2017 թուականի Յունիսին Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնը իրականացրեց Շուշի. 48 ժամ լուսանկարչական նախագիծը, որի նպատակն էր ցոյց տալ մերօրեայ Շուշիի քաղաքային կեանքի ողջ գունապնակը եւ հասարակ քաղաքացուն իր առօրեայով։ Այս զրոյցը նախագծի համակարգող, վաւերագրող Կարդալ աւելին
գորգոն մեդուսա

   ճիշդ է, ճիշդ է ուսերիս հորիզոնականն առանց
  պարանոցի,
   ու էլ օձ ձայները ներս չեն սողոսկի,
   ես պարտուողների սերնդից եմ,
   քո թառափային բերանն ինձ զսպաշապիկ չի
  հագցնի
   աստծուց զուրկ, ոսկորներից ծանրացած... Կարդալ աւելին
«Լիբանանի մէջ... դիցուհիներ ոտաբոպիկ կը շրջէին հին երգերը շալերու պէս իրենց մարմիններուն փաթթուած...»
Վեհանոյշ Թեքեանի գործերուն մէջ այս նոյն կիներուն զանազան տարբերակները կը ճեմեն: Անոնք կ’անցնին էջէ էջ, կը ցատկռտեն տողէ տող. կը պահուըտին երկար ատեն, յայտնուելու համար կրկին՝ այլ էջի մը անկիւնը: Հին երգերը, նորերու հետ շաղախուած՝ կը յամենան զիրենք փաթթող շալերուն մէջ: Անոնք երբեմն լուռ են. հազիւ լսելի.. Կարդալ աւելին
Աշնան անձրեւոտ օր մը հայրս ինծի նայեցաւ մտահոգ ու ըսաւ.
– Մոռցանք քեզ դպրոց դնել։
Սիրտս փլաւ։ Զիս տեղ մը պիտի դնեն։ Կարծես առարկայ մը ըլլայի։
– Ամբո՞ղջ օրուան համար,- հարցուցի առանց դժգոհութիւնս յայտնի ընելու։
– Մինչեւ կէսօր։
 Հետեւեալ առտու հայրս տարաւ զիս Կարդալ աւելին
Վեհանոյշ Թեքեան
Սփիւռք օրհնառաք եւ անիծապարտ
Լոյսի նման ծննդազօր
ստուերի պէս սերմնապահ
Լոյսի նման միահեծան
ստուերի պէս ինքնակոչ
Ստուերի պէս բաժանելի
լոյսի նման ինքնասլաց
Լոյսի նման ընթեռնելի
եւ ստուերի պէս անտիպ... Կարդալ աւելին
1880-1910 երեսնամեակի անգլիական թէ ամերիկեան գրականութեան ամենէն ցայտուն դէմքերէն մէկն է Հենրի Ճէյմզ։ Ծնած էր Նոր Եորք 1843-ին. 1869-ին կը հաստատուի Անգլիա, ուր կ՚ապրի մինչեւ իր մահը 1916-ին։ Հեղինակն է տասնեակներով վէպերու, վիպակներու եւ պատմուածքներու, որոնցմէ ամենէն ուշագրաւ խորագիրներն են What Maisie Knew (1897), Կարդալ աւելին
Տուր ինծի ձայնդ
Սուատ Մասի
որպէսզի կոկորդիս մէջ գրկեմ ոռնացող աղմուկը քաղաքին
ջնջելու յիշողութիւնը բոլոր գիշերներուն բազմադրուագ
ուր բնակեցայ իբրեւ վերջին արթուն պահակը
                                     արցունքի ու մահուան
                                                            կախուած
Կարդալ աւելին
Վահէ Օշական
1972, Օգոստոս 14, կէսօրէ ետք ժամը չորսը քառորդ անց։
***
Չորս մեթրով երեք մեթր է ճաշասենեակը։ Էրիկ կնիկ նստեր են դէմ դիմաց ու քառակուսի գիծերով գոց կարմիր մոմլաթ կայ քառակուսի սեղանին վրայ։ Պատերը մերկ են, անօթի ծարաւ ու անարձագանգ՝ ուր ամէն ինչ կը հատնի. Բաց է պատուհանը ու դիմացի տասյարկանի շէնքի Կարդալ աւելին
Դրացիները քահանայ մը բերին, դագաղ մը վարձեցին եւ Մարիամիկը տարին թաղեցին ամուսինին քով, որուն ոսկորները դեռ չէին չորցեր։
 Պառաւը ամբողջ ընթացքին գետինը նստած մնաց, «Աստուած հոգին լուսաւորէ»ներն ու «հողը թեթեւ գայ»երը չլսեց կարծես։
     Երբ դրացիները քաշուեցան, պաղ մը ինկաւ սենեակին մէջ, պատուհանին կոտրած ապակիէն ներս նայող հովը ծաղրանք թուեցաւ... Կարդալ աւելին
 Պիտի գրես, պիտի գրես, եւ անպայման խելացի բան մը դուրս պիտի բերես։
 Անկարելի է որ այդքան գիրքեր կարդալէն ետք, այդքան դասախօսութիւններ լսելէն ետք, այնչափ տեղեկութիւն կլլելէն ետք ըսելիք խելացի բան մը չունենաս։
 Միտքը՝ կղզի մը անիրականութեան ծովու մէջ. յոյս մը, որ բան մը կայ իրմէ դուրս. վստահութիւն մը, որ երբ քար կը տեսնուի, քար կայ։ Կարդալ աւելին
Սեւան Տէյիրմենճեան (Լուսանկար՝ տոքթ. Արի Տէմիրճեանի)
 Պոլսոյ ձկնորսները՝ Սիտեաճը Սերքօն, Քարիտեզճի Սիրիկը, Կումիկը եւ միւսները, զորս Երուխանով կը ճանչնանք, դեռ կը տեւէին Ի. դարակէսին ալ, գնդուած Գումգաբուի մէջ, թաղի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ շուրջ։ Ձկնորսներու եկեղեցին կայ դեռ՝ անոնց երկ-երկու լումայ նուէրներով պճնուած, բայց ձկնորսները ոչ եւս են։
 Տաճատ ռէյիս, Յուսիկ ռէյիս, Գրիգոր ռէյիս, Հայկ ուստա, Գէորգ ռէյիս... Անուններ, որոնք Կարդալ աւելին
Երբ առաջին անգամ փորձեցի խօսել Թամար Պոյաճեանի Ինչ որ է ան է գրքի մասին, հասկացայ, որ նմանատիպ պոէզիայի մասին խօսելու աւանդոյթ չունենք, ու դա է պատճառը, որ դժուարանում եմ որեւէ տեղից սկսել. որտեղից էլ որ փորձում էի սկսել, գիրքն անընդհատ «սայթաքում» էր ձեռքիցս։ Այդ ժամանակ էր, որ անդրադարձայ. այսպիսի բանաստեղծութեան... Կարդալ աւելին
Վեհանոյշ Թեքեան
Փափուկ արեւներ
Փափուկ լուսնահար արեւներ
Լուսնահար, դեղնախայտ սենեակներ։
Աղմկոտ մթութեան կաթիլները հաւաքած
ծովե՜ր ծովե՜ր կը շինէի.
Մեծհայր մեծմայր ամէնքս մէկ՝ Կիրակի կէսօրէ ետք
Կանաչ պատերով սենեակի քիլիմին վրայ կեդրոնացած
Կարդալ աւելին
 – Բոլորովին անընդունելի՛ է։ Ա՛նընդունելի։
– Գիտեմ։
– Ահռելի բան է, եւ ո՛չ ոք կ՚անդրադառնայ ատոր։
Ատոմ եւ իր ընկերը նստած են դէմ դիմաց, զգալիօրէն վրդոված։ Պատուհանէն դուրս արեւը մերթ կը յայտնուի ամպերուն ետին, վայրկեանի մը համար գաղջ ջերմութիւն կը սրսկէ սենեակէն ներս եւ ապա կրկին կը կորսուի։
Ատոմին կինը, որ քիչ մը անդին... Կարդալ աւելին
Տան պարտէզի յետնամասը

   Տան ­պարտէզի ­յետնամասի
    ­ դռնակը ­բա՛ց­ ու ­լուռ­ դիտէ՛,­-
   պիտի­ գտնես­ գողտրիկ­ աշխարհ­ մը ­անեղծ,
   որ­ կը­ մ­նայ­ մ­իշտ­ ծածկուած ­աչքերէ:­

   Պիտի ­գտնես ­յուշերուն ­մէջ­ անցեալի
   աշխարհ ­մը­ նուրբ ­ու ­մոռցուած ­երեւի, Կարդալ աւելին