– Բոլորովին անընդունելի՛ է։ Ա՛նընդունելի։
– Գիտեմ։
– Ահռելի բան է, եւ ո՛չ ոք կ՚անդրադառնայ ատոր։
Ատոմ եւ իր ընկերը նստած են դէմ դիմաց, զգալիօրէն վրդոված։ Պատուհանէն դուրս արեւը մերթ կը յայտնուի ամպերուն ետին, վայրկեանի մը համար գաղջ ջերմութիւն կը սրսկէ սենեակէն ներս եւ ապա կրկին կը կորսուի։
Ատոմին կինը, որ քիչ մը անդին... Կարդալ աւելին
Տան պարտէզի յետնամասը

   Տան ­պարտէզի ­յետնամասի
    ­ դռնակը ­բա՛ց­ ու ­լուռ­ դիտէ՛,­-
   պիտի­ գտնես­ գողտրիկ­ աշխարհ­ մը ­անեղծ,
   որ­ կը­ մ­նայ­ մ­իշտ­ ծածկուած ­աչքերէ:­

   Պիտի ­գտնես ­յուշերուն ­մէջ­ անցեալի
   աշխարհ ­մը­ նուրբ ­ու ­մոռցուած ­երեւի, Կարդալ աւելին
Վեհանոյշ Թեքեան
Որոշում եւ իրագործում Երկիր մոլորակին վրայ ապրելու՝ 10 Մարտ, 1948։
Իր մօր եւ հօր հետ, 1949, Շթորա, Լիբանան
Երկիր՝ Լիբանան
Քաղաք՝ Պէյրութ
Հասցէ՝ Քանթարի փողոց, առաջին շէնքին առաջին յարկը, ուր Նշան Փալանճեան Ճեմարանը հիմնուած էր ատենին։
Արաբ տանտիրուհին կը պատմէր թէ Նիկոլ... Կարդալ աւելին
                            Րաֆֆիին

Հանրակառքը դեռ կը կապէ
քեզ անցեալիդ։ Տարիներուն
որոնք արդէն կը տանէին
պատանեկան երազներու,
երբ աշխարհդ կը տարածուէր
թաղէն անդին։ Կը դիտէիր
այն համարձակ լակոտները... Կարդալ աւելին
Ուրիշ ճար չկայ, ողջ մնալու համար պէտք է յաջողիլ անդնդախոր ձորերուն գլխուն բարակիկ զառիվերներէն՝ հարիւր անգամ Մարիամ Աստուածածինի միջնորդութիւնը խնդրելով քշել։ Եւ եթէ Սուրբ Կոյս Մարիամը գթայ քեզի, քառասուն վայրկեան ետք կը հասնիս փոքրիկ գիւղ մը որ ունի գեղեցկագոյն բնութեան բոլո՜ր տեսարանները եւ երկար անուն մը՝ Մազրաա... Կարդալ աւելին
 «...մի՛ կարդար, տե՛ս»-ասում է հեղինակը՝ ընթերցողին յանձնելով իր նոր գիրքը՝ վերնագրուած Ինչ որ չես տեսներ։ Ինքը՝ հեղինակը պնդում է, որ «դժուար ասելին կամ լռելին» այս գրքի մասն են կազմում, ես պիտի յաւելեմ՝ դժուար տեսանելին կամ անտեսանելին է գրքի շարժիչ ուժը։ Այստեղից էլ ահա հակասութիւնը, գիրքն ինքն իրեն ներկայացնում է իբրեւ մի բան, որը տեսանելի չէ՝ ինչ որ չես... Կարդալ աւելին
(Ի՞նչ կրնամ պահպանել
եթէ ոչ անոնց անունը միայն,
հազիւ կոփուած
հակող հետզհետէ աւազուտքին։

Արդ ի՞նչ է մտածելը
եթէ ոչ մտածել անոնց,
տարագրուիլ ընդմիշտ
ի բաց անոնցմէ:) Կարդալ աւելին
Վեհանոյշ Թեքեան որպէս բանաստեղծուհի ի յայտ կու գայ համեմատաբար անջրդի շրջանի մը, 1969ին, երբ երկար ժամանակ Սփիւռքէն ձայն մը, մանաւանդ՝ երիտասարդ, չէր լսուած:
Իր առաջին գիրքը՝ Կապոյտ Ապրիլ, ցնցիչ յայտնութիւն մըն էր, հակառակ անոր, որ Թեքեան արդէն ծանօթ անուն դարձած էր մամուլին մէջ իր յաճախակի երեւումներով:
Այդ օրերուն թէեւ Սփիւռքի կամ Սփիւռք... Կարդալ աւելին
 Առաջին ընթերցումս աւարտելէ ետք, որոշեցի Քրիստիան Բատիկեանի Մետաղէ երազներ վէպին մասին գրել՝ մէկ տարի առաջ (այո, մէկ տարի պէտք է անցնի որ միտքերս ու տպաւորութիւններս մարսուին, սառին ու ձեւաւորուին, առաւել՝ երկու ընթերցում եւս)։ Կարդալ աւելին
Նստելիք տեղ մը գտնուեցաւ բարեբախտաբար: Շոգեկառքը սպառնալից արագութեամբ կը լեցուէր, ու եթէ քաղաքավար մնայի եւ աջ ու ձախ չհրէի՝ ամբողջ ճամբորդութիւնս յոտնկայս պիտի անցնէր:
     Դիմացս կեռասի պէս կլոր ու կարմիր շուրթերով տիկին մը նստած էր՝ սեփ-սեւ գանգուրներու թաւուտին մէջ շողացող ադամանդէ գինդերով: Քովը... Կարդալ աւելին
Բերիաշէն
Յայտնի չէ, թէ ինչո՛ւ ապստամբութիւնը, որ սկսաւ մարտ 2007ին, մեր ձեռքը հասած վաւերագրութիւններուն մէջ յիշուած է «Բերիաշէնի Երկրորդ Պատերազմը» անունով։ Յուշագրութեան հեղինակը հաւանաբար նկատի առած է Մեծ Հայրենական Պատերազմը իբր առաջինը, թէեւ Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմը որեւէ համեմատութեան եզր չունի... Կարդալ աւելին
Վեհանոյշ Թեքեան
Այնքա՜ն խօսեցայ, անքա՜ն աղօթեցի որ վերջապէս յայտնուեցաւ Աստուած. «Ի՞նչ կ՚ուզես, աղջիկս», ըսաւ։
     «Մեզի խոստացած էք որ մահուընէ ետք աստեղերը պիտի գանք։ Բայց մենք կեանքը կը սիրենք։ Նոյին պէս իննը հարիւր տարի պիտի չապրինք։ Շատ-շատ հարիւր տարի սահմանած էք մեզի։ Հարիւրը ընդունուած սահմանն է, քիչեր կ՚անցնին սահմանը, բայց մեծամասնութիւնը... Կարդալ աւելին
Երբ աւարտի ամէն ինչ
եւ սկսիս անիմաստ ու յարատեւ թափառումներուդ
ամայութեան մէջ մահուան ժամանակներուն,
մոռացումը պիտի գայ
եւ սրբէ
համատարած լռութեան հետ նոյնացնէ
յիշողութիւնդ բոլոր՝
դէպքերը նախ,
դէմքերը, վայրերը ապա, Կարդալ աւելին
Երկար ճամբայ
     Գիշերը «կօշիկներս հագայ մտայ անկողին» եւ քնացայ։
     Առտուն քալելէն յոգնած արթնցայ։

Benetton I-H.I.V. positive
     Պենեթոնի ամենէն համարձակ ծանուցում-որմազդներէն մարդիկ կը յիշեն այն մէկը, ուր H.I.V. positive դաջուածքով մերկ կուրծքեր ու զիստեր... Կարդալ աւելին
Սփիւռքահայ թատերագիրներու վտիտ ցանկին մէջ, Օշական թատերագիրը թատերախումբերու եւ բեմադրիչներու ուշադրութիւնը հազիւ թէ հրաւիրած է իր վրայ ցարդ, հակառակ հեղինակին յօրինած շուրջ 15 թատերախաղերուն։ Թէեւ անոնցմէ մէկ քանին արժանացած են ցանցառ բեմադրութիւններու, Օշական թատերագիրը կը շարունակէ մեծաւ մասամբ հայկական բեմերէն բացակայիլ տակաւին։ Ըստ Վահէ Օշականի, այս... Կարդալ աւելին