Նախակրթարանի աշակերտ էինք: Հայերէնի մեր ուսուցիչը օր մը շարադրութեան համար մեզի տուաւ հետեւեալ նիւթը. «Գի՞ւղը թէ քաղաքը»: Առանց վայրկեան մը վարանելու ես ընտրեցի գիւղը եւ գրեցի շարադրութիւն մը որ մասնաւոր գնահատանքի արժանացաւ:
         Մինչեւ այսօր տակաւին կը յիշեմ այն գոյները, գիծերը եւ զգացումի ջերմութիւնը, որոնց շնորհիւ յաջողեցայ Կարդալ աւելին
Հայ գրականութիւնը մեր ժողովուրդի լինելութեան վկայարանն է: Հայ գրողները ընդհանրապէս եկած են գաւառէն, բերելով հայաշխարհի շունչն ու շնչառութիւնը, ժողովուրդի երակը, հող-հայրենիի զգացողութիւնը։ Այդպէս էր մօտաւոր անցեալին, է նաեւ այսօր, քանի որ հողին եւ մարդուն միջեւ կայ առհաւական կապ։ Համաստեղ Յակոբ Մնձուրի եւ մեր անմիջական ժամանակակիցները Մկրտիչ Մարկոսեան կամ Հրանտ Մաթեւոսեան կը յատկանշուին բնաշխարհէն ստացուած հարստութեամբ։  Կարդալ աւելին
Այդ օր Ս. Բարթողիմէոս վանքին օրն էր։ Լերան քարերուն չափ հին օրերուն, չգիտես ո՛ր տեղէն, Սուրբը իր լայն մօրուսը հովին տուած, հեղուող աստղի մը պէս իջած էր Քարկապան լերան կողքին: Վանքին քարէ պատերը բորբոս կապած՝ ժանգոտ երկաթի գոյն առած էին:
    Այդ մօտաւոր ու հեռաւոր գիւղերէն ուխտի կ’երթային տօնական նաշխուն հագուստներով: Վանքին ներսը՝ աղօթք, խունկ-պատարագ, բուրվառ ու քշոց։ Գիւղական քահանային Կարդալ աւելին
Աշնանամուտի իրիկուններէն մէկը իր ցուրտ ստուերներուն զանգուածը կ՚իջեցնէր բարձրաւանդակի հարթավայր գետնի մը խոզաններուն վրայ, երբ ես տեսայ մուկը, որ իր ծակէն քիչ մը հեռու, կը խոյանար բոլոր այն սնունդներուն դէմ, որոնք առաւել զօրութիւն մը եւ տեւականութիւն պիտի ապահովէին իր կեանքին: Կարդալ աւելին
Եդուարդ Պօյաճեան հայ գրականութեան մէջ մուտք գործած է բանաստեղծութեամբ: Ինքնակենսագրական համառօտ ուրուագծէ մը կը տեղեկանանք, որ գրել սկսած է շատ կանուխէն, բայց գրածները տպագրել տուած 1932էն սկսեալ: Ա՛յդ ու յաջորդ տարին իր հրատարակութեան տուած կտորները մեզի անծանօթ կը մնան: Հաւանաբար օրաթերթերու մէջ ըրած է իր սկիզբը՝ «Ազդակ»ի, «Յուսաբեր»ի, կամ «Յառաջ» մէջ, որոնց հաւաքածոները, դժբախտաբար, հեռու մնացին մեր հասողութեան սահմաններէն: Իր ստորագրութեան առաջին անգամ հանդիպած ենք Կարդալ աւելին
Երկրորդ աշխարհամարտի վախճանը աւետող լուրերը հազիւ հաստատուած՝ մարդիկ, մեծն ու փոքրը, ոտքի ելան եւ Երուսաղէմի մեծ ու փոքր զանգակները չլսուած պոռթկումով լեցուցին մթնոլորտը: 
    Միւս բոլոր ժողովուրդներուն վերէն նայող ցեղակրօն Գերմանացին ծունկի եկած էր, ու խնդութիւն էր ամէն կողմ, տարածասփիւռ, պայթուցիկ խանդավառութիւն:  Կարդալ աւելին
Փողոցի երկփեղկ դրան փակ մասին ետեւ, ձեռնահիւս սեւ շալ մը ուսերուն, կանգնած էր ան, երբ կինս ու ես իջանք մեր բնակարանին ներքին սանդուղներէն։ 
    Դարձուց գլուխը, իր թափանցող ակնարկովը չափեց–չափչփեց երկուքս եւ, կրկին նայելով դէպի դուրս` 
    – Խե՞նթ են՝ ի՛նչ են, աս անձրեւին փողոց կ’ելլուի՞, – ըսաւ ինքն իրեն՝ լսելի ձայնով մը։ Կարդալ աւելին
Ամէն ամառ, գոնէ շաբթուան մը համար կու գամ սա պանդոկը, թէ՛ քիչ մը արեւ ծծելու, թէ՛ ծովու օդ շնչելու եւ թէ մանաւանդ՝ սա գեղատեսիլ լիճին դրացնութիւնը վայելելու:
    Այդ տարին, եկեր էի առանց նախապէս իմաց տալու, առանց նախասիրած սենեակս ապահոված ըլլալու, եւ ուրեմն ստիպուեր էի առնել որը որ տրամադրելի էր:
Գանգատելու պատճառ մը չունեցայ սակայն, Կարդալ աւելին
Լիբանան: 
    Երբ տակաւին գեղածիծաղ կը կոչուէր: 
    Երբ տակաւին Արեւելքի այդ առաջին դուռներու տարերային չես գիտեր ի՛նչ արկածով այդպէս տեղ բռնած, կամ թէ սադայէլական ուրիշ ինչ դիտումներով դրախտի նման ծպտուած անէծքի մը ծնունդ կարծէք այդ հողաշերտը կը շփոթուէր... Կարդալ աւելին
Ո՞ւր է երկրորդ ծաղիկը մեր տառապանքին, 
բերկրանքն այն հոտեւան,
որ պիտի գար վայելչակերպ յայտնութեամբ, 
իբրեւ կերպարն ու ոգին՝ 
երբեմնի մեր ցնորքներուն բնապաշտ.
եւ գոյակցէր խայտաբորբ մեր երգերուն՝ 
նորաբողբոջ իր շունչով,
ցօղաթուրմ իր արցունքով... Կարդալ աւելին
Սելլա՝ իր նոր բարեկամին հետ թեւանցուկ՝ իջաւ գիշերային գետնայարկ զբօսասրահի օձապտոյտ աստիճաններէն: Նուագի զիլ ձայնն ու կարմիր լոյսերը թրթռացին իր այտերուն վրայ: Արու նայուածքներ զարնուեցան կարճ շրջազգեստին քղանցքէն երեւցող գրգռիչ զիստերուն, որոնց Սելլա պատասխանեց անհոգ ժպիտով:
Ձեռքի ու աչքերու մեղմ շարժումներով... Կարդալ աւելին
Ես ապրեցայ օրեր գեհեն,
Տատանուելով իբրեւ նաւորդ,
Եւ մահուան չափ տխուր էի: 
Գեղեցկութիւնն կը մահանար աստուածներու տաճարին մէջ,
Եւ մոմերը հրակարմիր, Աստուածամօր նկարին մօտ՝
Հառաչալիր թաց բիբերով կը տանջուէին՝ 
զիրար կրկնող ցաւերու պէս:  Կարդալ աւելին
Փողոցը ջերմ էր, փոշոտ, հին: Իրենց գագաթներով իրար գրկող ծառեր, որոնք տեսակ մը հրապոյր եւ խորհրդաւորութիւն ունէին ու կը պաշտպանէին փողոցէն դուրս եկող, թեթեւցած եւ բիւրեղացած հրճուանքներ մատնող անցորդները:
    Մարդիկ երկար մտածեցին անտեսուած փողոցին բարեկարգման մասին եւ իւրաքանչիւր բարենորոգում եկաւ բռնաբարելու անոր ազատութիւնը: Կարդալ աւելին