Արամ Պէյրութի զաւակն էր:
Երբեք խորապէս չէր մտածած իր ազգային պատկանելիութեան մասին, ոչ ալ՝ վերլուծած իր զգացումները, հպատակութեան հարցը, տարբերութիւնը հայ եւ լիբանանցի ըլլալու: Բայց գիտէր, կը զգար, որ ինք միջերկրականեան մայրաքաղաքին կը պատկանէր: Կը սիրէր... Կարդալ աւելին
Մահը ամէն տեղ էր: 
     Հրապարակները, պողոտաները եւ փողոցները դարձած էին սարսափազդու կրկէսներ, ամայի ռազմադաշտեր, ուր մահը կը ծիծաղէր, կը քրքջար, ուր դարանակալ դահիճներ անակնկալի կը բերէին պատահական զոհերը: 
       Վարձկան նշանառուներ, դիրք բռնած բարձր տանիքներու վրայ, անմեղ անցորդներ կ'որսային: Սպաննելու առիթը երբեմն այնքա՜ն Կարդալ աւելին
Կարօ Յովհաննէսեան
2013 եւ 2014 տարեշրջաններուն Հայաստանի մէջ յաջորդաբար լոյս տեսան նմանօրինակ երկու բառարաններ։ Առաջինը Հրաչուհի Փալանդուզեանի Գործնական բառացանկօտարամուտ բառերի հայերէն համարժէքներն է, որ հրատարակուած է «ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան դրամաշնորհով», Երեւան, էդիթ Պրինտ տպարանէն, 2013... Կարդալ աւելին
Կու գաս դժուար՝ ինչպէս նշոյլը յոյսի։

Ով իմ ցնորք ապօրինի, գիտեմ... կու գաս
խշրտալէն ժամերու զսպանակին մէջ սառած 
եւ քեզի հետ, ընծաներու մահաբեր նաւեր, 
նաւե՜ր ատելութեան, նողկանքի։ 

Խաւար անհուն։ Մահուան բոցեր վհուկակերպ։ Ապականած
աւազներուն երազաբաշխ Կարդալ աւելին
90ի ձմեռ օրով, շատ կարեւոր գործի մը համար, հարկ էր Պէյրութ իջնել, այն ալ գիշերով:      Պէյրութ իջնելը, այն օրերուն, դիւրին գործ չէր: Ընկերոջ մը հետ, ընկերակցութեամբը Լեռնալիբանանէն պատասխանատուի մը, կ՚իջնէինք Պէյրութ՝ լեռնային շատ դժուարին ճամբէ մը: Հետաքրքիր էի. պատերազմին պատճառով կեանք առած էր այդ ճամբան, որ իր օձապտոյտ ընթացքով բնաւ հանգստաւէտ չէր: Կարդալ աւելին
Բնութեան մշտանորոգ այլ յաւիտենական գեղեցկութիւնները դարպասող արուեստագէտ ու բանաստեղծ հոգիներ կը գտնուին ամէն ժամանակներու մէջ: Բայց քիչեր անոնցմէ ի վերուստ շնորհուած կ’ունենան ստեղծագործող այն տաղանդը, որով կարենան «բռնել» գեղեցկութեան մասնիկը կեանքի խորհուրդէն՝ արուեստի անեղծանելի պարունակով փոխադրելու համար գալիքին: Կարդալ աւելին
Փողոցը ջերմ էր, փոշոտ, հին: Իրենց գագաթներով իրար գրկող ծառեր, որոնք տեսակ մը հրապոյր եւ խորհրդաւորութիւն ունէին ու կը պաշտպանէին փողոցէն դուրս եկող, թեթեւցած եւ բիւրեղացած հրճուանքներ մատնող անցորդները:
    Մարդիկ երկար մտածեցին անտեսուած փողոցին բարեկարգման մասին եւ իւրաքանչիւր բարենորոգում եկաւ բռնաբարելու անոր ազատութիւնը: Կարդալ աւելին
Ես ապրեցայ օրեր գեհեն,
Տատանուելով իբրեւ նաւորդ,
Եւ մահուան չափ տխուր էի: 
Գեղեցկութիւնն կը մահանար աստուածներու տաճարին մէջ,
Եւ մոմերը հրակարմիր, Աստուածամօր նկարին մօտ՝
Հառաչալիր թաց բիբերով կը տանջուէին՝ 
զիրար կրկնող ցաւերու պէս:  Կարդալ աւելին
Սելլա՝ իր նոր բարեկամին հետ թեւանցուկ՝ իջաւ գիշերային գետնայարկ զբօսասրահի օձապտոյտ աստիճաններէն: Նուագի զիլ ձայնն ու կարմիր լոյսերը թրթռացին իր այտերուն վրայ: Արու նայուածքներ զարնուեցան կարճ շրջազգեստին քղանցքէն երեւցող գրգռիչ զիստերուն, որոնց Սելլա պատասխանեց անհոգ ժպիտով:
Ձեռքի ու աչքերու մեղմ շարժումներով... Կարդալ աւելին
Ո՞ւր է երկրորդ ծաղիկը մեր տառապանքին, 
բերկրանքն այն հոտեւան,
որ պիտի գար վայելչակերպ յայտնութեամբ, 
իբրեւ կերպարն ու ոգին՝ 
երբեմնի մեր ցնորքներուն բնապաշտ.
եւ գոյակցէր խայտաբորբ մեր երգերուն՝ 
նորաբողբոջ իր շունչով,
ցօղաթուրմ իր արցունքով... Կարդալ աւելին
Լիբանան: 
    Երբ տակաւին գեղածիծաղ կը կոչուէր: 
    Երբ տակաւին Արեւելքի այդ առաջին դուռներու տարերային չես գիտեր ի՛նչ արկածով այդպէս տեղ բռնած, կամ թէ սադայէլական ուրիշ ինչ դիտումներով դրախտի նման ծպտուած անէծքի մը ծնունդ կարծէք այդ հողաշերտը կը շփոթուէր... Կարդալ աւելին
Ամէն ամառ, գոնէ շաբթուան մը համար կու գամ սա պանդոկը, թէ՛ քիչ մը արեւ ծծելու, թէ՛ ծովու օդ շնչելու եւ թէ մանաւանդ՝ սա գեղատեսիլ լիճին դրացնութիւնը վայելելու:
    Այդ տարին, եկեր էի առանց նախապէս իմաց տալու, առանց նախասիրած սենեակս ապահոված ըլլալու, եւ ուրեմն ստիպուեր էի առնել որը որ տրամադրելի էր:
Գանգատելու պատճառ մը չունեցայ սակայն, Կարդալ աւելին