Անձաւներու պատերուն իր նկարած կամ փորագրած ժայռապատկերներու անյիշատակ ժամանակներէն իվեր, մարդը յար լծուած է իր ներքին եսը շօշափելի օրէն արտայայտելու անդադրում ճիգին։ Այդ ժայռապատկերները մեզի կը թելադրեն, թէ մարդուն ապրած բնաշխարհն ու զայն իր հետ բաժնեկցող անասունները զինք կը տպաւորէին ուժեղօրէն. միաժամանակ, եւ աւելի... Կարդալ աւելին
Վահէ Օշական գոյութենապաշտ ներշնչումով՝ անհեթեթի գրողն է։ Անոր գոյութենապաշտութիւնը, որ կը սնանի եւրոպական, մասնաւորաբար՝ ֆրանսական յետպատերազմեան մթնոլորտէն, քննադատներու կողմէ յաճախ գրաւած է քննադատներուն ուշադրութիւնր, յատկապէս բանաստեղծական գործերուն պարագային։ Ինչ կը վերաբերի... Կարդալ աւելին
ՎԱՀԷ Օշականը (1921–2000) ծնուել է Բուլղարիայի Ֆիլիպէ (այժմ՝ Պլովդիվ) քաղաքում՝ արեւմտահայ անուանի գրող, գրականագէտ եւ մանկավարժ Յակոբ Օշականի (1883-1948) ընտանիքում: Աւարտելով Կիպրոսի Մելգոնեան վարժարանը՝ կրթութիւնը շարունակել է Սորբոնի համալսարանում, հետեւել է գրականութեան եւ դոկտորի գիտական աստիճան ստացել որպէս բաղդատական գրականութեան մասնագէտ: Վահէ Օշականը երկար տարիներ զբաղուել է Կարդալ աւելին
Վահրամ Փափազեան, Օթելլոյի դերին մէջ, 1913, Իզմիր։
1964 թուականին Վահրամ Փափազեան (Պոլիս, 1888-1968, Երեւան) Երեւանէն երկտող մը կը յղէ Մուհսին էրթուղրուլին (Պոլիս, 1892-1979, Իզմիր)։ Յայտնի չէ, արդեօք հասցէատիրոջ ձեռքն անցա՞ւ ֆրանսերէնով գրուած այդ նամակը, ուր դերասանապետը փափաք կը յայտնէր անգամ մը եւս բեմ բարձրանալ Պոլսոյ կամ... Կարդալ աւելին
Գրող
ԵՐԿՐՈՐԴ ԱՐԱՐ

(Յաջորդ օրն է։ Ներկայացումը սկսելէն քանի մը վայրկեան առաջ կը լսուի մեղմ երաժշտութիւն։ Ցոլակ բեմ կը բարձրանայ ու խօսքը ժողովուրդին ուղղելով, թուղթի կտորէ մը կը կարդայ։)
Ցոլակ
— Սիրելի ներկաներ,
Ներողամիտ եղէք քանի մը վայրկեան ուշացումին համար։ Կարդալ աւելին
   Ամենէն վտանգաւոր եւ միաժամանակ ամենէն փորձիչ ու շահեկան աշխատանքներէն մէկը հետախուզումն է բանաստեղծի մը քերթողական յղացքի հոլովոյթին, անոր այլազան հետաքրքրութիւներու զարգացումին եւ տարբեր հարցերու ընկալման, որովհետեւ այսպիսի գործողութիւն մը կը նշանակէ բանալ բանաստեղծին կազմաւորման տարբեր շերտերը... Կարդալ աւելին
Վեհանոյշ Թեքեան որպէս բանաստեղծուհի ի յայտ կու գայ համեմատաբար անջրդի շրջանի մը, 1969ին, երբ երկար ժամանակ Սփիւռքէն ձայն մը, մանաւանդ՝ երիտասարդ, չէր լսուած:
Իր առաջին գիրքը՝ Կապոյտ Ապրիլ, ցնցիչ յայտնութիւն մըն էր, հակառակ անոր, որ Թեքեան արդէն ծանօթ անուն դարձած էր մամուլին մէջ իր յաճախակի երեւումներով:
Այդ օրերուն թէեւ Սփիւռքի կամ Սփիւռք... Կարդալ աւելին
Վեհանոյշ Թեքեանի Աղօթքներ ուռկանի մէջ բանաստեղծութեան հատորը մեզ անմիջապէս կարգ մը մտածումներու կամ հաստատումներու կը մղէ:
     Առաջին՝ որոշ տարիներու լռութենէ ետք գրողին վերադարձն է բանաստեղծութեան: Իր Սնունդն ու անդունդը 2000 թուականին լոյս տեսած էր Նիւ Ճըրզի, իսկ նոյն տարին Հայաստան լոյս տեսած Հրագիրը ծաղկաքաղ մըն էր... Կարդալ աւելին
Նշանեան
Վեհանոյշ Թեքեան ձեզմէ շատերուն հաւանաբար ծանօթ է իբրեւ բանաստեղծուհի։ Առաջին երկու հրատարակած հատորները՝ 1969ին Կապոյտ Ապրիլ եւ 1974ին Ոստրէ, բանաստեղծական հատորներ են։ Սակայն, ասոնցմէ ճիշտ ետք՝ 1977ին, արդէն կը հրատարակէ Ճեղքուած մանրանկար կոչուող երրորդ հատորը, որ կը խմբէ լիբանանեան պատերազմի առաջին տարիներու... Կարդալ աւելին
Սեղանիս վրայ դրուած են Վեհանոյշ Թեքեանի բոլորովին վերջերս հրատարակուած երկու գրքերը՝ մէկը բանաստեղծութիւնների Աղօթքներ ուռկանի մէջ վերնագրով (ինքնատիպ եւ անսովոր վերնագիր, բայց արդարացուած եւ իմաստաւորուած՝ իր ներքին բանաստեղծական բովանդակութեամբ). եւ միւսը՝ յօդուածների եւ... Կարդալ աւելին
Տիրան Աճէմեանի քրոքիները, յաճախ, կէս օրուան մէջ, մինչեւ գիշեր, կ’արձակեն յատկանշական ճիւղեր, գիծերը կը տեղափոխուին ու կը նստին՝ գրաւելով իրենց տեղերը, ոմանք կը բարակնան, իսկ ուրիշ գիծեր ալ կ՚ուժովնան. կը շարունակուի ձեւափոխութիւնը մինչեւ ոճաւորում, մինչեւ կատարելագործութիւն ու կը ծնի ծաղրանկարը: Երբ դէմք մը, ձերբակալուած է... Կարդալ աւելին
 – Բոլորովին անընդունելի՛ է։ Ա՛նընդունելի։
– Գիտեմ։
– Ահռելի բան է, եւ ո՛չ ոք կ՚անդրադառնայ ատոր։
Ատոմ եւ իր ընկերը նստած են դէմ դիմաց, զգալիօրէն վրդոված։ Պատուհանէն դուրս արեւը մերթ կը յայտնուի ամպերուն ետին, վայրկեանի մը համար գաղջ ջերմութիւն կը սրսկէ սենեակէն ներս եւ ապա կրկին կը կորսուի։
Ատոմին կինը, որ քիչ մը անդին... Կարդալ աւելին
Մեր մտերիմ քառեակը ծանօթացել էր 13-14 տարեկանում, քաղաքի նորաբաց կարատէի խմբակներից մէկում, ու այդպես էլ մնացինք մտերիմներ։ Մինչեւ 17 տարեկանը հասցրել էինք միասին շատ բաներ անել, մի բան չէինք արել, դա էլ արեցինք, բայց վա՛յ էդ անելուն։ Համատեղ յիշողութիւններն անթիւ-անհամար են, բայց այդ մէկը չորսս էլ մշտապես յիշում ենք մշտական քրքիջով ու թախիծով... Կարդալ աւելին
ՁՄՐԱՆԸ արեւը ծիկ է անում եւ փախչում: Ձմեռը լուսնի տարերքն է: Տարուայ վերջի ու սկզբի եղանակին ապրելու ժամանակը կարճ է, արագ է մթնում, իսկ եթէ տարին սովորականից աւելի ցուրտ է, երկիրը կէս մարդու նման է ապրում: Օրը, տարուայ վերջին ժամերն էր ապրում, մարդիկ՝ օրուայ: Շտապում էին: Աշխարհի վերջը չէր, բայց Ամանորը պէտք է կարգին, մարդաւարի դիմաւորէին: Րոպէ առ րոպէ խանութների դատարկուող ցուցափեղկերի, ձիւնացեխոտ Կարդալ աւելին
Գեղամ Տէր Կարապետեան
ՎԵՐԱՀԱՍ  ԱՂԷՏԻ ՄԸ ԱՐԹՈՒՆ ԴԻՏՈՐԴԸ. ԳՐԵԼ՝  ՅԻՇԱՏԱԿԱԳՐԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ
     Իբրեւ Տարօնի գրագէտը, Գեղամ այդ հողին կապուած է կենդանի, մարմնեղէն կապով մը: Մանկութենէն ի վեր շրջած է ամէն կողմ. ունի անոր ամբողջական ճանաչումը: Տարօնը կը կազմէ բնական շրջանակը իր պատմուածքներուն, որոնց մէջ կ’ոգեկոչէ անոր հրաշալի բնանկարները, անոր լեռներուն՝ Սիփանի, Նեմրութի եւ Պինկէօլի անտառներն... Կարդալ աւելին
«Կենսագրական պատրանք» կոչուած երեւոյթին գիտակից ըլլալով հանդերձ, պիտի փորձեմ այս հակիրճ աշխատութեան մէջ ի մի բերել որոշ դրուագներ դէմքի մը՝ Գեղամ Տէր Կարապետեանի կեանքէն եւ գործունէութենէն: Դէմք մը, որուն գրական եւ քաղաքական յանձնառութիւնները ծանօթ են XIX-րդ դարէն XX-րդի դարձակէտի՝ Օսմանեան Կայսրութեան հայ գրականութեան եւ պատմութեան քանի մը հազուագիւտ... Կարդալ աւելին
25 յունուար 1948ին, իր մահէն շուրջ երեք շաբաթներ առաջ, Յակոբ Օշական հարցազրոյց մը շնորհած է Տիգրան Ոսկունիի, որ Մնացորդացի հեղինակին տուած է սփիւռքահայ գրականութեան վերաբերեալ շարք մը հարցումներ, ընդ որում՝ զրոյցի վերջին հարցը՝ Կարդալ աւելին
Տարածութիւն,
կը խտանան ուր դարեր 
ու ծարաւէ կը բռնկին 
     ռումբերուն մէջ երազի՝ 
տիեզերքի աչքէն հեռու, 
     տեղ մը՝ կաւի կառոյցներուն, 
որոնք յաճախ կը փխրին, 
     կառուցուելով կը փոխուին՝  Կարդալ աւելին
...Այս գիշեր, հաշուեյարդարի ենթարկեցինք մէկը, որ աւելի քան հինգ տարիէ ի վեր, կը զբաղէր ուշադրութեան անարժան բաներով: Ատիկա ծնունդով կը պատկանէր մարդոց այն դասակարգին, որ անգութ հեգնութեամբ մը «մտաւորական» կը կոչեն: Ան գձուձ էր ու վատ: Կը սիրէր գէշ հաճոյքներն ու սատիկ ուրախութիւնները: Կուսակից էր ձրի արարքներու Կարդալ աւելին