Խօսող լերան պատմութիւնը հատորը ի մի կը բերէ Վեհանոյշ Թեքեանի գրական խոհագրութիւններու շարք մը, գրուած՝ երեք տասնամեակներու ընթացքին (1984–2015)։ Հեղինակը իր հայեացքը սեւեռած է Սփիւռքի վրայ, ու այդ նպատակով՝ տարբեր ժամանակներու գրուած ու տարբեր Կարդալ աւելին
Վահէ Օշական գոյութենապաշտ ներշնչումով՝ անհեթեթի գրողն է։ Անոր գոյութենապաշտութիւնը, որ կը սնանի եւրոպական, մասնաւորաբար՝ ֆրանսական յետպատերազմեան մթնոլորտէն, քննադատներու կողմէ յաճախ գրաւած է քննադատներուն ուշադրութիւնր, յատկապէս բանաստեղծական գործերուն պարագային։ Ինչ կը վերաբերի... Կարդալ աւելին
Հայաստանի առաջին հանրապետութեան հարիւրամեակին առթիւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Խաչիկ Պապիկեան» հրատարակչական հիմնադրամը 2019ի առաջին... Կարդալ աւելին
Նախ եւ առաջ յօդուածի ընթացքէն անկախ սա հաստատումը, որպէսզի ան չկորսուի պարբերութիւններու յորձանքին մէջ ու կասկած չմնայ անոր կեդրոնական կարեւորութեան. Սփիւռքի վերջին յիսնամեակի լաւագոյն մտածողները պէտք է փնտռել ոչ թէ քաղաքագէտներու, հրապարակագիրներու եւ... Կարդալ աւելին
Չորս տասնամեակէ ի վեր մեծանուն գրողին՝ Գուրգէն Մահարիի զաւակը՝ գրականագէտ Գրիգոր Աճէմեան նուիրուած է հօրը աւանդը բոլորիս ժառանգութիւնը դարձնելու մեծ գործին։ Ան սիրով ընդառաջեց հարցազրոյցի մեր հրաւէրին, հարցազրոյց, որ կը միտի ոչ միայն Մահարիի դէմքը ա՛լ աւելի պայծառացնելու, այլեւ մանաւանդ ծանօթացնելու արդէն մեծավաստակ Կարդալ աւելին
«Զուարթնոց» հանդէսի արխիւի քննութեան ընթացքին, ուրիշ նիւթերու կարգին, գտնուեցան Մ. Իշխանէն շարք մը քերթուածներ եւ քանի մը նամակներ՝ ուղղուած հանդէսի խմբագրին՝ Հրանտ Բալուեանի (1904-1968)։ «Զուարթնոց» ունեցած է հրատարակութեան քանի մը շրջաններ՝ 1929-էն մինչեւ գրեթէ խմբագրին մահը, բազմաթիւ ընդմիջումներով. ամսաթերթ... Կարդալ աւելին
­Ծա­նօթ ըն­տա­նիք մըն ե­նք։ Ըն­տա­նիք ը­սե­լով մեծ մայրս նկա­տի ու­նիմ ու հա­մեստ ան­ձս։ Եր­կու­քով կը բնա­կինք գլ­խա­ւոր պո­ղո­տայէն խիտ պու­րա­կով մը բաժ­նո­ւած եւ հո­ղին ամ­րօ­րէն խրո­ւած հաս­տորմ տու­նին մէջ։
     ­Մեծ մայրս բարձ­րա­հա­սակ ո­սկ­րուտ կին մըն է՝ լա­չա­կին տա­կէն ճակ­տին վրայ գա­հա­վի­ժող հի­նայո­ւած ա­ռատ մա­զե­րով։ Իր ձայնն իշ­խող է ու եր­բեմն չոր, սա­կայն շատ ան­գամ փա­ղա­քուշ... Կարդալ աւելին
Արամ Պաչեան
Պապի
              նամակը
                        Սեւին
Մեքենան՝ լճի ափին։ ճայթող լոյսը։ Կռիւը կողպէքի դէմ։ Ձեռքերդ ի զուր մի տաքացրու։ Դու ժամանակ չունես։ Բաց դուռը։ Փետրուարի ցրտին արիւնը ջրիկ չի մնում։ Խրուի ձեան մէջ։ Մտի տուն։ Կանգնի։ Հանի վերարկուդ։ Գլխարկդ։ Անցի խոհանոց, բաց ձախից երրորդ դարակը։ Լցրած... Կարդալ աւելին
1990-2000-ական թուականներուն, Փարիզի «Յառաջ» օրաթերթը սովորութիւնը ունէր Մեծ Եղեռնի տարելիցին հրատարակելու նմոյշներ այն թղթակցութիւններէն, որոնք 1915-ին Շաւարշ Միսաքեանի կողմէ ուղարկուած էին Պոլսոյ իր թաքստոցէն եւ Սոֆիայի «Հայաստան» եռօրեային մէջ լոյս տեսած։ «Հայաստան»ի հաւաքածոն բաւական հազուագիւտ է, բայց Վիեննայի... Կարդալ աւելին
 Նորվան արք. Զաքարեան իր «Առաջին ընթերցում Գրիգոր Պըլտեանի Կրկնագիր մարդը» վերնագրով յօդուածին մէջ («Բագին» 2016, թիւ 1-2) հրաշալի կերպով կը ներկայացնէ այս հատորը։ Ան մեզի կ՚ընծայէ տարբեր շերտերը այս եզակի գործին, որուն մէջ կ՚ուրուագծուին ինքնութեան հարցը, օտարութիւնը, եւ այդ օտարութեան փորձառութենէն վերածնող մարդը։
     Չեմ ուզեր գիրքին նիւթը դարձեալ ներկայացնել հոս, այլ կ՚ուզեմ Կրկնագիր մարդը Կարդալ աւելին
«­Հե­րոս ըլ­լա­լու հա­մար մի­նակ պի­տի ըլ­լաս»։ Այս­պէս կը բա­ցո­ւի Քրիս­տի­ան Բա­տի­կե­ա­նի «­Սու­փըր հե­րոս­նե­րը կը մեռ­նին ամ­րան» խո­րագ­րո­ւած հա­տո­րը։  Ու­շագ­րաւ վեր­նա­գիր մըն է, ո­րով ար­դէն կ՚ո­րո­շադ­րո­ւի նիւ­թին լա­րու­մը. սու­փըր հե­րոս­նե­րը՝ հա­կա­ռակ կար­ծո­ւա­ծին՝ կը մեռ­նին, գու­ցէ պէտք է մեռ­նին ո­րոշ ե­ղա­նա­կի մը։ Ա­սոր վրայ կը բար­դո­ւի յա­ւե­լե­ալ նշում մը  գիր­քին սկիզ­բը... Կարդալ աւելին
Գեղանկարը՝ Սեդա Մանուկեանի
Արուեստագէտ ըլլալէդ անկախ, նախ եւ առաջ անդրադառնանք տեղացիութեանդ եւ ինքնութեանդ հարցերուն։ Դուն քեզ ինչպէ՞ս կը բնորոշես, որպէս լիբանանցի՞, լիբանանահա՞յ, ամերիկացի՞, naturalized ամերիկացի՞, ամերիկահա՞յ...
Քսան տարեկանէս մինչեւ քսանհինգ տարեկան այս հարցը բաւական տանջած էր զիս, որովհետեւ Կարդալ աւելին
«կ՚ուզէի՛ տեսնել այս աշխարհի վրայ որեւէ ուժ,
որ բնաջնջէ այս ցեղը,
անկարեւոր մարդոց այս փոքր ցեղախումբը»
որուն պատմութիւնը վերջ պիտի գտնէ իր իսկ ձեռքով,
պատերազմները՝ բարոյականով բաւարարուած,
կառոյցները՝ դառնացած,
գրականութիւնը` աղաւաղուած,
երաժշտութիւնը` օտարացած,
աղօթքները` թատրոն դարձած: Կարդալ աւելին
Գ. արար

Յովնանի սենեակը: Պատերի տակ անկարգ թափուած են պոխչաներ եւ այլ ճամբու իրեր: ԽՈՐԷՆ (Մտնում է աջ կողմից` ձեռին մի կարճ դաշոյն, որ տնտղում է եւ ապա թաքցնում գօտկատեղում)։
— Ա՜խ:
ՆՈՒՆՈՒՖԱՐ (Մտնում է նրա յետեւից): Կարդալ աւելին
Ընկերներուս, որոնց ձայնն ու թախիծը իմ հետ է միշտ։
Լրագրութեան եւ բանաստեղծութեան միջեւ
Լրագրութեան մէջ գիծ մը կը կայ, որ կը տանի բառի անմահութեան։ Մենք լրագրողներս յաճախ բառերը հաշուելով կը գրենք, նիւթը պատկերացնելով, կէտերը նշելով ու մեր մտքին Կարդալ աւելին
Վահրամ Փափազեան, Օթելլոյի դերին մէջ, 1913, Իզմիր։
1964 թուականին Վահրամ Փափազեան (Պոլիս, 1888-1968, Երեւան) Երեւանէն երկտող մը կը յղէ Մուհսին էրթուղրուլին (Պոլիս, 1892-1979, Իզմիր)։ Յայտնի չէ, արդեօք հասցէատիրոջ ձեռքն անցա՞ւ ֆրանսերէնով գրուած այդ նամակը, ուր դերասանապետը փափաք կը յայտնէր անգամ մը եւս բեմ բարձրանալ Պոլսոյ կամ... Կարդալ աւելին
Ինչպէս ակնարկուեց, իմ պապ Ժորեսը որդուն իր հօր պատուին դրել էր Սամուէլ, չնայած որ իր եղբայրն արդէն ունէր Սամուէլ անունով տղայ։
     «Թող սիրտը կրկնակի փառաւորուի»,— ասել է պապս։
     Մէկ տարի չանցած՝ պապս ու տատս էլի զաւակ են ունեցել այս անգամ՝ աղջիկ, չնայած, աւելորդ է ասելը... Կարդալ աւելին
Նախ զգաց շամփուի՝ անիսոն յիշեցնող միջինարեւելեան բոյր մը, եւ ապա անդրադարձաւ, աչքերը բանալով, որ պատուհանէն թափանցող լոյսը կը տարբերէր անձնակազմի գործածած պանդոկին սենեակի լոյսէն։ Առաւօտեան արեւը կը կաթկթէր բարակ գիծով առաստաղէն դէպի գետին, ուր վարագոյրները, հակառակ իրենց փարթամութեան, չէին հասներ ծածկելու կարպետը։ Կարդալ աւելին
Իր Կեանքի ուղիներով շարքի երկրորդ հատորին մէջ, Սիմոն Վրացեան, այլ բաներու կարգին, կը նկարագրէ «Պսակ» ժողովածուի հրատարակութիւնը։
     1910-ի սկիզբները Փեթերսպուրկի դաշնակցական ուսանողութիւնը Եղիշէ Թոփչեանի յիշատակին կը կազմակերպէ գաղտնի սգահանդէս մը, նախագահութեամբ Խաչիկ Կարճիկեանի։ Սգահանդէսի աւարտին... Կարդալ աւելին
Ծ­րագ­րին մա­սին

           «Ար­մի­նէ, քոյրս»ի նիւ­թը կը յ­ղո­ւի Ի. դա­րու սկիզ­բը Ա­նա­տո­լո­ւի մէջ հայ ժո­ղո­վուր­դի պատ­մու­թե­ան եւ ա­նոր ծրագ­րո­ւած ո­չն­չա­ցու­մին։ Ան «Եւ­րո­պայի լռու­թե­ան» խն­դի­րը կը յա­րու­ցա­նէ մի­ա­ժա­մա­նակ ան­դրա­դառ­նա­լով վկայ ըլ­լա­լու եւ վկա­յու­թիւն մը ժա­ռան­գե­լու գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն։
     Ծ­րա­գի­րը ի­րա­գոր­ծո­ւած է ա­րո­ւես­տի եւ պրպ­տու­մի աշ­խա­տանք­նե­րու ը­նդ­մէ­ջէն, ը­նդ ո­րում հայ­կա­կան պատ­մու­թե­ան եւ ե­րաժշ­տա­կան Կարդալ աւելին
Բերիաշէն
                                Ե.

Տուրեանի հետեւելով, նախարարները իրենց դաւադրութեան աշխատանքը կը մշակէին խիստ գաղտնի պայմաններու մէջ։ Դաւաճանութեան հետքերը ծածկելու համար, Տուրեան սկսած էր նոյնիսկ կեղծ ժողովներ գումարել «էշ նահատակներով»:
Տուրեան հետեւեալ ձեւով կը գործէր. իր... Կարդալ աւելին