ԲԱՌԵՐԷՆ մին է այս «արմատախիլ»ը, այնքան ընթացիկ դարձած որ կը թուի անբովանդակ։ Այսպէս ամեն անգամ երբ տուեալի մը յաճախակի երեւումը կը յաջողի սպառել կոչող անունը, կը վերածէ հասարակ տեղիքի, նոյնիսկ ու մանաւանդ եթէ հասարակացի մակարդակն է հոն խնդրոյ առարկայ։
Յօրինուած՝ չես գիտեր ինչ անհատական կամ համայնական դէպքի մը համար, գուցէ չարիք.... Կարդալ աւելին
 Հայաստանի Հանրապետութեան վաստակաւոր նկարիչ, Հայաստանի նկարիչներու միութեան անդամ՝ Արմէն Վահրամեանը ծագումով Հայաստանի Լոռի մարզի Արդուին գիւղէն է։        Աւարտած է Մարտիրոս Սարեանի անուան ուսումնարանի մանրանկարչութեան  եւ Երեւանի գեղարուեստա-թատերական հիմնարկի գծանկարչութեան բաժանմունքները։ Կ’ապրի եւ կը ստեղծագործէ Երեւանի մէջ։     Ցուցահանդէսներով հանդէս եկած է՝ Հայաստանի, Սպանիոյ, Հոլանտայի, Մալթայի, Ֆրանսայի Կարդալ աւելին
Ռազմիկ Շիրինեան
 Կեանքի եւ արուեստի հակոտնեայ միտքերու բախումը երկմտութեան աղբիւր եղած է ինծի համար, ճիշդ այնպէս ինչպէս քաղաքականութիւն եւ դիւանագիտութիւն՝ երկու հասկացողութիւնները, որոնք իրարմէ անջատ ու յաճախ իրար հակասող մտքեր եղած են դիտարկումներուս մէջ: Հաւանաբար հակասութիւններու միութիւն մը՝ լենինեան Կարդալ աւելին
ՎԱԽՃԱՆԱԿԱՆ փորձընկալումին պիտի վերադառնար Օշական 1948ին, Սիոնին յանձնած իր վերջին յօդուածով, որ լոյս տեսաւ յետ մահու։ Կը կոչուի «Միտք եւ սիրտ»։ Յօդուածաշարքի վերջաւորութեան (ուրեմն Սիոնի Յունուար-Փետրաուր 1949ի թիւին մէջ) խմբագրական ծանօթագրութիւն մը կայ, որ կ՚ըսէ. «Հոս կը վերջանայ ձեռագիրը Յ. Օշականի թէեւ կցկտուր, բայց սրտայոյզ ու հոգեւին զգացուած արտայայտութիւններուն, «Միտք եւ սիրտ» խորագիրին տակ։ Ձեռագիրը Կարդալ աւելին
Կու գաս դժուար՝ ինչպէս նշոյլը յոյսի։

Ով իմ ցնորք ապօրինի, գիտեմ... կու գաս
խշրտալէն ժամերու զսպանակին մէջ սառած 
եւ քեզի հետ, ընծաներու մահաբեր նաւեր, 
նաւե՜ր ատելութեան, նողկանքի։ 

Խաւար անհուն։ Մահուան բոցեր վհուկակերպ։ Ապականած
աւազներուն երազաբաշխ Կարդալ աւելին
Մահը ամէն տեղ էր: 
     Հրապարակները, պողոտաները եւ փողոցները դարձած էին սարսափազդու կրկէսներ, ամայի ռազմադաշտեր, ուր մահը կը ծիծաղէր, կը քրքջար, ուր դարանակալ դահիճներ անակնկալի կը բերէին պատահական զոհերը: 
       Վարձկան նշանառուներ, դիրք բռնած բարձր տանիքներու վրայ, անմեղ անցորդներ կ'որսային: Սպաննելու առիթը երբեմն այնքա՜ն Կարդալ աւելին
 «Cinquante ans de littérature arménienne en France» («Ֆրանսայի հայ գրականութեան յիսուն տարիներ») հատորը կը կարդամ իբրեւ հայ գրականութեան նախաճաշակս զարգացնող ճոխ ցուցակ մը։ Երբ անհանգիստ կը զգամ հայերէնէ անգլերէն թարգմանութիւն մը վերջացնելէ ետք, երբ կը ձանձրանամ Կարդալ աւելին
Նմանաձայնութիւնը (բաղաձայնոյթ եւ առձայնոյթ հայ բանաստեղծութեան ամենահին եւ տարածուած արտայայտչական միջոցներից է, որը լեզուին յատուկ երաժշտականութիւն եւ ռիթմ է հաղորդում, ստեղծում երկի ընկալման համապատասխան տրամադրութիւն: Մ. Աբեղեանը, խօսելով Գր. Նարեկացու ստեղծագործութիւններում այս միջոցի... Կարդալ աւելին
Եդուարդ Պօյաճեան հայ գրականութեան մէջ մուտք գործած է բանաստեղծութեամբ: Ինքնակենսագրական համառօտ ուրուագծէ մը կը տեղեկանանք, որ գրել սկսած է շատ կանուխէն, բայց գրածները տպագրել տուած 1932էն սկսեալ: Ա՛յդ ու յաջորդ տարին իր հրատարակութեան տուած կտորները մեզի անծանօթ կը մնան: Հաւանաբար օրաթերթերու մէջ ըրած է իր սկիզբը՝ «Ազդակ»ի, «Յուսաբեր»ի, կամ «Յառաջ» մէջ, որոնց հաւաքածոները, դժբախտաբար, հեռու մնացին մեր հասողութեան սահմաններէն: Իր ստորագրութեան առաջին անգամ հանդիպած ենք Կարդալ աւելին
Տուր ինծի ձայնդ
Սուատ Մասի
որպէսզի կոկորդիս մէջ գրկեմ ոռնացող աղմուկը քաղաքին
ջնջելու յիշողութիւնը բոլոր գիշերներուն բազմադրուագ
ուր բնակեցայ իբրեւ վերջին արթուն պահակը
                                     արցունքի ու մահուան
                                                            կախուած
Կարդալ աւելին
գորգոն մեդուսա

   ճիշդ է, ճիշդ է ուսերիս հորիզոնականն առանց
  պարանոցի,
   ու էլ օձ ձայները ներս չեն սողոսկի,
   ես պարտուողների սերնդից եմ,
   քո թառափային բերանն ինձ զսպաշապիկ չի
  հագցնի
   աստծուց զուրկ, ոսկորներից ծանրացած... Կարդալ աւելին
Ես, դուն եւ ժամանակը

    Գոյներու աստղահոյլին մէջ մխրճուող
    Նաւը հատեց վերջին գիծը հորիզոնին,
    Ուր, աներեւոյթն էր անմեկնելի,
    Ձգեց վրձինիս վրայ երանգ մը անսովոր,
    Զոր մեքենական գիծեր կը մրոտէ
    Հիմա, պաստառին վրայ։

Կարդալ աւելին