Վահէ Օշական
Ես սուտ մարդն եմ
ցուցափեղկի գաճէ արձան
  որուն ոչ ոք բարեւ կու տայ
  կարծելով թէ տեղս կայնած
  մէկը կայ
համեղ պատառ անօթութեան աչքերուն մէջ
սովը սառած ՝ ճերմակ լոյսի ակռաներով
  զիս կը լափեն հազար կողմէն ու կը կլլեն Կարդալ աւելին
Վահէ Օշական
Մեր խօսքին հիմնական գաղափարը այն է, որ զուտ ազգային գրականութեան մը յղացքը ժամանակավրէպ է եւ թէ Սփիւռքը, կտրուած հայրենի հողէն ու ցեխէն, խզուած դարակուտակ անցեալի մը բեռէն ու մղումէն, ցիր ու ցան եւ անհեթեթ, կատարելապէս Կարդալ աւելին
Վեհանոյշ Թեքեան
Մութին մէջէն գտայ բոլոր կորսուած բառերդ             ձայներս խեղդուած
ես ուրուայնամուտ պատմութիւնդ էի
գմբէթ որ իր խոշորաբիբ աչքը խրած էր խորութեան հողի
Սիւն՝ ուր երեկոն հանեց պատմուճանքը հիր
երբ Լեռնաշղթան թաթը զուգառաջ
գլուխը դրաւ գիշերուան ուսին Կարդալ աւելին
Տարածութիւն,
կը խտանան ուր դարեր 
ու ծարաւէ կը բռնկին 
     ռումբերուն մէջ երազի՝ 
տիեզերքի աչքէն հեռու, 
     տեղ մը՝ կաւի կառոյցներուն, 
որոնք յաճախ կը փխրին, 
     կառուցուելով կը փոխուին՝  Կարդալ աւելին
Մենակեաց ու լուռ սուրբի մը նման
ձեռքերդ ծալած կուրծքիդ խաչաձեւ
եւ ականջներուդ թմբուկին վրայ
թնդանօթներու գոռոցը՝ իբրեւ
ալելուիա նոր՝
կը դիտես հեռուն,
գոյներէն անդին,
ուր հսկայ շէնքեր
հին խաւաքարտէ տուփի մը նման
ապակիի խշոցին հետ
                              Կարդալ աւելին
Արամ Պէյրութի զաւակն էր:
Երբեք խորապէս չէր մտածած իր ազգային պատկանելիութեան մասին, ոչ ալ՝ վերլուծած իր զգացումները, հպատակութեան հարցը, տարբերութիւնը հայ եւ լիբանանցի ըլլալու: Բայց գիտէր, կը զգար, որ ինք միջերկրականեան մայրաքաղաքին կը պատկանէր: Կը սիրէր... Կարդալ աւելին
Արձակագիրներով աւելի հարուստ Սփիւռքի մեր գրականութեան ամենէն ինքնատիպ եւ ամենէն վաւերական բանաստեղծն է Նիկողոս Սարաֆեան: 
    Ծնած է Պուլկարիոյ Վառնա քաղաքին մէջ 1902, ապրիլ 14-ին, զատկի օր մը:
    Այս տարի իր ծննդեան վաթսունամեակն է ուրեմն: Քառասնամեակը նաեւ իր գրական գործունէութեան: Արդարեւ, իր առաջին Կարդալ աւելին
Երբ ուշադիր ակնարկ մը նետենք վերջին տաս-տասնհինգ տարիներու հայ նորահաս սերունդի մտաւոր զարգացման վրայ, ուշագրաւ երեւոյթ մը, բնորոշիչ եւ տարօրինակ միեւնոյն ժամանակ, մեզ խորհրդածութեան կը մղէ, այս պահուս, երբ ուրախութեամբ կը դիմաւորենք քանի մը նորահաս գրողներ իրենց խոստմնալից առաջին քայլերուն մէջ։
Քիչ է անոնց թիւը։ Արդէն գրականութեան եւ արուեստի նուիրեալները իրենց քանակովը չէ որ կշիռ կը ստանան հոծ զանգուածներու
Կարդալ աւելին
ՍՓԻՒՌՔԵԱՆ փորձ(առութիւն)ը առաջին հերթին կ՛ապրուի եւ կը դրսեւորուի գրական ստեղծումին մէջ: Յօդուածներու եւ վերլուծումներու ժողովածու հատորդ կը հաստատէ սփիւռքցի գրագէտներու ծննդաբանութիւն մը, որ կը սկսի Ցեղասպանութենէն վերապրածներով, ինչպէս Համաստեղ (Մ.Ն.): Կարելի է յիշել նաեւ Վահան Թէքէեան Կարդալ աւելին
Տեղեակ էի, թէ Բագին պարբերականին առընթեր նախաձեռնութիւն մը կը պատրաստէ հրատարակութիւնը Յ. Քիւրքճեանէ հատորի մը: Եւ անհամբեր կը սպասէի: Ահա Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարանէն լոյս տեսած է հատորը՝ որպէս առաջին թիւը «Բագին մատենաշար»ի, Սոնիա Քիլէճեանի եւ Րաֆֆի Կարդալ աւելին
Յակոբ Կիւլլիւճեանի անունը լսած էի ծանօթէ մը, քանի մը տասնամեակ առաջ, սակայն որքան կը յիշեմ առաջին զօրաւոր, պիտի ըսեմ դրոշմող տպաւորութիւնը կը պարտիմ 1999ի յօդուածի մը՝ որ կը շօշափէր  ցանցակերպ հաղորդակցութեան սահմանուած դերը Սփիւռքի մէջ։ Այն օրերուն Կարդալ աւելին
ՄՏԱԾԵՑԻ վերի հարցումին պատասխան մը գտնել Նիկողոս Սարաֆեանի գրականութեան մէջ, ուր կա՛յ ատիկա։ Թէեւ իր առաջադրածը ամբողջովին կիրառելի է ներկայ սփիւռքներուն ու Կարդալ աւելին
Սուրբ Ղազարի Մխիթարեան հրատարակչութիւնը լոյս կ՚ընծայէր ատենօք «Գրական ցոլքեր» վերնագրուած շարքը։ Առաջին հատորը լոյս տեսած էր 1944ին (Հ. Ղեւոնդ Ալիշան, Հայրունի), Հ. Կ. Քիպարեանի խմբագրութիւնը վայելելով։ Հինգերորդ թիւէն սկսեալ՝ խմբագիրն էր Հ. Մ. Ճանաշեան, ու այդպէս շարունակած է մինչեւ 1960։ Ունինք այսպէս Դանիէլ Վարուժանի, Միսաք Մեծարենցի, Երուանդ Օտեանի, Թումանեանի գործերէն հատընտիրներ, ունինք մինչեւ իսկ Գաբրիէլ Սունդուկեանի Պէպոն։ Կարդալ աւելին