ՍԻՐԵԼԻ Մարուշ, արուեստի հիմնական պատրաստութիւնդ երաժշտութիւնը եղած է, եւ բնականաբար երբեմն երաժշտական եզրեր կը գտնենք բանաստեղծութիւններուդ մէջ, ինչպէ՞ս կատարուեցաւ անցումդ բանաստեղծութեան:
ԽՈՐՔԻՆ մէջ բնաւ անցում եղած չէ. երկուքը
Կարդալ աւելին
Սիրելի Յարութիւն,
Նախ թոյլ տուր, որ դիմեմ քեզի եզակի խօսակցականով, խախտելով յոգնակի խօսելաձևի ընդունուած կարգը։ Պարզապէս դժուար է գործել յոգնակիի մշակոյթով, երբ զրուցակիցդ նաեւ ընկերդ է։
Հարցազրոյցի այս նախաձեռնութիւնը առիթ... Կարդալ աւելին
Ձեռքիս տակ են Խաչիկ Տէր Ղուկասեանի «Բագին»ի համար ղրկած քերթուածները: Առօրեայէն առնուած վիճակներ, որոնք կը ներկայացուին նոյնքան առօրէական պատկերներով եւ որոնք կրնան «անպատշաճ» համարուիլ մեր քերթողութեան համար, բայց ընթերցողը անմիջապէս կը դնեն ուղղակի յարաբերութեան մէջ բանաստեղծին հետ: Կարդալ աւելին
Մարմինն ու արիւնը գիրի վերածելով եւ բանաստեղծութեան մարմին ու արիւն տուող բանաստեղծն է Կարօ Արմենեանը։ Վկայակոչելով մարդը եւ վաւերագրելով մարդուն գոյութենական խնդիրներն ու անկէ բխող հարցադրումները, Կարօ Արմենեանը սփիւռքի բանաստեղծութեան կը բերէ «իրաւ»ութեամբ գրելու արուեստը։ Արեան Կարդալ աւելին
Վահէին իմ առաջին պատկերս 1970ականներուն Համազգայինի Նշան Փալանճեան Ճեմարանի բակին մէջ, երկար մազերով, Վ. Սէթեան տպարանը աշխատող հիփփի մըն է, որ Զօհրապ Եագուպեանին հետ Գիքորի բեմականացման մէջ պեզազ Արթինին դերը կը խաղար: Յետոյ Ասպարէզին մէջ սինեմայի մասին իր գրութիւնները մեծ հետաքրքրութեամբ... Կարդալ աւելին
Կեանքիդ ո՞ր հանգրուանին անդրադարձար վերջնականապէս որ գրող կ՚ուզես ըլլալ։
Փոքր տարիքէս գիտէի որ գրող կ՚ուզեմ ըլլալ։ Միաժամանակ, մեծ փափաք ունէի պէյսպոլի (Major League) գնդակ արձակող ալ ըլլալ։ Թոմ Սիվըրը կուռքս էր։ Սակայն, կանուխէն բաւական յստակ էր ինծի, որ այդ մէկը պիտի չիրականանար։ Կարդալ աւելին
... Ուղղաձիգ ասեղներու քաղաք՝
Նիւ Եորք, եկեղեցի պանդոկներու,
լողաւազաններու,
տուրմի խանութներու։
Իր շօշափուկներն
արձակող կղզի,
մթին արգանդ՝
գայլի երախի նման,
շէնքերը մինչեւ վերջը տանիքներուն... Կարդալ աւելին
Հրայր Անմահունի Էօլմէսէքեան Սփիւռքի արուեստագէտն է, եթէ այդ բազմիցս չարչարուած եզրը պարպենք իր սովորական երկակի հասկացողութիւններէն կապուած ներսի/դուրսի, կեդրոնի/ծայրամասի, վաւերականի/անվաւերի, մնայունի/գնայունի, եւայլն։ Հարիւր տարի է վերապրող գոյութիւն մը... Կարդալ աւելին
1-Metamorphosis. F. Kafka.
2-Plot. Joyce Carol Oats.
3-Vacuum.
Օր մը չէր, որ արթնցաւ եւ ինքզինք այս պարապին մէջ գտաւ: Պարապը սկիզբէն կար, ոչ քաոսային, այլ ծրագրուած, դասաւորուած:
Ինչ որ գտաւ այդ օրը, անդրադարձն էր անոր, այդ պարապին մէջ գտաւ: Պարապը սկիզբէն կար, ոչ քաոսային, այլ ծրագրուած, դասաւորուած: Կարդալ աւելին
Տարիներու ընթացքին վարժուեր ես ամեն ինչ հարցադրելու, խնդրականացնելու՝ յատկապէս որոշ ուսումնառութենէ ետք։ Ազգ հասկացողութիւնը սակայն երկար ատեն յամառօրէն մնացեր էր խնդրականացնող ակնոցիդ ա՛յս կողմը։ Իսկապէս, դժուար է տարբաղադրել այն, որ մարդ փոքր տարիքէն կը դաւանի ըլլալ, զգալ, աւելի ճիշդը այն որուն կը հաւատայ, նոյնիսկ կը կարծէ գիտնալ որ է՛... Կարդալ աւելին
Այս տողերը կը գրեմ, քառասնամեակ մը ետք այն օրէն, երբ մեր գրասենեակին մէջ յայտնուեցաւ Իզապէլը։ Ան ներս մտաւ ցնցիչ հրաշքի մը պէս եւ ամենէն սխալ վայրկեանին։ Կ՚աշխատէինք շինարարական մեծ ծրագրի մը վրայ, որ պիտի «յեղափոխէր Հիւսիսային Ափրիկէի երկիրներէն մէկուն կեանքը» եւ որուն ծրագրաւորման բարդ մեքենան զետեղուած էր հոս՝ Ամերիկայի... Կարդալ աւելին
Զրոյցը Մոնթրէալի L'AMÈRE À BOIRE PUBում։ Դաւիթ Մանդէլի Պետրոգրադի աշխատաւորները 1917 թուի յեղափոխութիւններում գրքի շնորհանդէսի ժամանակ է։
ԱՅՈ, սոցիալիզմի ժամանակ մարդիկ հարստութեան յետեւից չէին վազում, նրանց այլ բաներ էին հետաքրքրում ասում է Լիւդմիլան։
    – Բայց Սովետը սոցիալիստական չէր,- առաջին անգամ միջամտեց Եւան։
Կարդալ աւելին
ՄԱՐԿ Նշանեանի համար հիմնական եզր է Աղէտը։ Անիկա օտարութեան փորձընկալումի իր տեսութեան մեկնակէտն է, այսինքն տեսութեան՝ որ հայ ինքնութեան, մանաւանդ սփիւռքեան հայ ինքնութեան խնդիրին կը վերաբերի։ Այս հեռապատկերով է, որ սկսայ սոյն ուսումնասիրութիւնը, սակայն ընդարձակութիւնը տարածքին, եւ մանաւանդ ժամանակը՝ ստիպեցին ընտրութիւն մը կատարել եւ մօտենալ միայն մէկ նիւթի։ Եւ ուրեմն, օտարութեան փորձընկալումի... Կարդալ աւելին
ՄՈՒՏՔ
Սան Ֆրանսիսքոյէն Սաքրամէնթօ ինքնաշարժով քանի մը ժամ ճամբայ է՝ 140 քիլոմեթր։ Տարիներ առաջ էր։ Նոր եկած էիր տակաւին ու լեցուն էիր պատմութեամբ։ Աւելի ճիշդ պատմութիւնը տակաւին կը հոսէր մարմնիդ մէջէն, կը կիսէր քեզ անցեալին ու ներկային միջեւ։ Գործով գացած էիք ընկերոջ մը հետ, մէկ օրուան երթալ-գալ մը... Կարդալ աւելին
Երկրորդ աշխարհամարտի վախճանը աւետող լուրերը հազիւ հաստատուած՝ մարդիկ, մեծն ու փոքրը, ոտքի ելան եւ Երուսաղէմի մեծ ու փոքր զանգակները չլսուած պոռթկումով լեցուցին մթնոլորտը: 
    Միւս բոլոր ժողովուրդներուն վերէն նայող ցեղակրօն Գերմանացին ծունկի եկած էր, ու խնդութիւն էր ամէն կողմ, տարածասփիւռ, պայթուցիկ խանդավառութիւն:  Կարդալ աւելին
Սեւան Տէյիրմենճեան (Լուսանկար՝ տոքթ. Արի Տէմիրճեանի)
ՆԱԽ բնագրերու մասին։
    29 յունուար 2020, չորեքշաբթի, արձակագիր Զաւէն Պիպեռեանի թողօնը պրպտելու նպատակով այցելեցի արձակագրի դստեր՝ տիկին Թիլտա Մանկասարեանի բնակարանը, Գատըգիւղի մերձ թաղամաս մը։ Տիկին Թիլտա Մանկասարեան եւ իր դուստրը՝ Արամեան վարժարանի ուսուցչուհի օր. Թամար Մանկասարեան տրամադրութեանս տակ դրին խաւաքարտէ մեծկակ տուփ մը, որու մէջ
Կարդալ աւելին
ԼԻԲԱՆԱՆՑԻ (Իսթանպուլէն գաղթած) արձակագիր Գեղամ Լ. Սեւանի((Գեղամ Սեւան, բուն ազգանունով Սվաճեան, ծնած էր Պոլիս, 1924ին։ Կրթութիւնը ստացած էր Վիեննական Մխիթարեան վարժարանին մէջ, ըլլալով դասընկերը ստանպուլահայ ապագայ գրողներ Ռոպէր Հատտէճեանի, Զահրատի եւ Զարեհ Խրախունիի։ Կարդալ աւելին
Կո­մի­տաս Վար­դա­պե­տ
Կո­մի­տաս Վար­դա­պե­տը դար­ձած է խորհր­դա­նի­շը հայ մշա­կոյ­թի ե­ղեռ­նե­ան նա­հա­տա­կու­թե­ան: Ան մնաց կեն­դա­նի մար­տի­րոս մը Հայոց ցե­ղաս­պա­նու­թե­ան ու հի­ւան­դա­գին վկան դար­ձաւ նաեւ ազ­գի մը մշա­կու­թային սպան­դին:­
     Ե­ղեռ­նե­ան գե­հէ­նէն յետս կո­չո­ւած, Կո­մի­տաս Պո­լիս կը հաս­նի 15 Մայիս 1915-ին: Բայց ար­դէն ի­սկ հո­գե­բա­րո­յա­պէս խե­ղո­ւած ու մտո­վի խա­թա­րո­ւած, ան զի­նա­դա­դա­րէն ե­տք, 1919-ի սկիզ­բը Կարդալ աւելին