիր ակնարկ մը նետենք վերջին տաս-տասնհինգ տարիներու հայ նորահաս սերունդի մտաւոր զարգացման վրայ, ուշագրաւ երեւոյթ մը, բնորոշիչ եւ տարօրինակ միեւնոյն ժամանակ, մեզ խորհրդածութեան կը մղէ, այս պահուս, երբ ուրախութեամբ կը դիմաւորենք քանի մը նորահաս գրողներ իրենց խոստմնալից առաջին քայլերուն մէջ։
Քիչ է անոնց թիւը։ Արդէն գրականութեան եւ արուեստի նուիրեալները իրենց քանակովը չէ որ կշիռ կը ստանան հոծ զանգուածներու Կարդալ աւելին
ՁԵՐ ուսումը քանի մը հանգրուաններէ անցեր է եւ ուղի փոխեր, ճի՞շդ է: Կրնա՞ք պատմել:
ՈՒՍՈՒՄՍ հետեւեալ քարտէսը կը պարզէ՝ նախակրթարան՝ Հալէպի «Հայկազեան» վարժարան, միջնակարգի ա. դասարան՝ Գահիրէի «Գալուստեան» վարժարան, որմէ ետք հայկական Կարդալ աւելին
Այս անգամ Փարիզ, սենեակի մը մէջ նստած, հասուննալու փողոցին մէկ անկիւնը կ’այցելեմ։ Տարիներու վրայ երկարող իրավիճակի մը դէմ յանդիման եկած... Կարդալ աւելին
Հայկական մտածողութեան մէջ «Հարաւ»ի գաղափարը գրեթէ անգոյ է, նշած է Վարդան Մատթէոսեան։ Արեւելքի եւ Արեւմուտքի սահմանումները տիրապետած են մեր իրականութեան։ Հետեւաբար, Սփիւռքի հարաւային գաղութները, արդէն հարիւրամեայ Արժանթինի գաղութը (եւ թերեւս աւելի նոր... Կարդալ աւելին
Ես սուտ մարդն եմ
ցուցափեղկի գաճէ արձան
որուն ոչ ոք բարեւ կու տայ
կարծելով թէ տեղս կայնած
մէկը կայ
համեղ պատառ անօթութեան աչքերուն մէջ
սովը սառած ՝ ճերմակ լոյսի ակռաներով
զիս կը լափեն հազար կողմէն ու կը կլլեն Կարդալ աւելին
Յակոբ Կիւլլիւճեանի անունը լսած էի ծանօթէ մը, քանի մը տասնամեակ առաջ, սակայն որքան կը յիշեմ առաջին զօրաւոր, պիտի ըսեմ դրոշմող տպաւորութիւնը կը պարտիմ 1999ի յօդուածի մը՝ որ կը շօշափէր ցանցակերպ հաղորդակցութեան սահմանուած դերը Սփիւռքի մէջ։ Այն օրերունԿարդալ աւելին
ՍՓԻՒՌՔԵԱՆ փորձ(առութիւն)ը առաջին հերթին կ՛ապրուի եւ կը դրսեւորուի գրական ստեղծումին մէջ: Յօդուածներու եւ վերլուծումներու ժողովածու հատորդ կը հաստատէ սփիւռքցի գրագէտներու ծննդաբանութիւն մը, որ կը սկսի Ցեղասպանութենէն վերապրածներով, ինչպէս Համաստեղ (Մ.Ն.): Կարելի է յիշել նաեւ Վահան ԹէքէեանԿարդալ աւելին
Արձակագիրներով աւելի հարուստ Սփիւռքի մեր գրականութեան ամենէն ինքնատիպ եւ ամենէն վաւերական բանաստեղծն է Նիկողոս Սարաֆեան:
Ծնած է Պուլկարիոյ Վառնա քաղաքին մէջ 1902, ապրիլ 14-ին, զատկի օր մը:
Այս տարի իր ծննդեան վաթսունամեակն է ուրեմն: Քառասնամեակը նաեւ իր գրական գործունէութեան: Արդարեւ, իր առաջին Կարդալ աւելին
Տարածութիւն,
կը խտանան ուր դարեր
ու ծարաւէ կը բռնկին
ռումբերուն մէջ երազի՝
տիեզերքի աչքէն հեռու,
տեղ մը՝ կաւի կառոյցներուն,
որոնք յաճախ կը փխրին,
կառուցուելով կը փոխուին՝ Կարդալ աւելին
Անահիտ Գասապեան Լիվըրփուլի համալսարանէն ներս Ճէյմս եւ Գոնսթանս ամպիոնի պատուակալ դասախօս է։ Հանգստեան կոչուելէ ի վեր կ՚աշխատի Լիվըրփուլի Արաբական մշակոյթի փառատօնի ծրագիրներուն վրայ, որ իր 30,000է աւելի հանդիսատեսներով արաբական մշակոյթի մեծագոյն փառատօնը կը նկատուի Անգլիոյ մէջ։ Գիտական, ներառեալ՝ հայկական...Կարդալ աւելին
Սոյն դասախօսութիւնը խօսուեցաւ այս տարի երկու անգամ, տարբեր պայմաններու մէջ։ Խօսուեցաւ նախ Լոս Անճելըս, 2016-ի Օգոստոսին, «Ապրիլ» գրատան կողմէ կազմակերպուած Art in Diaspora ձեռնարկին առիթով, ուր առաջին անգամ ըլլալով առանձին հրապարակային ցուցադրումի կ՚արժանանային Հրայր Անմահունիի գործերը, կը ցուցադրուէին Վահէ Օշականին նուիրուած իր պատրաստած... Կարդալ աւելին
— Կը պատկերացնե՞ս,— կ’ըսէ հին ընկերդ,— քառասո՛ւն տարի. քառասո՛ւն տարի կ’ընէ 68ի օրերէն մինչեւ այսօր: Այսինքն աւելի քան մեր այն օրերու հեռաւորութիւնը՝ Նահանջի, Փորձի, Անջրպետի ժամանակէն, 20ականներու աւարտէն...: Կէս ժամ առաջ գտաք իրար. չէիք հանդիպած` տարիներ: Եւ ահա, առաջին ողջագուրումներէ եւ փոխանակումներէ ետք, այս անդրադարձը՝ իր... Կարդալ աւելին
Արամ Պէյրութի զաւակն էր:
Երբեք խորապէս չէր մտածած իր ազգային պատկանելիութեան մասին, ոչ ալ՝ վերլուծած իր զգացումները, հպատակութեան հարցը, տարբերութիւնը հայ եւ լիբանանցի ըլլալու: Բայց գիտէր, կը զգար, որ ինք միջերկրականեան մայրաքաղաքին կը պատկանէր: Կը սիրէր... Կարդալ աւելին