Ահա շէնքեր կը բացուին
կակաչներու պէս բոսոր՝
հրդեհներ բոցավառ:
Փողոցներուն ուրուականներ կը շրջին,
կը շրջանցեն՝ անցարգելներ,
փշաթելեր գալարուն:
Կանաչ աղջիկը Լորքայի
դեռ կը սպասէ իր ասպետին, Կարդալ աւելին
Մենակեաց ու լուռ սուրբի մը նման
ձեռքերդ ծալած կուրծքիդ խաչաձեւ
եւ ականջներուդ թմբուկին վրայ
թնդանօթներու գոռոցը՝ իբրեւ
ալելուիա նոր՝
կը դիտես հեռուն,
գոյներէն անդին,
ուր հսկայ շէնքեր
հին խաւաքարտէ տուփի մը նման
ապակիի խշոցին հետ Կարդալ աւելին
Արամ Պէյրութի զաւակն էր:
Երբեք խորապէս չէր մտածած իր ազգային պատկանելիութեան մասին, ոչ ալ՝ վերլուծած իր զգացումները, հպատակութեան հարցը, տարբերութիւնը հայ եւ լիբանանցի ըլլալու: Բայց գիտէր, կը զգար, որ ինք միջերկրականեան մայրաքաղաքին կը պատկանէր: Կը սիրէր... Կարդալ աւելին
Արձակագիրներով աւելի հարուստ Սփիւռքի մեր գրականութեան ամենէն ինքնատիպ եւ ամենէն վաւերական բանաստեղծն է Նիկողոս Սարաֆեան:
Ծնած է Պուլկարիոյ Վառնա քաղաքին մէջ 1902, ապրիլ 14-ին, զատկի օր մը:
Այս տարի իր ծննդեան վաթսունամեակն է ուրեմն: Քառասնամեակը նաեւ իր գրական գործունէութեան: Արդարեւ, իր առաջին Կարդալ աւելին
Երբ ուշադիր ակնարկ մը նետենք վերջին տաս-տասնհինգ տարիներու հայ նորահաս սերունդի մտաւոր զարգացման վրայ, ուշագրաւ երեւոյթ մը, բնորոշիչ եւ տարօրինակ միեւնոյն ժամանակ, մեզ խորհրդածութեան կը մղէ, այս պահուս, երբ ուրախութեամբ կը դիմաւորենք քանի մը նորահաս գրողներ իրենց խոստմնալից առաջին քայլերուն մէջ։
Քիչ է անոնց թիւը։ Արդէն գրականութեան եւ արուեստի նուիրեալները իրենց քանակովը չէ որ կշիռ կը ստանան հոծ զանգուածներու Կարդալ աւելին
ՍՓԻՒՌՔԵԱՆ փորձ(առութիւն)ը առաջին հերթին կ՛ապրուի եւ կը դրսեւորուի գրական ստեղծումին մէջ: Յօդուածներու եւ վերլուծումներու ժողովածու հատորդ կը հաստատէ սփիւռքցի գրագէտներու ծննդաբանութիւն մը, որ կը սկսի Ցեղասպանութենէն վերապրածներով, ինչպէս Համաստեղ (Մ.Ն.): Կարելի է յիշել նաեւ Վահան ԹէքէեանԿարդալ աւելին
Տեղեակ էի, թէ Բագին պարբերականին առընթեր նախաձեռնութիւն մը կը պատրաստէ հրատարակութիւնը Յ. Քիւրքճեանէ հատորի մը: Եւ անհամբեր կը սպասէի: Ահա Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարանէն լոյս տեսած է հատորը՝ որպէս առաջին թիւը «Բագին մատենաշար»ի, Սոնիա Քիլէճեանի եւ Րաֆֆի Կարդալ աւելին
Յակոբ Կիւլլիւճեանի անունը լսած էի ծանօթէ մը, քանի մը տասնամեակ առաջ, սակայն որքան կը յիշեմ առաջին զօրաւոր, պիտի ըսեմ դրոշմող տպաւորութիւնը կը պարտիմ 1999ի յօդուածի մը՝ որ կը շօշափէր ցանցակերպ հաղորդակցութեան սահմանուած դերը Սփիւռքի մէջ։ Այն օրերունԿարդալ աւելին
ՄՏԱԾԵՑԻ վերի հարցումին պատասխան մը գտնել Նիկողոս Սարաֆեանի գրականութեան մէջ, ուր կա՛յ ատիկա։ Թէեւ իր առաջադրածը ամբողջովին կիրառելի է ներկայ սփիւռքներուն ու Կարդալ աւելին
Սուրբ Ղազարի Մխիթարեան հրատարակչութիւնը լոյս կ՚ընծայէր ատենօք «Գրական ցոլքեր» վերնագրուած շարքը։ Առաջին հատորը լոյս տեսած էր 1944ին (Հ. Ղեւոնդ Ալիշան, Հայրունի), Հ. Կ. Քիպարեանի խմբագրութիւնը վայելելով։ Հինգերորդ թիւէն սկսեալ՝ խմբագիրն էր Հ. Մ. Ճանաշեան, ու այդպէս շարունակած է մինչեւ 1960։ Ունինք այսպէս Դանիէլ Վարուժանի, Միսաք Մեծարենցի, Երուանդ Օտեանի, Թումանեանի գործերէն հատընտիրներ, ունինք մինչեւ իսկ Գաբրիէլ Սունդուկեանի Պէպոն։ Կարդալ աւելին
ՁԵՐ ուսումը քանի մը հանգրուաններէ անցեր է եւ ուղի փոխեր, ճի՞շդ է: Կրնա՞ք պատմել:
ՈՒՍՈՒՄՍ հետեւեալ քարտէսը կը պարզէ՝ նախակրթարան՝ Հալէպի «Հայկազեան» վարժարան, միջնակարգի ա. դասարան՝ Գահիրէի «Գալուստեան» վարժարան, որմէ ետք հայկական Կարդալ աւելին
ՍԻՐԵԼԻ Մարուշ, արուեստի հիմնական պատրաստութիւնդ երաժշտութիւնը եղած է, եւ բնականաբար երբեմն երաժշտական եզրեր կը գտնենք բանաստեղծութիւններուդ մէջ, ինչպէ՞ս կատարուեցաւ անցումդ բանաստեղծութեան:
ԽՈՐՔԻՆ մէջ բնաւ անցում եղած չէ. երկուքը Կարդալ աւելին
— Կը պատկերացնե՞ս,— կ’ըսէ հին ընկերդ,— քառասո՛ւն տարի. քառասո՛ւն տարի կ’ընէ 68ի օրերէն մինչեւ այսօր: Այսինքն աւելի քան մեր այն օրերու հեռաւորութիւնը՝ Նահանջի, Փորձի, Անջրպետի ժամանակէն, 20ականներու աւարտէն...: Կէս ժամ առաջ գտաք իրար. չէիք հանդիպած` տարիներ: Եւ ահա, առաջին ողջագուրումներէ եւ փոխանակումներէ ետք, այս անդրադարձը՝ իր... Կարդալ աւելին
Անահիտ Գասապեան Լիվըրփուլի համալսարանէն ներս Ճէյմս եւ Գոնսթանս ամպիոնի պատուակալ դասախօս է։ Հանգստեան կոչուելէ ի վեր կ՚աշխատի Լիվըրփուլի Արաբական մշակոյթի փառատօնի ծրագիրներուն վրայ, որ իր 30,000է աւելի հանդիսատեսներով արաբական մշակոյթի մեծագոյն փառատօնը կը նկատուի Անգլիոյ մէջ։ Գիտական, ներառեալ՝ հայկական...Կարդալ աւելին
Մարմինն ու արիւնը գիրի վերածելով եւ բանաստեղծութեան մարմին ու արիւն տուող բանաստեղծն է Կարօ Արմենեանը։ Վկայակոչելով մարդը եւ վաւերագրելով մարդուն գոյութենական խնդիրներն ու անկէ բխող հարցադրումները, Կարօ Արմենեանը սփիւռքի բանաստեղծութեան կը բերէ «իրաւ»ութեամբ գրելու արուեստը։ Արեան Կարդալ աւելին
Սոյն դասախօսութիւնը խօսուեցաւ այս տարի երկու անգամ, տարբեր պայմաններու մէջ։ Խօսուեցաւ նախ Լոս Անճելըս, 2016-ի Օգոստոսին, «Ապրիլ» գրատան կողմէ կազմակերպուած Art in Diaspora ձեռնարկին առիթով, ուր առաջին անգամ ըլլալով առանձին հրապարակային ցուցադրումի կ՚արժանանային Հրայր Անմահունիի գործերը, կը ցուցադրուէին Վահէ Օշականին նուիրուած իր պատրաստած... Կարդալ աւելին
Սփիւռքի ուսումնասիրութեան եւ մտածողութեան խորացման ուղղութեամբ կարեւոր աշխատանքի մը ձեռնարկած է Գառնիկ Աւ. քհնյ. Գոյունեան, կազմելով ու խմբագրելով Սփիւռք. ինքնութիւն/այլութիւն երկհատոր ժողովածուն... Կարդալ աւելին
Սոյն տողերը գրուած են Հարաւային Գալիֆորնիոյ USC համալսարանը՝ Դալար Շահինեանի կազմակերպած ակադեմական գիտաժողովին ներկայացուելու համար (USC, April 27, 2013)։ Գիտաժողովին ընդհանուր վերնագիրն էր՝ Independence and Beyond: In Search of a New Armenian Diaspora Post-1991 (Անկախութիւն եւ անկէ անդին։ Յետ-1991 նոր հայկական սփիւռքի մը ի խնդիր)։ Ենթադրութիւնը, կարծեմ, այն էր...Կարդալ աւելին
Ձեռքիս տակ են Խաչիկ Տէր Ղուկասեանի «Բագին»ի համար ղրկած քերթուածները:
Առօրեայէն առնուած վիճակներ, որոնք կը ներկայացուին նոյնքան առօրէական պատկերներով եւ որոնք կրնան «անպատշաճ» համարուիլ մեր քերթողութեան համար, բայց ընթերցողը անմիջապէս կը դնեն ուղղակի յարաբերութեան մէջ բանաստեղծին հետ: Կարդալ աւելին