Տխրութիւնը փճացաւ ինչպէս տան կարասիները
Յիշատակները
Եւ մնացեալ ամէն հաւատալիքները
Հրդեհուած տուներուն հետ

Արցունքները չորցան
Եւ մահը որ օրհնութիւն էր այն երանելի օրերուն
Բացաւ իր իսկական դէմքը
Սեւ կնգուղին տակ
Կարդալ աւելին
Կու գաս դժուար՝ ինչպէս նշոյլը յոյսի։

Ով իմ ցնորք ապօրինի, գիտեմ... կու գաս
խշրտալէն ժամերու զսպանակին մէջ սառած 
եւ քեզի հետ, ընծաներու մահաբեր նաւեր, 
նաւե՜ր ատելութեան, նողկանքի։ 

Խաւար անհուն։ Մահուան բոցեր վհուկակերպ։ Ապականած
աւազներուն երազաբաշխ Կարդալ աւելին
Տուր ինծի ձայնդ
Սուատ Մասի
որպէսզի կոկորդիս մէջ գրկեմ ոռնացող աղմուկը քաղաքին
ջնջելու յիշողութիւնը բոլոր գիշերներուն բազմադրուագ
ուր բնակեցայ իբրեւ վերջին արթուն պահակը
                                     արցունքի ու մահուան
                                                            կախուած
Կարդալ աւելին
Պատումը

    Վայրկեանները ուժով կը հարուածեն։
    Վայրկեաններ,
    եւ իրենց վաղանցիկ երջանկութիւնը, ցաւը,
    վաղանցիկ ուրախութիւնը, մինակութիւնը։
    Անկումէն ետք լռութիւնն է
    որ կը փորձէ զսպել։
    Անկումէն ետք կայ վայրկեանը առանց... Կարդալ աւելին