Կը սիրեմ էութեանս մթին պահերը:
Միտքս կը խորանայ անոնց մէջ:
Կը գտնեմ հոն՝ հին նամակներու նման
օրերը կեանքիս, արդէն ապրուած,
դիմացած՝ առասպելի նման, եւ հասկցուած:
Յետոյ կը հասնի գիտնալու պահը - Կարդալ աւելին
25 յունուար 1948ին, իր մահէն շուրջ երեք շաբաթներ առաջ, Յակոբ Օշական հարցազրոյց մը շնորհած է Տիգրան Ոսկունիի, որ Մնացորդացի հեղինակին տուած է սփիւռքահայ գրականութեան վերաբերեալ շարք մը հարցումներ, ընդ որում՝ զրոյցի վերջին հարցը՝ Կարդալ աւելին
Շուշի
Ինձանից է սկսւում այս քարը. իսկ այս ծաղի՞կը, այս փուշը, այս երկինքը, այս օձը, այս… Իսկ ե՞ս ինչից եմ սկսւում։
Մուհամէդը եկաւ՝ բարեւ Սուրէն։ Սուրէնը էլի Սուրէնն էր։ Մուհամէդն ասաց՝ լաւ ցուլեր ունես, մէկը կը տա՞ս, տանեմ՝ մորթեմ։ Սուրէնը նայեց առանց կասկածի՝ քեզ փէշքէշ, որն ուզում ես։ Մուհամէդը մտաւ գոմ... Կարդալ աւելին
Ռոբերտ Եսայեան
ԻՄ ՏՈՂԵՐՆ Է ՋՆՋՈՒՄ
ԵՐԿԻՐՆ ԻՐ ՊՏՈՅՏՈՎ

Ես գրում եմ իմ անունը հայեացքում անցորդների
եւ ինքս ապրում… ժամանակից դուրս:
Իմ եւ բառի միջեւ աղօթում է լռութիւնը,
որպէս խաչքար:
Եւ ամէն տողից ցնցւում են հիմքերը տարածութեան: Կարդալ աւելին
Հերմինէ Աւագեան
Ես գալիս եմ քեզ մօտ գլխաբաց,
որ անձրեւներդ շոյեն արցունքներս
եւ ասեն, որ այս տարի
ձմեռ չի լինելու
ու գարունը արդէն ճամբայ է ընկել
դէպի քեզ․․․
Ես գալիս եմ քեզ մօտ ամէն օր
եւ շուրթերիս աղօթքներ եմ բերում,
որ համբոյրի հետ թողնեմ դէմքիդ,
մարմինդ... Կարդալ աւելին
Սոյն տողերը գրուած են Հարաւային Գալիֆորնիոյ USC համալսարանը՝ Դալար Շահինեանի կազմակերպած ակադեմական գիտաժողովին ներկայացուելու համար (USC, April 27, 2013)։ Գիտաժողովին ընդհանուր վերնագիրն էր՝ Independence and Beyond: In Search of a New Armenian Diaspora Post-1991 (Անկախութիւն եւ անկէ անդին։ Յետ-1991 նոր հայկական սփիւռքի մը ի խնդիր)։ Ենթադրութիւնը, կարծեմ, այն էր... Կարդալ աւելին
Կեանքիդ ո՞ր հանգրուանին անդրադարձար վերջնականապէս որ գրող կ՚ուզես ըլլալ։
Փոքր տարիքէս գիտէի որ գրող կ՚ուզեմ ըլլալ։ Միաժամանակ, մեծ փափաք ունէի պէյսպոլի (Major League) գնդակ արձակող ալ ըլլալ։ Թոմ Սիվըրը կուռքս էր։ Սակայն, կանուխէն բաւական յստակ էր ինծի, որ այդ մէկը պիտի չիրականանար։ Կարդալ աւելին
Մեծ հայրս վաթսունհինգ տարեկանին ամուսնացած էր Եղեռնին այրիացած երեսուն տարեկան մեծմօրս հետ, որ ունէր տասներկու տարեկան աղջնակ մը: Յաջորդ տարի ծներ էր մայրս, եւ հինգ տարի ետք — այո, հինգ տարի ետք – մօրեղբայրս: Այս իրողութիւնը մեծ հրճուանքով պատմեցի բանաստեղծ Աբրահամ Ալիքեանին, որ կը զարմանար թէ յիսունը... Կարդալ աւելին
ՊՈՀՃԱԼԵԱՆ ՔՐԻՍ © Aaron Spagnolo
Նախ զգաց շամփուի՝ անիսոն յիշեցնող միջինարեւելեան բոյր մը, եւ ապա անդրադարձաւ, աչքերը բանալով, որ պատուհանէն թափանցող լոյսը կը տարբերէր անձնակազմի գործածած պանդոկին սենեակի լոյսէն։ Առաւօտեան արեւը կը կաթկթէր բարակ գիծով առաստաղէն դէպի գետին, ուր վարագոյրները, հակառակ իրենց փարթամութեան, չէին հասներ ծածկելու կարպետը։ Աչքերը թարթեց, ո՛չ թէ... Կարդալ աւելին
Զա­պէլ Ե­սայե­ա­նի ե­ղե­րա­կան մա­հէն ո­ւթ­սուն տա­րի­ներ ե­տք տա­կա­ւին իր­մէ մնա­ցած է ան­տիպ նա­մակ­նե­րու հս­կայ քա­նակ մը, որ կը շօ­շա­փէ ան­ձնա­կան, ազ­գային եւ հա­սա­րա­կա­կան այ­լա­զան թե­մա­ներ, յատ­կա­պէս՝ Կի­լի­կի­ոյ որ­բախ­նամ աշ­խա­տան­քին ա­ռն­չո­ւող նիւ­թեր, ո­րոնք այն­քան կա­րե­ւոր են այդ շր­ջա­նի պատ­մու­թիւ­նը հա­մա­կող­մա­նի­օ­րէն ու­սում­նա­սի­րե­լու տե­սան­կիւ­նէն։ Այս... Կարդալ աւելին
Սեղանիս վրայ դրուած են Վեհանոյշ Թեքեանի բոլորովին վերջերս հրատարակուած երկու գրքերը՝ մէկը բանաստեղծութիւնների Աղօթքներ ուռկանի մէջ վերնագրով (ինքնատիպ եւ անսովոր վերնագիր, բայց արդարացուած եւ իմաստաւորուած՝ իր ներքին բանաստեղծական բովանդակութեամբ). եւ միւսը՝ յօդուածների եւ... Կարդալ աւելին
Ձեռքիս տակ են Խաչիկ Տէր Ղուկասեանի «Բագին»ի համար ղրկած քերթուածները: Առօրեայէն առնուած վիճակներ, որոնք կը ներկայացուին նոյնքան առօրէական պատկերներով եւ որոնք կրնան «անպատշաճ» համարուիլ մեր քերթողութեան համար, բայց ընթերցողը անմիջապէս կը դնեն ուղղակի յարաբերութեան մէջ բանաստեղծին հետ: Կարդալ աւելին
Խօսող լերան պատմութիւնը հատորը ի մի կը բերէ Վեհանոյշ Թեքեանի գրական խոհագրութիւններու շարք մը, գրուած՝ երեք տասնամեակներու ընթացքին (1984–2015)։ Հեղինակը իր հայեացքը սեւեռած է Սփիւռքի վրայ, ու այդ նպատակով՝ տարբեր ժամանակներու գրուած ու տարբեր Կարդալ աւելին
Հայաստանի առաջին հանրապետութեան հարիւրամեակին առթիւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Խաչիկ Պապիկեան» հրատարակչական հիմնադրամը 2019ի առաջին... Կարդալ աւելին
Նախ եւ առաջ յօդուածի ընթացքէն անկախ սա հաստատումը, որպէսզի ան չկորսուի պարբերութիւններու յորձանքին մէջ ու կասկած չմնայ անոր կեդրոնական կարեւորութեան. Սփիւռքի վերջին յիսնամեակի լաւագոյն մտածողները պէտք է փնտռել ոչ թէ քաղաքագէտներու, հրապարակագիրներու եւ... Կարդալ աւելին
Չորս տասնամեակէ ի վեր մեծանուն գրողին՝ Գուրգէն Մահարիի զաւակը՝ գրականագէտ Գրիգոր Աճէմեան նուիրուած է հօրը աւանդը բոլորիս ժառանգութիւնը դարձնելու մեծ գործին։ Ան սիրով ընդառաջեց հարցազրոյցի մեր հրաւէրին, հարցազրոյց, որ կը միտի ոչ միայն Մահարիի դէմքը ա՛լ աւելի պայծառացնելու, այլեւ մանաւանդ ծանօթացնելու արդէն մեծավաստակ Կարդալ աւելին
«Զուարթնոց» հանդէսի արխիւի քննութեան ընթացքին, ուրիշ նիւթերու կարգին, գտնուեցան Մ. Իշխանէն շարք մը քերթուածներ եւ քանի մը նամակներ՝ ուղղուած հանդէսի խմբագրին՝ Հրանտ Բալուեանի (1904-1968)։ «Զուարթնոց» ունեցած է հրատարակութեան քանի մը շրջաններ՝ 1929-էն մինչեւ գրեթէ խմբագրին մահը, բազմաթիւ ընդմիջումներով. ամսաթերթ... Կարդալ աւելին
­Ծա­նօթ ըն­տա­նիք մըն ե­նք։ Ըն­տա­նիք ը­սե­լով մեծ մայրս նկա­տի ու­նիմ ու հա­մեստ ան­ձս։ Եր­կու­քով կը բնա­կինք գլ­խա­ւոր պո­ղո­տայէն խիտ պու­րա­կով մը բաժ­նո­ւած եւ հո­ղին ամ­րօ­րէն խրո­ւած հաս­տորմ տու­նին մէջ։
     ­Մեծ մայրս բարձ­րա­հա­սակ ո­սկ­րուտ կին մըն է՝ լա­չա­կին տա­կէն ճակ­տին վրայ գա­հա­վի­ժող հի­նայո­ւած ա­ռատ մա­զե­րով։ Իր ձայնն իշ­խող է ու եր­բեմն չոր, սա­կայն շատ ան­գամ փա­ղա­քուշ... Կարդալ աւելին